Արխիւ

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016

Յու­նա­կան Կիպ­րո­սի խորհր­դա­րա­նէն ներս Վարդ­գէս Մահ­տե­սեան պի­տի շա­րու­նա­կէ մնալ հայ հա­մայն­քի պե­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ՝ 2016-2021 շրջա­նին։ Փա­րի­զի «Նոր Յա­ռաջ» թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րով, Յու­նա­կան Կիպ­րո­սի Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Քոնս­տան­դի­նոս Նի­քո­լա­յի­տիս յայտ­նած է, թէ ընդ­դի­մա­դիր թեկ­նա­ծուի մը բա­ցա­կա­յու­թեան բե­րու­մով Վարդ­գէս Մահ­տե­սեան պի­տի մնայ այդ պաշ­տօ­նին գլու­խը։

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016

«Արաս» հրատարակչութեան կողմէ լոյս ընծայուած «Yok Hükmünde» գրքին գինեձօնը տեղի ունեցաւ Բերայի թանգարանին մէջ:
Ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու ներկայացուցչութեան եւ անոնց հոգեւոր կեդրոններու պաշտօնական կարգավիճակին վերաբերեալ հարցերը միշտ կը մնան այժմէական: Ձեռնարկի ատենախօսները շեշտեցին ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքին անվիճելի նշանակութիւնը:

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը վեր­ջերս յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րե­ցին զա­նա­զան ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րու շրջագ­ծով։

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր այց մը տուաւ Ա­սո­րի Ուղ­ղա­փա­ռաց Պատ­րիար­քա­կան Փո­խա­նորդ Մետ­րա­պո­լիտ Եու­սուֆ Չե­թի­նին։ Ի­րեն կ՚ըն­կե­րա­նար Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան։

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ճատ­րա­կի մրցա­շար­քը ե­րէկ հա­սաւ իր ա­ւար­տին։ 12-րդ մր­ցա­շար­քի եզ­րա­փա­կիչ հանգ­րուա­նին, թա­ղի «Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ պար­գե­ւատր­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն։

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016

«Գի­տու­թիւն՝ ա­մէն ին­չի հա­մար» կար­գա­խօ­սով Է­սաեան վար­ժա­րա­նը այս տա­րի վե­ցե­րորդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պած է գի­տա­կան խրախ­ճանք մը։ Միջ­վար­ժա­րա­նա­յին բնոյթ ու­նի այս ծրա­գի­րը, ո­րուն կը մաս­նակ­ցին իս­թան­պու­լա­հայ միջ­նա­կարգ­նե­րէն ա­շա­կեր­տա­կան խում­բեր։

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016

Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ մա­տու­ցուե­ցաւ Ս. Պա­տա­րագ, ձե­ռամբ՝ Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեա­նի։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Լե­ւոն Սրկ. Գու­յում­ճեան եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան գլխա­ւո­րու­թեամբ ե­րաժշ­տա­պետ Նշան Սրկ. Չալ­կը­ճեա­նի։

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մեր նա­խորդ գրու­թեան մէջ անդ­րա­դար­ձանք՝ մաս­նա­գի­տու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեան եւ ար­ժէ­քին, ո­րե­ւէ մար­զի մէջ եւ նաեւ Ե­կե­ղե­ցա­կան շրջա­նա­կի մէջ։ Ար­դա­րեւ մաս­նա­գի­տու­թեան պէտք ե­ղած ար­ժէ­քը ըն­ծա­յել, եր­բեք չի՛ հա­կադ­րեր իշ­խա­նու­թեան, աս­տի­ճա­նի կամ դիր­քի եւ ար­գելք չէ՛ ա­նոնց գոր­ծադ­րու­թեան։

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

​«Օ, բնու­թիւն Օ՜, մայր,
Մշտահ­ոլ­ով, մշտագ­ոյ եւ մշտատ­եւ...» (Ե. Չ.):

Չորեքշաբթի, Մայիս 11, 2016

«Արի տուն»ի պատրաստութիւններն ու սուրիահայոց օժանդակութեան խնդիրները:
Սրբազան Պապը Հայաստան այցին ընթացքին պիտի տեսակցի նաեւ գաղթականներուն հետ:

Չորեքշաբթի, Մայիս 11, 2016

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն զբա­ղեց­նել մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գը։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով՝ Ո­ւա­շինկ­թը­նի եւ Մոս­կուա­յի մի­ջեւ հեր­թա­կան ան­գամ քննար­կուե­ցաւ այս հար­ցը:

Չորեքշաբթի, Մայիս 11, 2016

​Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի 114-րդ պատգամաւորական ժողովը:
ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեան հռչակուեցաւ «Հայ Եկեղեցւոյ տարուան անդամը»:

Չորեքշաբթի, Մայիս 11, 2016

Շուէ­տի մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ ար­դէն զգա­լի է «Եւ­րո­տե­սիլ 2016»ի եր­գի մրցոյ­թին ո­գե­ւո­րու­թիւ­նը։ Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Սթոք­հոլ­մի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ մրցոյ­թի ա­ռա­ջին կի­սաեզ­րա­փա­կի­չը, ո­րու ար­դիւն­քին Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ի­վե­թա Մու­կու­չեան յա­ջո­ղե­ցաւ անց­նիլ ա­ւար­տա­կան հանգ­րուան։

Չորեքշաբթի, Մայիս 11, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան վա­ղը աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տայ Փա­րիզ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ան պի­տի հիւ­րըն­կա­լուի Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ժան-Մարք Էյ­րո­յի կող­մէ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 11, 2016

Պաղլար գաւառակին մէջ ոստիկանական ծառայողական ինքնաշարժ մը ենթարկուեցաւ յարձակման. 3 զոհ:
ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց բարձր կոմիսարութիւնը պախարակեց ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութեան արարքները:

Չորեքշաբթի, Մայիս 11, 2016

Ռու­սա­հայ հռչա­կա­ւոր գոր­ծա­րար Սա­մուէլ Կա­րա­պե­տեան այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Թուր­քիա։ Զբօ­սաշր­ջու­թեան, շի­նա­րա­րու­թեան եւ կա­լուած­նե­րու շու­կա­նե­րէն ներս շուրջ 5 մի­լիառ տո­լար հարս­տու­թիւ­նով մի­ջազ­գա­յին համ­բաւ ձեռք բե­րած ռու­սա­հայ գոր­ծա­րար ու բա­րե­րար Սա­մուէլ Կա­րա­պե­տեա­նի Ace զբօ­սա­նա­ւը Յու­նաս­տա­նի Սան­թո­րի­նի կղզիէն ե­րէկ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն մօ­տե­ցաւ Պոտ­րում։

Չորեքշաբթի, Մայիս 11, 2016

Իս­րա­յէ­լի Նա­խա­գահ Ռէու­վէն Ռիվ­լին ե­րէկ այ­ցե­լեց Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րա­նը, ուր մէկ­տե­ղուե­ցաւ այն ե­րեք պատ­րիարք­նե­րուն հետ, ո­րոնք կը տնօ­րի­նեն հա­մաք­րիս­տո­նէա­կան սրբա­վայ­րե­րը։ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեա­նի տան­տի­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս կա­րե­ւոր հա­ւա­քոյ­թը, ո­րուն ներ­կայ էին նաեւ տեղ­ւոյն յու­նաց եւ լա­տի­նաց պատ­րիարք­նե­րը

Չորեքշաբթի, Մայիս 11, 2016

Տա­տեան վար­ժա­րա­նի ա­ւար­տա­կան դա­սա­րան­նե­րու սա­նե­րը վեր­ջերս ու­ղե­ւո­րու­թիւն մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին դէ­պի Ե­գէա­կան։ 41 ա­շա­կերտ­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ խում­բը գլխա­ւո­րե­ցին տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամ եւ կարգ մը ու­սու­ցիչ­ներ։ Ու­ղե­ւո­րու­թեան ծրա­գի­րը ընդգր­կեց Ե­փե­սո­սը, Շի­րին­ճէն եւ Փա­մուք­քա­լէն։

Չորեքշաբթի, Մայիս 11, 2016

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Գալ­ֆաեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Տիա­նա Գամ­բա­րո­սեա­նը, ո­րուն կ՚ըն­կե­րա­նար դպրո­ցի նախ­կին շրջա­նա­ւար­տու­հի­նե­րէն Պես­սէ Քա­պաք։

Չորեքշաբթի, Մայիս 11, 2016

Սա­մա­թիոյ «Ա­ճա­ռեան» սրա­հին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ Սա­հա­կեան սա­նուց միու­թեան թա­տե­րա­խում­բին այս տա­րուան ներ­կա­յա­ցում­նե­րու շար­քի կա­լան։ Միու­թեան թա­տե­րա­խում­բը այս տա­րի կը բե­մադ­րէ «Այս ալ իմ կինս է» խո­րագ­րեալ խա­ղը, ո­րու բե­մադ­րիչն է Վոլ­քան Սա­րըէօզ։ Դե­րա­կա­տար­ներն են՝ Լիա­նա Իւ­նալ, Սե­ւան Սել­վի­լէր, Գա­րօ­լին Պեն­լի, Գրի­գոր Պա­լօղ­լու եւ Սե­լին Իլ­կէն։

Էջեր