Արխիւ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Եուրկէն Շուլցը։ Պատրիարքարանի հանդիպման ընթացքին Շուլցին ընկերացան իր կողակիցը եւ դեսպանութեան խորհրդականներէն Փոլ Ամանն։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի մէջ մեկնարկած են հայ մեծանուն երգահան, դաշնակահար Առնօ Բաբաջեանեանի 100-ամեակի ձեռնարկները: Երկար սպասուած այս յոբելեանը համընկած է Հայաստանի ներքաղաքական ճգնաժամին եւ նկատելի է, որ երկրին մէջ օրակարգը բոլորովին մշակութային չէ…
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Ամրան տաք օրերու հազի՜ւ զովացած երեկոներուն, տարուան երեք ամիսները զաւակներուն հետ անցընելու համար Հալէպ եկող հայրս, մեր տան մե՜ծ պատշգամը, առանց ձանձրանալու դանդաղօրէն, երկա՜ր-երկար կը լուար, Քուէյթի տօթերուն կրակը տարիներ ճաշակած՝ ամբողջ օրը արեւին տակ մնացած պատշգամի քարերուն տառապանքը կարծես կիսելով, զանոնք քար-քար կը ջրէր։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Դուն կը հաւատա՞ս Աստուծոյ Որդիին» (Յհ 9.35):
Մեկնութիւն. երկու պատճառով կը հարցնէ. նախ՝ որպէսզի փնտռելու պատճառ տայ, թէ ո՞վ է Աստուծոյ Որդին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Լեզու մը շիտակ խօսիլ, անսխալ գրել՝ ամէն բանէ առաջ այդ լեզուին հանդէպ յարգանք ցոյց տալ կը նշանակէ, յետոյ՝ կարեւորութիւն ընծայել խօսակիցին կամ ընթերցողին։ Արդարեւ, ամէն լեզու ունի իր կանոնները, որոնց հնազանդելով է, որ կարելի կ՚ըլլայ շիտակ խօսիլ եւ անսխալ գրել։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանի աշխատանքները հասան իրենց աւարտին։ 23-26 փետրուարին տեղի ունեցած ժողովներուն ատենապետեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Եկեղեցական հայեցակարգային բաժնի տնօրէն Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան։
Վատիկանի պարտէզներէն ներս տեղադրուած Ս. Գրիգոր Նարեկացիի արձանին շուրջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր միջեկեղեցական արարողութիւն մը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Համալսարանը զոհուածներու ընտանիքներու կողքին» նախաձեռնութեան անդամները։ Երեւանի Պետական համալսարանի զանազան ֆաքիւլթէներու ուսանողներէ բաղկացեալ խումբ մըն էր այս մէկը, որ Վեհափառ Հայրապետին ներկայացաւ պատմաբան Միքայէլ Մալխասեանի գլխաւորութեամբ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերլուծաբան Թաթուլ Յակոբեանի մեկնաբանութիւնները. «Որպէսզի Հայաստան քարտէսին վրայ մնայ՝ որպէս անկախ պետութիւն, երկխօսութենէ զատ այլընտրանք չեմ տեսներ։ Առկայ ընթացքը մտահոգիչ է։ Պէտք է առաջնորդուինք իրողութիւններով։ Մեր անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը այնքան թուլացած են, որ եթէ նոյնիսկ մենք դէմ ըլլանք, միեւնոյնն է՝ երկաթուղիներն ու ճանապարհները պիտի բացուին։ Աւելի լաւ է՝ մենք մաս կազմենք յառաջիկայ գործընթացներուն»:
«Պէտք է կարողանանք լեզու գտնել մեր հարեւաններուն հետ։ Օր մը այդ ճանապարհով պիտի անցնինք։ Ներկայիս չենք առներ այդ ցաւոտ քայլը, բայց այդ մէկը ապագայ սերունդներուն պիտի ձգենք՝ որպէս ծանր բեռ»:
«Ի հարկէ, դժուար է Անգարայի հետ խօսիլը, բայց եթէ Երեւանը չխօսի, ապա փոխարէնը մեր հաշւոյն Մոսկուան պիտի խօսի»:
«Նիկոլ Փաշինեանի մեղքը շատ աւելի ծանր է՝ քան դաւաճանութիւնը։ Ղեկավարութիւնը ամէն ինչ ըրաւ, որպէսզի մենք ունենանք նոր պատերազմ ու նոր աղէտ։ Պարտուած առաջնորդին մնալը կը նշանակէ՝ ամէն օր նորանոր կորուստներ եւ անորոշութիւն։ Զարմանալի իրավիճակ մը ստեղծուած է. մեր մօտ թէ՛ իշխանութիւնը եւ թէ ընդդիմութիւնը ընտրութիւն չեն ուզեր։ Պէտք է ձեւաւորուի երրորդ ուժ մը»:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կեանքի մէջ կան անհամար բեւեռներ, հակասութիւններ. ինչպէս՝ գիշեր ու ցերեկ, տաք ու պաղ, թաց ու չոր, սպիտակ ու սեւ… Այս հակասութիւնները նաեւ կեանքի շարունակութեան անհրաժեշտ տարրերն են։ Կան նաեւ հակասութիւններ, որոնք տեղի կ՚ունենան մարդկային նախասիրութիւններու հետ կապուած. լաւ կամ վատ, դժուար կամ դիւրին… Մարդ ինքն է, որ կը նախընտրէ բարին կամ չարը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ամէն բան ձեզի ցոյց տուի կեանքիս օրինակով՝ թէ այսպէս պէտք է աշխատիլ եւ տկարներուն օգնել, յիշելով այն խօսքը որ Տէր Յիսուս Ինք ըսաւ, թէ՝ Աւելի երջանկաբեր է տալը, քան առնելը». (ԳՈՐԾՔ. Ի 35)։
«Տկարներ», այսինքն անոնք՝ որոնք անկարող են իրենց պիտոյքը հայթայթելու։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին առարկութիւններով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ետ վերադարձուց այն հրամանագիրը, որով կը նախատեսուէր Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնազրկումը։
1 մարտ 2008-ի արիւնալի դէպքերու տարելիցին Հայաստանի քաղաքական առկայ տագնապը կը բնորոշէ երկրին մթնոլորտը. միշտ լարուածութիւն եւ մտահոգիչ անորոշութիւն:
Իշխանութեան եւ ընդդիմութեան հանրահաւաքներ:
«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը կը շարունակէ փակ պահել մայրաքաղաքի կեդրոնի Բաղրամեան պողոտան: Ըստ երեսփոխան Էտմոն Մարուքեանի, վարչապետը որեւէ պետականամէտ քայլի չի ձեռնարկեր եւ երկիրը նպատակային ձեւով կը տանի ցնցումներու: Վազգէն Մանուկեանի համոզմամբ, այս քանի մը օրերու ընթացքին կ՚որոշուի ամբողջ պայքարի ճակատագիրը:
Թուրքիա ուշադրութեամբ կը հետեւի Հայաստանի ներքին քաղաքական իրադարձութիւններուն։ Բնականաբար, Անգարա չ՚անտեսեր իր հարեւանութեամբ պատահածները՝ մանաւանդ յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ, երբ Երեւան կը դիմագրաւէ ցնցումներ։
Հայաստանի տագնապալի առկայ իրավիճակին մէջ, երէկ, շատ յուզիչ իրադարձութիւն մը արձագանգ գտաւ հանրային կարծիքին մօտ։ Այսպէս, ճատրակի ախոյեան Լեւոն Արոնեան տեղեկացուց, որ կը լքէ երկիրը։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
… Իմ զրուցակիցներուն աւելի քիչ կը հետաքրքրէ վերջին պատերազմին կրած դաժան պարտութիւնը, անոնց կը յուզէ. կը մնա՞յ Փաշինեանը իր աթոռին, թէ ոչ։ Այսինքն՝ «պա Սերժի ժամանակ…», «պա որ նախնիները կը թալանէին…» քարոզչական փաստարկը այնքան զօրեղ է (առարկայական պատճառներով), որ անոր առջեւ «կը խամրի» այն աղէտը, որ պատահած է մեր երկրին ներկայ իշխանութիւններու օրով եւ անոնց մեղքով։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ անդրադարձաւ Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն։ Անգարայի ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքեր նախընթաց օր անմիջապէս արձագանգած էին Երեւանի լարուածութիւններուն, իսկ երէկ այդ կապակցութեամբ արդէն խօսեցաւ նաեւ նախագահ Էրտողան՝ ուրբաթի աղօթքէ արձակուելու ժամանակ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելով։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը խորհրդակցութիւններու նոր շարք մը կ՚իրականացնէ։
Արմէն Սարգսեան երէկ տեսակցեցաւ զօրավար Օննիկ Գասպարեանի հետ։ Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան մտահոգիչ կը նկատէ՝ խորհրդարանէ ներս օրակարգային արդիական հարցերու քննարկման չարժանանալը։
Հայաստանի քաղաքական տագնապի պայմաններուն ներքեւ, «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորումը անընդհատ կը շարունակէ իր գործողութիւնները։ Ընդդիմադիր խմբաւորումը երէկ հերթական հանրահաւաքը կազմակերպեց Հայաստանի Ազգային ժողովին դիմաց։ Հարկ է նշել, որ փակ մնալ կը շարունակէ Երեւանի կեդրոնի Բաղրամեան պողոտան, որու վրայ կը գտնուի խորհրդարանի շէնքը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի ներքին քաղաքական վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։