Արխիւ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ իրերայաջորդ այցելութիւններ տուաւ Թեհրան եւ Պաքու։ Ռուս նախարարը Թեհրանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիի կողմէ, նաեւ բանակցութիւններ վարեց իր պաշտօնակցին՝ Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։ Աւելի վերջ Լաւրով անցաւ Պաքու, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ, նաեւ մէկտեղուեցաւ իր պաշտօնակցին՝ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց «Տարիւլաճեզէ»ի նախագահ Համզա Ճէպէճին եւ ընկերակիցները։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Անգարայի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ ճատրակի վեթերան վարպետներու մասնակցութեամբ մրցաշարք մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ մեր համայնքէն Առնօ Կարապետեան։ Այս մրցոյթի արդիւնքին Առնօ Կարապետեան նուաճեց ախոյեանի տիտղոսը։
Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան հունձքի շրջանաւարտութեան հանդէսը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Վարժարանը այս տարի 197-րդ անգամ շրջանաւարտ տուաւ։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները։ Թաղականներուն միացած էր եկեղեցւոյ այցելու հովիւ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ 3-րդ դասարանի տարեվերջի հանդէսը, որու ընթացքին տղաքը ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։
Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը պասքեթպոլի կազմերուն համար 2021-2022 մարզական շրջանի եզրափակիչ հաւաքոյթ մը կազմակերպեց։ Ակումբի պասքեթպոլի մարզիկները, մարզիչներն ու վարչայինները համախմբուեցան այս առթիւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։
Երէկ, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարժարանի 2021-2022 կրթական շրջանի շրջանաւարտներու հրաժեշտի արարողութիւնը։ Շրջանաւարտութեան հանդէսի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
-Աղջիկս, հոգ մի՛ ըներ: Ես իմ աչքի լոյսի պէս պիտի պահեմ երեխաները, ըսաւ Զաւէն պապը եւ մինչեւ իր վերջին շունչը հաւատարիմ մնաց իր խոստումին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի Աբովեան փողոցին վրայ գտնուող «Կրանտ հոթել Երեւան» պանդոկին մէջ օրերս բացուեցաւ աշխարհահռչակ հայ երաժշտահան Արամ Խաչատուրեանի անունը կրող սենեակը: Բարձր դասի առաջնակարգ սենեակ մըն է, որ ամբողջութեամբ կը կրէ համաշխարհային դասական երաժշտութեան անուանի հսկային շունչն ու ոգին:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1902)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Սպիրտային խմիչքներ. սպիրտը թոյն է եւ առողջ մարդը երբեք պէտք չէ ո՛չ արաղ, ո՛չ գինի, ո՛չ ալ ուրիշ խմիչքներ գործածէ, իսկ եթէ գործածէ, շատ քիչ, այն ալ ջրախառն: Բայց այս թոյնը թոքախտաւորին օգտակար է, եթէ չափաւոր կերպով կ՚ընդունուի. բաւարար է օրական երկու-երեք թէյի դգալ օղի կամ քոնիաք, ինչպէս ըսած ենք, այսինքն՝ ջուրով, կամ մսաջուրի ու կաթի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Առիթով մը հարց կու տան Ալպերթ Այնըշթայնին, թէ իր կարծիքով ինչպէ՞ս տեղի պիտի ունենայ Համաշխարհային Գ. պատերազմը. գիտնականը կը պատասխանէ, թէ «Չեմ գիտեր թէ Գ. Համաշխարհային պատերազմը ինչ զէնքերով պիտի ըլլայ, սակայն գիտեմ, որ Համաշխարհային չորրորդ պատերազմը պիտի ըլլայ քարերով ու գաւազաններով»:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Սէուտական Արաբիոյ արքայազն Սելմանը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս նախագահը պաշտօնական արարողութիւնով դիմաւորեց բարձրաստիճան հիւրը։
Համայնքային վարիչները մտադիր են առանց դատական դիմումներու հետեւիլ նոր կանոնադրութեան, սակայն որոշ բարելաւումներ ապահովելու նպատակով պիտի նախընտրեն պատկան մարմիններու հետ դրական երկխօսութեան ճանապարհը՝ ակնկալութիւններու վերաբերեալ յստակ հիմնաւորումներով:
Փոփոխութիւններ կ՚ակնկալուին ընտրաշրջաններու սահմանումին գծով: Յարմար չի դատուիր, որ նոյն անձը նոյնաժամանակ կարողանայ մաս կազմել երեք տարբեր կառոյցի մատակարար մարմնին:
Մինչեւ յաջորդ շաբթուան սկիզբի ժողովը աշխատանք պիտի տարուի ընտրական մարմիններու ձեւաւորման համար:
ERVAB երէկ երեկոյեան կարեւոր ժողով մը գումարեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ՝ գլխաւորութեամբ Պետրոս Շիրինօղլուի:
Համայնքային վարիչները խոշորացոյցի տակ առին փոքրամասնութեան վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութիւնով նախատեսուած դրութիւնը՝ հեղինակաւոր իրաւաբաններու մասնակցութեամբ:
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի շրջանաւարտութեան հանդէսը նախընթաց օր տեղի ունեցաւ շատ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։ Դպրոցի համալիրէն ներս կազմակերպուած հրաժեշտի հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան Պաքըրգիւղի ընտանիքի վարիչները, դպրոցի պատասխանատուները, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հիւրեր։
Սեն Փեթերսպուրկի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան՝ Հարաւային Կովկասի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ուղղեալ աշխատանքային խումբի հանդիպումը։
Հայաստանի ներքին քաղաքական հաւասարակշռութիւններուն տեսակէտէ երէկ կարեւոր իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Այսպէս, երկրի խորհրդարանական ընդդիմութեան յառաջատար դէմքերէն Արթուր Վանեցեան հրաժարեցաւ երեսփոխանի պաշտօնէն։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մինսքի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամ երկիրներու վարչապետներու հաւաքին։ Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստին ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ այս կազմակերպութիւնը կ՚անցնի համարկման ներուժի բացայայտման փուլ՝ ի շահ ընդհանուր տնտեսական տարածքի ստեղծման եւ կայուն տնտեսական աճի։
Դերասան ու բեմադրիչ Պօղոս Չալկըճըօղլուի համար կազմակերպուեցաւ տարեդարձի անակնկալ երեկոյթ:
Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ յատկանշական ձեռնարկ՝ մօտաւոր անցեալի գործունէութեան արժեւորումով: