Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նիւթական կեանքը հասարակութեան մը զարգացման հիմն է. բայց ա՛յն նիւթական կեանքը՝ որ չի սեղմուիր ինկած նիւաթապաշտ ըմբռնումներու մէջ, այլ գիտակցութիւնն է բնական այն օրէնքներուն, որոնց ազդեցութեան տակ կը գտնուի ամբողջ տիեզերքը, եւ որոնց գոհացում տալով միայն կրնանք պահպանել եւ շարունակել մեր կեանքը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Վստահաբար բոլորս համամիտ ենք, թէ իւրաքանչիւր պատերազմ որոշ «ճաք»եր կը բանայ հասարակութիւններու վրայ, բայց, ակնյայտ է, թէ պատերազմէն եւ անոր թողած հետեւանքներէն ամենատուժածները կ՚ըլլան երեխաներ։ Անոնք, առանց ծանօթանալու կեանքի «ճշմարիտ երես»ին, գիրկը կը նետուին ռումբերու, զէնքերու, դիակներու…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հաւատքը՝ իր ամենալայն առումով, զօրութի՛ւն մըն է, ներուժ մըն է, որ մարդուս վստահութիւն կը ներշնչէ եւ կեանքին ամուր կերպով կապուելուն, նեղութիւններու տոկալուն պատճառ կ՚ըլլայ։ Հաւատքով է, որ մարդուս տարողութիւնը կ՚աւելնայ ամէն դժուարութիւններու նկատմամբ եւ կենդանացուցիչ զօրութեամբ կը բարձրացնէ եւ միշտ բարձր կը պահէ տրամադրութիւնը։
Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան շաբաթավերջին յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւորականներուն ուղղուած վիրաւորանքներուն, ատելութեան խօսքի ու բռնութեան կոչերուն վերաբերեալ։ Պաշտպանի գրասենեակի աշխատակազմի հանրային կապերու բաժնէն հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ հետեւեալը։
Հայաստանի քաղաքական տագնապի առկայ անելին մէջ, տխրահռչակ կարգ մը շրջանակներ փորձեցին թիրախ դարձնել Հայց. Առաքելական Եկեղեցին ու անոր ընդհանրական գահակալը: Բռնութիւն գործադրելու աններելի կոչերով, իշխանութիւններու լուռ հաւանութեան արժանացած գրգռութիւններով պայմանաւորուած մտահոգութիւններով հանդերձ, երէկ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը մասնակցեցաւ Ս. Գայիանէի վանքի կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագին: Ժողովուրդի զօրակցութեան շօշափելի դրսեւորումը հերթական անգամ ապացուցանեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը անվիճելիօրէն կը հանդիսանայ այն հասարակաց յայտարարը, որով կ՚երաշխաւորուի համայն հայութեան միասնականութիւնը: Վեհափառ Հայրապետի կշիռին, պաղարիւնութեան եւ համախմբման կարողութիւններուն շնորհիւ կը յաղթանակէ խաղաղութեան, համերաշխութեան եւ զօրակցութեան ոգին:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ բաշխուած օրհնութիւնը կը պարփակէր ներկայ ճակատագրական պահուն պառակտումներէ հեռու մնալու հրամայականը:
Վերջին օրերուն Հայոց Եկեղեցւոյ դէմ սանձազերծուած արշաւի շրջանակներէն ներս դեկտեմբերի 27-ին բռնութիւն գործադրելու համացանցային սպառնալիքներու առընչութեամբ Մայր Աթոռի մէջ ստացուեցան Եկեղեցւոյ հաւատաւոր զաւակներու մտահոգութեան եւ զօրակցութեան նամակներ, հնչեցին զանազան անհատներու հանրային ելոյթներ եւ Ազգային Եկեղեցին պաշտպանելու կոչեր։
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
Ճիշդ է, որ ամէն բնոյթի բառարան ունինք. թէ՛ բացատրականն ու թարգմանականը, թէ՛ ստուգաբանականն ու դարձուածաբանականը, թէ՛ բարբառայինն ու մասնագիտականը, թէ՛ բառակազմականն ու ուղղագրականը եւ այլն: Կարելի է «Նայիրի» կայքէջը մտնել ու այս բոլորը ստուգել հոն տեղւոյն վրայ. մէկը միւսէն արժէքաւոր աշխատութիւններ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պատմական օր մը ապրեցայ երէկ: Պատմական, որովհետեւ առաջին անգամը չէր, որ հարիւրաւոր հաւատացեալներ կը փութային Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ իրենց աղօթքը կատարելու, սակայն, այս անգամ անոնք կը հասնէին նաեւ իրենց ամենախորին երախտագիտութիւնը արտայայտելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին նկատմամբ:
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ Վատիկանէն հրապարակեց աւանդական «Հռոմին եւ աշխարհին» պատգամը։ Սրբազան Պապը այս առթիւ աղօթեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յարատեւ խաղաղութեան հաստատման համար։
Հայաստանի առկայ քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քաղաքական ուժերը խորհրդակցութիւններու հրաւիրեց՝ 2021 թուականին արտահերթ ընտրութեան ձեռնարկելու համար։ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի ծանր հետեւանքներու մթնոլորտին մէջ շաբաթներէ ի վեր կը պահանջուի Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը՝ մինչ իրեն նկատմամբ վստահութիւնը նուազագոյնէն ալ աւելի ցած է։
Մեր թատերական աշխարհի յայտնի աստղերէն Պերճուհի Պէրպէրեան ներկայ Ամանորի սեմին ընթերցողներու տրամադրութեան տակ դրած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «İster Ağla İster Gül: Sahne Tozlu Anılarım»։ Երկար տասնամեակներ Պերճուհի Պէրպէրեան գործունէութիւն ծաւալած է՝ որպէս դերասանուհի եւ բեմադրիչ։
Հայաստանի խորհրդարանէն ներս, Սիւնիքի մարզէն տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարներու մասնակցութեամբ քննարկում՝ սահմանամերձ շրջաններու մէջ ստեղծուած իրավիճակին, առկայ խնդիրներու լուծման ուղիներուն, սահմաններու ճշգրտման, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ապահովման հիմնահարցերու շուրջ:
Ատրպէյճան կը պահանջէ Որոտանի եւ Շուռնուխի՝ տասնեակ բնակարաններով հատուածներու իրեն յանձնուիլը, գիւղապետները որպէս հակափաստարկ կը ներկայացնեն 1970-ական թուականներու քարտէսներ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Զանազան մակարդակներու վրայ սկսած են լսելի դառնալ քննարկումներ, որոնց հիմքն ու շօշափած հիմնախնդիրները կը տարածուին հորիզոնական գծի մը երկայնքով։ Արդեօք Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը փակուա՞ծ է կամ արդեօք այս փուլն ալ «անցո՞ւմ» մըն է՝ դէպի աւելի բախտորոշ ժամանակներ...
Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ներկայ տօնական շրջանին «Փոքրիկ» կայքէջը նոր թափ տուած է իր թողարկումներուն՝ ուղղեալ նորահաս սերունդին։ Մանկապատանեկան ընթերցումները խրախուսելու հետամուտ այս կայքէջը տօնական շրջանի համար՝ որպէս նուէր վերապահած է նոր նախագծեր։
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան աւանդական արարողութիւնները այս տարի տեղի ունեցան՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներու մթնոլորտին մէջ։ Յամենայնդէպս, հոգեւոր ուրախութիւնը որոշ չափով զգալի էր եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ, ուր պատարագեց Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հայրենիքը Աստուծմէ ետք ամէն բանէ վեր է։ Անձերը կու գան ու կ՚երթան, բայց մնայունը՝ Հայրենիքն է, այն Հայրենիքը, որ այսօր մեզմէ շատերը փոխարինած են անձով մը..., իսկ անձնապաշտութիւնը կը տանի Հայրենիքի քայքայումին ու վերացումին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բարոյական կեանքին գործադրութիւնը՝ միացած եւ ոգեւորուած սիրով, մարդուս կու տայ գերբնական ազատութիւն մը։ Բարոյական կեանք կը նշանակէ՝ բարոյական օրէնքին հնազանդութիւն, իսկ բարոյական օրէնքը աստուածային Իմաստութեան գործն է։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Տան անկիւնները կը խուզարկէ, կարծես ներքուստ անհանգիստ՝ բան մը կը փնտռէ:
Փոշեկուլը ձեռքը առած լաւ մը կը մաքրէ յատակները, կը դիտէ կեղտերուն կլլուիլը, թէ ինչպէ՞ս հովին զօրութեամբ կը քաշուին անոնք բջիջ առ բջիջ, կը վերանայ հին, բոյն դրած փոշին, կ՚անհետանայ նեխածը, կը մնայ մաքուրը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ յաճախ կը հանդիպինք անհաղորդելի մարդոց, որոնք անջատուած հասարակութենէ, կը վստահին իրենց զօրութիւններուն եւ չեն ուզեր հաղորդուիլ, յարաբերութիւններ մշակել ուրիշներու հետ։
Անթիլիասի հոգեմտաւոր արժէքներուն՝ ձեռագրերու, հնատիպերու եւ գիրքերու նիւթին շուրջ, վերջերս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ներկայութեամբ միաբանական հաւաք մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Օրուան զեկուցաբերն էր մատենադարանի, ձեռագրերու ու հնատիպերու բաժանմունքի տնօրէն Տ. Շահան Արքեպիսկոպոս Սարգիսեան։