Արխիւ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ աւարտեց իր եռօրեայ ուղեւորութիւնը՝ դէպի Եւրոմիութեան անդամ երեք երկիրներ։ Իր շրջագայութեան վերջին հանգրուանն էր Պուքրէշը, ուր ան հիւրընկալուեցաւ Ռումանիոյ Նախագահ Քլաուս Վերնէր Իոաննիսի կողմէ։
Փարիզի մէջ կազմակերպուած «Հետազօտութեան 100 տարին» քառօրեայ գիտաժողովի լոյսին տակ։
Մեհմէտ Փոլատէլի համոզմամբ, թալաններու գործընթացը տարրն էր ընդհանուր քաղաքականութեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երկու միաբանները նշանակուեցան նոր պաշտօններու։
Այս շաբթուան իւրաքանչիւր օրը կը կրէ «Աւագ» անուանումը եւ ունի իր խորհուրդը: Աւագ շաբաթը կը սկսի Ծաղկազարդի Կիրակիով` Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքով:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը արդէն յայտարարած է Աւագ Շաբթուան եւ Զատկուան արարողութիւններու ծրագիրը:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան 88-րդ համագումարին շրջագծով բազմակողմանի աշխատանք:
Մարդկային ներուժը հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ:
Երեւանի «Այբ» դպրոցի երդիքին տակ երէկ սկսած զրոյցներու շարքը այսօր կը շարունակուի Ամերիկեան համալսարանի յարկէն ներս:
Հնագէտները Հայաստանի մէջ շուրջ 3300 տարուան անցեալ ունեցող երեք սրբավայր յայտնաբերած են: Ըստ «International Business Times»ի, փորձագէտներուն կարծիքով՝ Գեղարօտի բլուրին գագաթը գտնուող ամրոցին մէջ յայտնաբերուած սրբավայրերը ժամանակուան իշխողներուն կողմէ կը գործածուէին` ապագան կանխատեսելու համար:
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Աւագ շաբթուան խորհրդանշական արարողութիւններուն առաջինը։ Սրբոց տասը կուսանաց յիշատակը ոչեկոչուեցաւ աւանդական արարողութեամբ։
ԱԳ կուսակցութեան Պաքըրգիւղի մասնաճիւղը երէկ պահքի սեղանով մը պատուեց փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչները։ Այսպէս, Ս. Զատկի տօնին ընդառաջ կուսակցական շրջանակները հիւրընկալեցին հայ, յոյն եւ ասորի համայնքներէն դէմքեր։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ փառաշուք յուղարկաւորութիւն:
Հանգուցեալ Սարգիս Սերովբեան յաւերժութեան ճամբուեցաւ հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ:
Թուրքիա երէկուան օրը անցուց խաւարի մէջ։ Առաւօտուն ժամը 10.36-ի դրութեամբ ելեկտրական հոսանքը նոյնաժամանակ խզուեցաւ երկրի քա-ռասունհինգ քաղաքներուն մէջ։ Նոյնիսկ հանրային փոխադրամիջոցներն ու հիւանդանոցները պարտաւորուեցան կանգնեցնել իրենց ծառայութիւնը։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի կողմէ։ Պերճ Սեդրակեանի կողմէ գլխաւորուած ՀԲԸՄ-ի պատուիրակութեան ի պատիւ հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրէն ներս։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր աւարտին կը հասցնէ իր պաշտօնական այցելութիւններու շարքը՝ դէպի Եւրոմիութեան անդամ երեք երկիրներ։ Այսպէս, Սլովաքիոյ մայրաքաղաքը՝ Պրաթիսլաւայի մէջ երէկ ունեցած շփումներէն վերջ Էրտողան անցաւ Պուքրէշ, ուր այսօր կը հիւրընկալուի Ռումանիոյ ղեկավարութեան կողմէ։
Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան Խորհրդարանական վեհաժողովի Եւրոպայի տարածքաշրջանային բաժանմունքներու նախագահներուն համաժողովը այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Պատուիրակութեան անդամները երէկ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցան ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Իսթանպուլի Արդարադատութեան պալատին մէջ երէկ ապրուածները ահուսարսափ պատճառեցին բովանդակ երկրին:
Դատախազ Մեհմէտ Սելիմ Քիրազ ութ ժամուան գերեվարութենէ վերջ նահատակուեցաւ ահաբեկիչներուն կողմէ:
Փարիզի մէջ կազմակերպուած «Հետազօտութեան 100 տարի» քառօրեայ գիտաժողովի լոյսին տակ:
Ըստ Էտհէմ Էլտէմի, տարբեր պատմագրութիւններու վերջին շրջանի համադրումը յոյս կը ներշնչէ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր երաժշտական բնագաւառի արժէքաւոր մեներգչուհիներէն Լիտա Էրփընար-Քէօսէօղլու յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Փարիզ։ Պէյօղլուի Լուսաւորիչ երգչախումբի կարեւոր տարրերէն մին է Լիտա Էրփընար-Քէօսէօղլու, որ վերջին շրջաններուն կ՚արձանագրէ յարատեւ վերելք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կարգ մը խորհուրդներ օրինակ առնուած են կեանքի զանազան պարագաներէն, որոնց մարդ շատ անգամ չ՚անդրադառնար, սովորական ընթացքի մէջ կ՚անտեսէ եւ էականը միշտ կը մնայ խորհուրդ կամ «գաղտնի՛ք»։
Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը թողարկեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ի պահ դրուած Սրբալոյս Միւռոնի կաթսային նուիրուած յուշադրամ մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, յուշադրամի երեսակներէն մէկուն վրայ պատկերուած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը, որու ներքեւ արձանագրուած է յուշադրամի անուանական արժէքը՝ 1000 դրամ։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ մարզիչը լքեց իր պաշտօնը:
Պեռնար Շալանտ հրաժարեցաւ հայկական ընտրանիի վերջին շրջանի անբաւարար արդիւնքներուն բերումով: