Արխիւ
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Շարլ Ազնաւուրի մասին շատ խօսուած ու մելան հոսած էր իր կենդանութեան: Շատ խօսուեցաւ ու գրուեցաւ, նաեւ՝ յետմահու:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, թէ մարդ միշտ ունի թերութիւններ եւ տկարութիւններ, որոնք կը ստեղծեն տարակոյսներ, անորոշութիւններ։ Մարդ շատ անգամ կը դժուարանայ հաւատալու որեւէ «իրողութեան»՝ որքան ալ ան ըլլայ «ճշմարտութի՛ւն»։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
-Ձեր Հայաստան գտնուելու պատճառը «Հայաստան 2018 - Իրողութիւն եւ հեռանկարներ» խորագրեալ գիտական համաժողովն էր, ուր նաեւ ելոյթ ալ ունեցաք։ Ի՞նչ կրնաք ըսել այդ ժողովին մասին:
-«Հայաստան 2018 - Իրողութիւն եւ հեռանկարներ» համաժողովը կազմակերպուած էր Տքթ. Աշոտ Ոսկանեանի եւ Տքթ. Սիրանոյշ Դւոյեանի կողմէ՝ առաջինը փիլիսոփայ, երկրորդը՝ գրականագէտ:
Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմի տանտիրութեամբ՝ Անթալիայի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Եւրոասիոյ երկիրներու խորհրդարաններու նախագահներու երրորդ հաւաքը։ Ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Եդուարդ Շարմազանովի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը։
Դեկտեմբերի 9-ին խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ կը նախատեսուին Հայաստանի մէջ:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Արա Պապլոյեանի եւ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:
Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան Երեւանի գագաթաժողովի ծիրէն ներս հաւաքներ:
Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը պատրաստուի հիւրընկալել Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնը:
Հայաստանի մէջ իրականացած «թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը նոր իրականութեան մը առջեւ դրաւ համայն հայութիւնը - Հայաստանի թէ արտերկրի մէջ - եւ մենք հետզհետէ պիտի վարժուինք այդ նոր իրականութեան ծալքերուն եւ հետեւանքներուն: Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած շարժումը վերափոխեց ընկերային ու քաղաքական կարգ ու սարքը հայրենիքի մէջ, ստեղծելով քաղաքական նոր մշակոյթ մը, զոր կը ցանկար Հայաստանի քաղաքացին եւ որ դուրս կը մնար անոր հասողութենէն:
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը վերջերս լոյս ընծայեց «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ի 38-րդ հատորը։ Վերջին շրջանին համալսարանէն հասած հաճելի լուրերու շարքին միշտ տեղ կը զբաղեցնեն հանդէսի հերթական համարներու հրատարակութեան առթիւ կազմակերպուած շնորհանդէսները։
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ ձեռք բերուած Սոչիի համաձայնութեան հիման վրայ՝ Սուրիայէ ներս վերջին օրերուն տեղի կ՚ունենան կարեւոր իրադարձութիւններ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Իտլիպ քաղաքը կը դատարկուի ծանր զէնքերէ։ Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ ապահովուած համաձայնութեան հիման վրայ որոշուած էր Իտլիպն ու շրջակայքը վերածել՝ բախումներէ զերծ գօտիի մը։
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի ուշագրաւ խմորումները կը շարունակուին։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յամառ ջանքերով մթնոլորտ կը ձեւաւորէ՝ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները ժամ առաջ կազմակերպելու ուղղութեամբ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ներկայ ամսուան մէջ պիտի այցելէ Իտալիա։ Վեհափառ Հայրապետը պիտի նախագահէ Միլանոյի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ օծման 60-ամեակի յոբելենական հանդիսաւոր արարողութիւններուն։ Հոկտեմբերի 21-ին նախատեսուած են Միլանոյի արարողութիւնները եւ այս առթիւ շրջանի հայութիւնը կը պատրաստուի խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալելու Նորին Սրբութիւնը։
Կեչառիսի պատմական վանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ երդիքին տակ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս ծառայութեան կը կոչուին երիտասարդ հոգեւորականներ:
Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ եւ Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ այս շաբաթավերջի տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանի սեմին:
Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդը համայնքին աջակցութիւնը կ՚ակնկալէ՝ կայուն թափով յառաջ տանելու համար իր բազմակողմանի գործունէութիւնը:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Արեւիդ մեռնեմ, սիրուն ճան»…
Փարիզի «Էնվալիտ»ներու պալատին մէջ տեղի ունեցած սգահանդէսին ժամանակ, ֆրանսացի զինուորականին կատարմամբ, այս երգը զարմանք եւ յուզմունք պատճառեց միլիոնաւոր մարդոց, որոնք թէ՛ ներկայ էին սգահանդէսին եւ թէ ուղիղ կապով աշխարհի զանազան վայրերէն կը հետեւէին մեծն Շարլ Ազնաւուրի հրաժեշտի արարողութեան:
Աշխատասիրեց՝ ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ, Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Զաւակները պարտաւոր են ծնողներուն հնազանդիլ.-
ա) Որովհետեւ Աստուած Ի՛նք պատուիրած է. «Զաւակնե՛ր, իբրեւ Տիրոջ հետեւորդներ՝ ձեր պարտականութիւնն է հնազնդիլ ձեր ծնողներուն, որովհետեւ ա՛յդ է շիտակը» (Եփ 6.1):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ լեզուաբանութեան հիմնադիրներէն Հայր Արսէն Այտընեան ծնած է Պոլիս, 1825 թուականին։
Վիեննայի Մխիթարեաններու մօտ, ան հետզհետէ կը հմտանայ մատենագրութեան, փիլիսոփայութեան, իտալերէնի, ֆրանսերէնի, անգլերէնի, գերմաներէնի, արաբերէնի եւ թրքերէնի մէջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այս օրերուն մամուլի ուշադրութեան կեդրոնին է Շարլ Ազնաւուրը։ Մարդը, արուեստագէտը, հասարակական գործիչը եւ զանազան ճակատներու վրայ հայութեան անունը բարձր պահած անկրկնելի Շարլը։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբին, հանդիսապետութեամբ թեմի բարեխնամ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Իզապէլ Պայրաքտարեանի մենահամերգը։ Ելոյթին ներկայ էին հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ խուռներամ բազմութիւն մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Խաչը զօրութիւն է՝ փրկութեան ճամբա՜յ։
5-րդ դարու կէսերուն, երբ Վաղարշապատ քաղաքի մէջ հայ գիրերու ստեղծիչ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց, արդէն տարիքը առած, փակեց իր աչքերը։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը շաբաթավերջին ձեռնարկեց նոր եղանակի բացման աշխատանքներուն։ Համոյթի թէ՛ մեծերու եւ թէ փոքրերու խումբերը շաբաթ կէսօրին համախմբուեցան Էսաեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ։