Արխիւ
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Բազմաթիւներու կողմէ յաճախ կ՚ընդգծուի աշխատութեան եւ աշխատասիրութեան կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը։ Ըստ Պերթրանտ Ռասըլի, աշխատասիրութիւնը չափազանցուած առաքինութիւն է։
ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Տեսարանը միեւնոյնն է.
Ամառ,
Քրտինք
Եւ երեւակայութիւն մը,
Որ հորիզոնէն անդինը
Տեսնելու անկարող է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնաւ մատնուա՞ծ էք շփոթ վիճակի մը երբ հայու մը հետ ծանօթացած էք եւ հարցուցած դուք ձեզի, թէ արդեօք հայերէն կը խօսի՞։ Արդարեւ, շատ հակասական կը թուի թէ՛ հայ ըլլայ մէկը եւ թէ՛ հայերէն չխօսի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հաւանաբար քիչ մը տարօրինակ հնչէ, սակայն ճշմարտութիւն է որ մարդ իր կեանքի ընթացքին ամենէն շատ վնասն ու վիրաւորանքը օտարաներէ աւելի կը ստանայ իր սիրելիներուն կողմէ՝ յաճախ գիտակցաբար եւ յաճախ ալ անգիտակցաբար:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1904)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կը շարունակենք բժշկապետ Վահան Արծրունիի «Բժիշկի զրոյցներ» շարքի գրքոյկներուն արեւմտահայերէնի վերածումը եւ մեր ըներցասէրներու ուշադրութեան յանձնելը զանոնք: Այս եւ յաջորդ գրութիւններով բժշկապետին «ԽՈԼԵՐԱՅԻ ՄԱՍԻՆ» գրքոյկը պիտի ներկայացնենք, որ գրուած է 1904-ին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կ՚ըսեն, որ կարեւորը երկար ապրիլը չէ, այլ արդիւնաւոր եւ մարդկութեան օգտակար ապրիլն է։ Լաւ ապրիլ, արդիւնաւոր ապրիլ՝ երկար ապրելու հետ կապ չունի։ Ուստի, պատմութիւնը կը վկայէ մարդոց, որոնք կարճ ապրած են, բայց շատ օգտակար գործեր արտադրած են։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Նուազագոյնը մէկ անգամ անպայմանօրէն հանդիպած ըլլալու էք անձի մը, որ ձեզի պատմէ իր հետ կատարուած հրաշքի մը տեսութեան մասին. հաւանաբար երեւակայածին նկատած էք այդ մէկը, սակայն առ ի յարգանք համբերութեամբ շարունակած էք «ականջ կտրած» ունկնդրել եւ կամ ալ իրապէս հաւատալով փառաբանակից դարձած էք... սակայն հարցը միշտ մնացած է նոյնը. հրաշքները ճշմարտութի՞ւն են, թէ ոչ երեւակայութեան ծնունդ:
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի առաջին դէմքերու միջեւ այսօր տեղի կ՚ունենայ՝ ֆութպոլային դիւանագիտութեան շրջանէն ի վեր առաջին երես-երեսի տեսակցութիւնը:
Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հետ հանդիպման զուգահեռ՝ Նիկոլ Փաշինեան քառակողմանի ձեւաչափով կը մէկտեղուի նաեւ Էմմանիւէլ Մաքրոնի, Շարլ Միշելի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Օրթագիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան ընդառաջ Կապոյտ ցանկի ներկայացուցիչները երէկ խմբագրատունս այցելեցին:
Սեւան Շէշէթեան, Արէտ Բարունակեան եւ Առէն Կիւնպիլիր բացատրութիւններ տուին իրենց սկզբունքներուն շուրջ՝ շեշտելով համայնքէն ներս համերաշխութեան կարեւորութիւնը:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պատուեց Ս. Փ. Ազգային հիւանդանոցին մէջ երէկ կազմակերպուած պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, որու ընթացքին բարձր գնահատեց հոգաբարձութեան գործունէութիւնը:
Պետրոս Շիրինօղլու յուշանուէր մը յանձնեց Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլին: Համայնքային շրջանակները ողջունեցին գթութեան յարկէն ներս կեանքի կոչուած վերջին նախագծերուն փայլուն արդիւնքը:
ARA KOÇUNYAN
Gazetemizde cemaat vakıfları seçimleriyle ilgili yayımlanan Türkçe söyleşi dizisinin yankıları sürüyor. Yaklaşık iki saat süren asıl söyleşi ve telefonla alınan diğer görüşlerde, yoğun konuşma ortamında yaşanan bazen fokus bazen de anlam kaymaları karşımıza iki açıklama yayımlama zarureti doğurdu.
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Սիրով շաղախուած ամէն բան քաղցր է ու անուշ: Սէրը աշխարհի համն է, քանզի Աստուած ինքնին սէր է: Իւրաքանչիւրս ունի սիրոյ կարիք:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի երկինքը մոխրագոյն դարձած է: Ամբողջ ամրան, հակառակ այրող արեւին եւ անդիմադրելի տօթին, երկինքը պարզ չէր… Սեպտեմբեր ամսուն ա՛լ աւելի մոխրագոյն դարձաւ երկինքը, երբ պատերազմին շունչը կրկին մտաւ մեր երկիր, որու վերքերը տակաւին չէին լաւցած:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան նախընթաց օր Պատրիարքարանի մէջ հիւրընկալեց՝ յառաջիկայ ընտրութիւններուն Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու համար թեկնածու հանդիսացած Կապոյտ ցանկի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Սարգիս Չեթինքայայի։
Այս շաբաթավերջին նախատեսուած է Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ եւ Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան պիտի հովանաւորէ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները, որոնց ընդառաջ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանը, որուն ընկերացան Դաւիթ Տամլա եւ Մուրատ Շիրին։
SAHAK II
Cemaatimizde bu günlerde en hummalı tartışmalar şüphesiz Ortaköy Kilisesi Vakfı seçimleri üstüne yürütülmektedir. Bazı çevrelerin ısrarlı bir biçimde benim bu seçimlerde taraf olduğum propagandasını yapması ve beni hiç olmadığım yerlerde gösterme gayretleri, böyle bir yazıyı kaleme almaya beni sevk etti.
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կ՚ակնկալէի, որ երկու նախագահներուն՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի եւ Ռոպերթ Քոչարեանի առընթեր, խօսէր նաեւ Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան, սակայն այդ մէկը տեղի չունեցաւ։
Ատրպէյճան երէկ Հայաստանին յանձնեց 17 ռազմագերի։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ հրապարակուեցան անոնց անունները։
Söyleşimizin genelinde dikkatler İstanbul ikinci bölge üzerinde yoğunlaşıyor. Hem kronolojik olarak ilk oylamanın Ortaköy Vakfı için yapılıyor olması hem de bölgenin yoğunluğu bu durumu anlaşılır kılıyor.
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
-Ի՞նչ պիտի ըլլայ... այսպէս մինչեւ ո՞ւր...
Վախի ու անհանգստութեան որդը մտած է իւրաքանչիւր հայու, հայաստանաբնակի մէջ: Բոլորը մտահոգ ու անհանգիստ են: