Արխիւ
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան երէկ հիւրընկալեց Վագըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Տոց. Թորոս Ալճանը։ Սագըզաղաճի արքեպիսկոպոսարանի յարկէն ներս տեղի ունեցած զրոյցը անցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աւետարանի «Անառակ որդի»ին պատմութիւնը ծանօթ է շատերուն։ Յաճախ խորհրդածութիւններ կը կատարուին անառակ որդիին վրայ, բայց շատ անգամ կ՚անտեսուի, եւ իր մասին խորհրդածութիւն կատարելէ, զանցառութեան պատճառով կը զրկուին հետաքրքրուողներ։
Հայաստանի մէջ հագուստի արտադրութիւնն ու նորաձեւութիւնը այլեւս իրարմէ անջատ չեն զարգանար: Ստեղծուած է «5900 BC» հայկական վաճառանիշը, որ կը միաւորէ ոլորտի յառաջատար ընկերութիւններն ու նորաձեւութեան տուները:
Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու Գոնկրէսէն ներս Ապրիլի 24-ի նախօրեակին շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ հերթական հայկական բանաձեւ մը, որու նպատակն է 1915 թուականի դէպքերուն որպէս ցեղասպանութիւն ճանաչումը։
Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան յայտարարեց, որ յաջողութեան հասնիլ կարելի չէ՝ հայկական կողմին հետ զէնքի լեզուով խօսելով։
Պատմութեան հիմնարկին (Tarih Vakfı) նախաձեռնութեամբ, 2015 թուականի ոգեկոչման առաջադրութեամբ կազմակերպուած Հինգշաբթիի զրոյցներուն շարքը երէկ շարունակուեցաւ հետաքրքրական հանգրուանով մը։ Հերթական ձեռնարկին ատենախօսն էր Գոճաէլիի համալսարանի դասախօսներէն Օյա Կէօզէլ Տուրմազ։
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ բախումներն ու լարուածութիւնը կը շարունակուին։ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ կատարուած վերջին յարձակումները պատճառ դարձան երեք հայ զինուորներու մահուան։ Հայաստանի Քննչական կոմիտէի զին-ւորական քննչական ընդհանուր վարչութեան աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկ առաւօտ ժամը շուրջ 08.30-ին պատահած բախումներուն զոհ գացին՝ Յակոբ Խաչատրեան, Արշակ Յարութիւնեան եւ Եդուարդ Հայրապետեան։
Սերժ Սարգսեան երէկ Պրիւքսէլի մէջ տեսակցեցաւ Անկելա Մերքէլի եւ Տոնալտ Թուսքի հետ:
Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն շուրջ շինիչ երկխօսութիւն:
«100-րդ տարելիցին Առաջին աշխարհամարտին փաստաթուղթերը» խորագրեալ ցուցահանդէս՝ Օսմանեան արխիւներու յարկէն ներս:
Էրտողան. «Հայոց սփիւռքին ցեղասպանութեան պնդումներով արշաւանքը ուղղակիօրէն թշնամութիւն է մեր երկրին եւ ազգին դէմ»:
Սամաթիոյ Սահակեան Դպրաց Դաս-երգչախումբը վերջերս Մեծ պահոց Միջինքին առթիւ ուխտագնացութիւն մը կատարեց դէպի Կեսարիա, Իսքէնտէրուն եւ Վագըֆլըգիւղ։ Սեւան Ակօշեանի խմբավարութեամբ երգչախումբը իրականացուց Ս. Պատարագի երգեցողութիւններ գաւառի մեր այս երեք եկեղեցիներուն մէջ։
Հայ Կաթողիկէից Արքեպիսկոպոսարանին մշակութային նախաձեռնութիւնը։
Սեւան Տէյիրմենճեանի վարած ծրագրի առաջին փուլին խոշորացոյցի տակ էր Շահան Շահնուր։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը հարցազրոյց մը տուաւ «Արմէնփրէս» գործակալութեան։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ ներկայ տարուան տարելիցին եւ ըսաւ.
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Արարատի ստորոտին» խորագրեալ միջազգային մետիայի համաժողովի մասնակիցները։
Իսթանպուլի Արդի արուեստի թանգարանէն ներս երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Artists» ծրագրին շրջագծով ձեռնարկ մը, որու ատենախօսն էր Հայաստանէն արուեստաբան Սեդա Շէկոյեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուած բոլոր մարդիկը թանկագին շնորհներով օժտած ու զարդարած է։ Շատեր իրենց կեանքի ընթացքին զանազան առիթներէ ու հնարաւորութիւններէ օգտուելով, կարողացած են հասնիլ բարձր դիրքերու եւ կարեւոր պաշտօններու, ինչպէս նաեւ առաւել կամ նուազ չափով տիրանալ նիւթական բարիքներու։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի 11-րդ դասարանի աշակերտուհիներէն Տանիելա Պագըրճըօղլու մասնակցեցաւ Թուրքիոյ Գրողներու ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած գրական երեկոյթի մը։
«Նոր Զարթօնք», որ մաս կը կազմէ ՀՏՓ-ի մականին տակ գործող կազմակերպութիւններուն, Հայկական մշակոյթի եւ զօրակցութեան կեդրոնին մէջ երէկ հանրութեան ծանօթացուց ՀՏՓ-ի ցուցակով երեսփոխանական թեկնածու ներկայանալ փափաքող գործիչները՝ Մուրատ Մըխճըն, Ֆիլոր Ուլուքն ու Տիրէն Ճեւահիր Շէնը։
Մխիթարեան վարժարանի սրահին մէջ երէկ երեկոյեան կայացաւ շահեկան հանդիպում մը՝ «Թուրքիոյ մէջ հայեր.
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Միշտ խորհուրդ մը կ՚արթնցնէ զանգակը, երբ կը ղօղանջէ։
Զանգակին ղօղանջիւնը խորհրդաւոր է, քանի որ ան մարդս կը փոխադրէ բոլորովին տարբեր աշխարհ՝ մտածումներու եւ հոգեւոր ապրումներու միջավայր մը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
1970 թուականին հիմնուած Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութիւնը անցեալ քառասունհինգ տարիներուն ծաւալած է բեղուն գործունէութիւն։
Վաղը՝ Մարտի 20-ին պիտի նշուի Ֆրանսախօսութեան միջազգային օրը, մինչ երկրագունդի վրայ ֆրանսախօսներուն թիւը կը հասնի 550 միլիոնի ։