Արխիւ
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի տեղեկագիրով՝ մեռնելի լեզուներու շարքին յիշուած արեւմտահայերէնը, հայ իրականութեան մէջ ուշացած թուացող ահազանգ կը հնչեցնէ: Որքան ալ քաղաքականացած համարուին ՄԱԿ-ի կամ որեւէ միջազգային կազմակերպութեան մը տեղեկագիրները, ներհայկական դաշտի գիտա-առարկայական արժեւորումները տեւաբար կարեւոր կը մնան, իսկ հիմնական պետական կառավարական կառոյց չունենալու ու անկէ բխած տեղեկատուութեան ու վիճակագրութեան պակասի իրողութիւնը՝ հայկական դասական սփիւռք անուանուած զանգուածը յաճախ կը դնէ անել կացութիւններու դիմաց:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կը շարունակենք Գերպ. Վաղինակ Ծայրագոյն Վարդապետին հարցում-պատասխանով տուած բացատրութիւնները սուրբերու բարեխօսութեան մասին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բոլոր գետերը ծովը կը թափին, բայց ծովը չի լեցուիր»։
Ասիկա ճշմարտութիւն է հոգեւոր հասունութեան նկատմամբ։ Սիրելի՜ բարեկամ, պէտք է որոշ վերապահութեամբ մօտենալ Ժողովի Գիրքին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայկական հին ժողովրդական խօսք մը հետեւեալը կ՚ըսէ. «Ամուրիին համար կնիկ ծեծելը դիւրին է» եւ զարմանալի չէ, որ նման իմաստուն խօսք մը մեր՝ հայութեանս մէջ ծնունդ առած է, որովհետեւ մեզի համար դիւրին է այն ամէնը՝ որուն մասին ամենէն չնչին գիտութիւնն ու տեղեկութիւնը չունինք:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Զարթօնքի սերունդի ծնունդէն ետք, մանաւանդ Յարութիւն Ալփիարով, Օտեանով, Պարոնեանով եւ ուրիշներով յառաջ եկաւ սերունդ մը, որ սուր քննադատութեան փոխարէն նախընտրեց գործածել երգիծանք ու հեգնանք՝ նոյնիսկ ամենէն զգայուն եւ վտանգ սպառնացող երեւոյթները ներկայացնելու համար:
Սթոքհոլմի մէջ, Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ Քուրանի հրկիզումը բողոքի մեծ ալիք մը ստեղծեց:
Պատրիարքական Աթոռն ու ԹՎՄ խիստ յայտարարութիւններով դէպքը պախարակեցին յանուն համայնքին:
Համայնքային շրջանակները անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւին Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան գործընթացին։ Մարտի 12-ին նախատեսուած քուէարկութեան ընդառաջ, ատենապետ Խաչիկ Սարըլըի կողմէ գլխաւորուած ընտրական մարմինը ամբողջ թափով յառաջ կը տանի կազմակերպչական աշխատանքները։
Երեւանի Օփերայի եւ պալէի թատրոնը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 90-ամեակը։ 1933 թուականին Երեւանի Օփերայի եւ պալէի թատրոնը «Ալմաստ» օփերայի բեմադրութեամբ սկսած էր իր ճանապարհորդութեան։
Լաչինի միջանցքը կը շարունակէ մնալ փակ եւ Լեռնային Ղարաբաղը՝ կտրուած Հայաստանէն եւ աշխարհէն։ Արցախի պաշարումը կ՚ընթանայ դէպի 45-րդ օրը։
«Պոլիս լուսատու» լուսանկարիչներու նորաստեղծ հարթակը իրականացուց առաջին հանդիպումը:
Նախաձեռնութիւնը լուրջ հորիզոններ կ՚ուրուագծէ բնագաւառի վարպետներու համագործակցութեան առջեւ:
Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ ամենապատիւ պատրիարքները երէկ կէսօրուան ժամերուն Յորդանան գետի ափին էին:
Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան այս առաւօտ պատարագեց Ս. Յարութեան տաճարին մէջ, Տիրոջ Լոյս գերեզմանին վրայ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերլուծաբան Բենիամին Պօղոսեան համոզուած է, թէ Լաչինի միջանցքի խնդրով Ռուսաստանի դէմ հնչած դժգոհութիւնները դրական արդիւնք մը պիտի չապահովեն։ Արցախի առկայ պաշարումով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ շօշափեցինք յայտնի վերլուծաբանին կարծիքները, որոնք կը ներկայացնենք ստորեւ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ Գրատպութեան թանգարանին մէջ, հայերէն առաջին գիրքին, առաջին հայերէն տպագիր թերթին, հայերէն առաջին քարտէսին եւ հայ գրատպութեան այլ առջինեկներուն քով ցուցադրուած է նաեւ հայերէն առաջին տպագիր սահմանադրութիւնը՝ «Որոգայթ փառաց»ը: Այս տարի կը լրանայ իրաւունքի կարեւորագոյն այդ փաստաթուղթին 250-ամեակը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կ՚ըսեն, որ ճշմարտութիւնը գաղափարներու բախումէն ի յայտ կու գայ։ Ճի՛շդ է, քանի որ ճշմարտութիւնը մէ՛կ է եւ գաղափարներ, համոզումներ, հաւատալիքներ որքան ալ շատ եւ բազմաթիւ ըլլան, ի վերջոյ ճշմարտութեան կը յանգի։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
«Ի՞նչ է կեանքին իմաստը». փիլիսոփայական հարցումը տարբեր մարդոց կողմէ կրնայ այլազան կերպերով ընկալուիլ, իսկ «իմաստ» բառի երկիմաստութիւնը այստեղ տարբեր հարցումներու ալ ծագում կու տայ. «Ի՞նչ է կեանքին ծագումը», «Ի՞նչ է տիեզերքի եւ կեանքին բնոյթը», «Ի՞նչ բանը կեանքը աւելի արժէքաւոր կը դարձնէ», «Ո՞րն է մարդու կեանքին նպատակը»։
Խոր ցաւով տեղեկացանք, որ իր մահկանացուն կնքած է ազգային երախտաշատ բարերար Հայկ Տիտիզեան, որ թէ՛ սփիւռքի եւ թէ ընդհանրապէս հայաշխարհի տիրական դէմքերէն մին էր։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան աղբիւրներն ալ երէկ գուժեցին, որ ի Տէր ննջած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մեծանուն բարերարներէն Հայկ Տիտիզեան։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս օրերուն կը շրջի Սուրբ Երկրի հիւսիսի Տէրունակոխ սրբավայրերը, իսկ վաղը Յորդանան գետի ափին Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան հետ կը մասնակցի աւանդական արարողութեան:
Նորին Ամենապատուութեան դէպի Երուսաղէմ ուղեւորութիւնը պիտի եզրափակուի Ս. Յարութեան տաճարէն ներս, Քրիստոսի Լոյս գերեզմանին վրայ մատուցելիք Սուրբ Պատարագով: Պոլիսէն կազմակերպուած ուխտագնացութեան մասնակիցները վառ տպաւորութիւններով, հոգեւոր խոր ապրումներով կը հետեւին իրենց բազմակողմանի ծրագրին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տ. Մեղրիկ Եպիսկոպոս Բարիքեանի յիշատակին, որ երկու տարի առաջ այս օրերուն զոհ գնաց «քորոնա» կոչուած չարիքին։
Յաճախ կ՚ակնարկենք այն օտարումին մասին, որ մեր մէջ կայ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան Ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 58.13-59.7:
Պօղոս առաքեալին Տիմոթէոսին ուղղած առաջին նամակէն 4.12-5.10:
Յովհաննէսի Աւետարանէն 3.13-21:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի «Համապատում»ին նախաբանը՝ ուր պիտի գտնենք եւ վերյիշենք ճշմարտութիւններ՝ որոնք յաճախ կ՚անտեսուին…