Արխիւ
2015-ի տարելիցի շրջանին «Tarih Vakfı»ի կողմէ կազմակերպուած ելոյթներու շարքը կը շարունակուի:
Տնտեսագէտ Նեւզատ Օնարան կալուածներու ձեռք փոխելու վերաբերեալ հարցերը մեկնաբանեց այն իրաւական ու քաղաքական գործընթացներու լոյսին տակ, որոնք Հանրապետութեան հիմնադրութեան առաջին տարիներուն հետ եւս առընչութիւն ունին:
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ կը շարունակուի Մեծ պահոց շրջանի բնորոշ ոգեւորութիւնը:
«Տեփօիսթանպուլ»ի երդիքին տակ եզակի ցուցահանդէս մը՝ 2015 թուականի մթնոլորտին մէջ:
Գրիգոր Սահակօղլու ստեղծագործական տաղանդով կը ներկայացնէ պարապութեան հէքեաթ մը:
Ամերիկեան Houstonia կայքի լրագրող Պիլ Վիաթրաք հրապարակած է յօդուած մը Հայաստանի եւ Վրաստանի մասին` առանձնացնելով այն ութ հիմնական պատճառները, որոնց համար կ՚արժէ այցելել այս երկիրները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անասուն մը զգացում ունի՞. եթէ կրնայ անգութ ըլլալ ըստ երեւոյթի, չի կրնա՞ր նաեւ գորովիլ, երբ փոխան անէծքի սէ՛ր կ՚ընդունի։
Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւնը (ԵԺԿ) տեղեկացուց, թէ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հիւրընկալեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը։
Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան, որ ներկայիս երեսփոխան է, որոշեց լքել «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան (ԲՀԿ) շարքերը։
Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամին տարեկան նախաձեռնութեան փայլուն արդիւնքները:
Երեկոյթին ներկայ գտնուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ յանձնեց պարգեւներ ու նուէրներ:
Ժընեւի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդին 28-րդ նստաշրջանը, որու ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ Եդուարդ Նալպանտեան:
«Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցւոյ աւերումը խորհրդանշական կապ մըն է մարդկութեան դէմ անցեալին ու այսօր գործուած յանցագործութիւններուն միջեւ», ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:
Շիշլի մարզակումբին կողմէ կազմակերպուած մրցաշարքերը, որոնք վերջին շրջանին արժանացան մարզասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան, ներկայիս հետզհետէ կը հասնին իրենց աւարտին՝ մրցանակաբաշխման խանդավառ հանդիսութիւններով։
«Tarih Vakfı»ի նախաձեռնութեամբ հրատարակուող «Toplumsal Tarih» պարբերականի Մարտ ամսուան թիւը արդէն լոյս տեսած է ճոխ բովանդակութեամբ։ Պարբերականի այս ամսուան թիւը կը բովանդակէ հայոց տեսակէտէ հետաքրքրական յօդուած մը, որու հեղինակն է Այհան Աքթար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Շատեր կը հարցնեն. «Ինչպէ՞ս ինքզինքս Աստուծոյ յանձնեմ»։ Արդարեւ, յանձնուիլ կը նշանակէ՝ հնազանդիլ։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի մէջ տեղի ունեցած վերջին համերգի թարմ տպաւորութիւններով հռչակաւոր արուեստագէտը հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին։
Շահան Արծրունի. «Գիտեմ, թէ մենք զօրաւոր կ՚ըլլանք միութեամբ, այդ մէկն ալ մեր ուժը, միութիւնն ու համախմբուածութիւնը մեզ կը զօրացնեն»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Շատեր կը հարցնեն. «Ինչպէ՞ս ինքզինքս Աստուծոյ յանձնեմ»։ Արդարեւ, յանձնուիլ կը նշանակէ՝ հնազանդիլ։
Թուրքիոյ եւ Թիւրքմենիստանի համագործակցութիւնը թափով կը զարգանայ՝ աստիճանաբար ստանալով ռազմավարական բնոյթ։
Ուժանիւթի բնագաւառէն ներս երկկողմանի այժմու յարաբերութիւնները կ՚ընդլայնուին Ատրպէյճանի մասնակցութեան հեռանկարներով։
Այսու կու գանք գոհունակութեամբ տեղեկացնել, որ հայ օրաթերթերու նահապետը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ այսօրուան դրութեամբ պաշտօնապէս հաստատած է իր համացանցային կայքէջը։ www.jamanak.com հասցէով մեր օրաթերթը արդէն սկսած է համացանցային աշխարհէ ներս ճանապարհորդութեան՝ իր գոյութեան երկրորդ հարիւրամեակին մէջ։ Այս նոր ոդիսականին մեկնարկը, բնականաբար, կու գայ բնորոշել ճամբաբաժան մը՝ արդի դարուն մէջ նաւարկութեան անհրաժեշտ նախադրեալներու պրիսմակէն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին վերիվայրումները միշտ կը դիտարկուին աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններու կամ «ռէէլ-փոլիթիք» ազդակներու տեսանկիւնէն։ Միւս կողմէ, առկայ անելը այն աստիճան խորացած է, որ արդէն երեւոյթը ուսումնասիրութեան առարկայ կը դառնայ նաեւ այլ տեսանկիւններէ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ փայլուն հանդիսութիւններ:
Փանոս Թերլեմեզեանի 150-ամեակին առթիւ ծաւալուն ծրագիր Գեղարուեստի պետական գոլէճի երդիքին տակ:
Շիշլի մարզակումբի երդիքին տակ կը շարունակուին մարզական ձեռնարկները։ Խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուած է, քանի որ վոլէյպոլի, պասքեթպոլի, ֆութսալի մարզաձեւերու աւելի քան երեք ամիս տեւած մրցաշարքերը կ՚արժանանան մարզասէր հասարակութեան մօտիկ հետաքրքրութեան։