Արխիւ
Սիւնիքի սահմանամերձ շրջաններու վերաբերեալ հակասական տեղեկութիւններու մթնոլորտին մէջ հայկական կողմը այսօր Ատրպէյճանին կը յանձնէ կարգ մը դիրքեր՝ մինչ ընդդիմութեան շրջանակները եւ որոշ պատասխանատու դէմքեր խոր մտահոգութիւն յայտնելով ահազանգ կը հնչեցնեն:
Ըստ Վաղարշակ Յարութիւնեանի, նոյնիսկ մէկ մեթր զիջում պիտի չըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, այս կիրակի, Հայաստանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի՝ Արցախի պատերազմին նահատակուած հերոսներու հոգիներու խաղաղութեան համար։
Կը տեղեկանանք, որ Էսաեան վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհիի պաշտօնը ստանձնած է Ազնիւ Կիւրկէն։ Ինչպէս ծանօթ է, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը անցեալ ամառ բաւական աղմկայարոյց կարգադրութիւնով մը վերջ տուած էր նախկին՝ բազմամեայ տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանի պաշտօնավարութեան։
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Ա՛լ չենք դիմանար, բա՛ւ է այսքան…
Նման խորագիրի ու մտածումի առիթ տուողը նոյնինքն նորահաս սերունդն է, որ այս օրերուն «քորոնա» ժահր կը դիմագրաւէ, շատերու կարգին, տարօրինակ հոգեվիճակներ, այլ խօսքով՝ մտատանջումի տեսականի:
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Պատերազմը պիտի աւարտի, ղեկավարները պիտի ձեռնուին, իսկ ծերունին պիտի մնայ իր նահատակ որդիին սպասումով, այդ կինը՝ իր սիրելի ամուսինին սպասումով, այդ զաւակները՝ իրենց հերոս հօրը: Չեմ գիտեր, թէ ո՞վ ծախեց հայրենիքը, բայց տեսայ, որ ո՞վ վճարեց գինը»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել զանազան ձայներու տեսակներ՝ որոնք ամէն մէկը ունի իր յատուկ իմաստը։ Լեզուի մը բառամթերքը ցոյց կու տայ այդ լեզուին հարստութիւնը։
Ռուսաստանի Անվտանգութեան դաշնակցութեան ծառայութեան տնօրէն Ալեքսանտր Պորթնիկով այսօր շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետ Արմէն Աբազեանի կողմէ դիմաւորուած է ան։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ կորսնցուց իր հայրը՝ Վովա Փաշինեանը։ Վարչապետի բանբերը՝ Մանէ Գէորգեան տեղեկացուց, որ հանգուցեալը 80 տարեկան էր ու երկար ժամանակէ ի վեր կը տառապէր ծանր հիւանդութենէ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Մոսկուա հնարաւոր ամէն ինչ կ՚ընէ տարածքաշրջանէ ներս երկարատեւ ու ամուր խաղաղութեան հաստատման համար։ Ան երէկուան իր հերթական մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձաւ անցեալ շաբաթավերջին Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի խախտման դէպքերուն։
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարով հանդերձ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ հայ զինուորներու գերեվարման հարցը ներկայիս դարձած է հրատապ օրակարգ։ Շաբաթավերջին հրադադարով հանդերձ դարձեալ տեղի ունեցան բախումներ, որոնց հետեւանքով Հադրութի Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ գիւղերը անցան Ատրպէյճանի հակակշռին տակ։
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առաջին յարմար առիթով տեղի պիտի ունենայ արտահերթ ընտրութիւն, նախագահը պիտի փոխուի:
Արցախի ղեկավարը յետպատերազմեան առկայ պայմաններուն ներքեւ երէկ տեղեկացուց, որ ապագային պիտի հեռանայ քաղաքականութենէ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահներէն Ռոպերթ Քոչարեան այս օրերուն կ՚այցելէ Մոսկուա։ Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումներով, Քոչարեանի գրասենեակը յայտարարած է, որ այս ուղեւորութիւնը ունի մասնաւոր բնոյթ ու կը տեւէ երեք օր։
Հայաստանի ներքին քաղաքական քաոսը կը շարունակուի հետզհետէ աւելի խորանալով եւ առաւել մտահոգիչ հաւանականութիւններու դուռ բանալով։ Յետպատերազմեան ծանր ձախողումներով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը ջանայ պահել իշխանութիւնը, մինչ ընդդիմադիր շարժումը օրէ օր կը ծաւալի անբաղդատելի ձեւով։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Այդ օրը երեկոյեան ժամերուն գացի արկ բեռնելու: Այլեւս ամէն օր, քանի մը անգամ արկ կը կրէի, քանզի հակառակորդը ամէնուր մեզի կը հետեւէր, արկ կրելու համար լաւագոյն ժամանակահատուածը մթնշաղն էր ու կէսգիշերը:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Նկարչուհի Արմինէ Կալենց իր կեանքի վերջին տարիներուն կորսնցուցած էր տեսողութիւնը: Ամբողջ կեանքին ընթացքին նկարած արուեստագէտը չէր կրնար վար դնել վրձինը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
-Ո՜վ Ռոնտա. ի՞նչ է իրաւունքը:
-Իրաւունքը աշխարհիկ հասկացողութիւն մըն է: Մարդ ինչքան աշխարհիկ ըլլայ, այդքան իրաւունք կ՚ունենայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել ձայներ՝ որոնք զանազան իմաստներ ունին ըստ ձայնին աղբիւրին։
Դրամի ձայն = հնչիւն. հնչել։
Դրան ձայն = ճռնչիւն. ճռնչել։
Ուժանիւթի նախարար Ֆաթիհ Տէօնմեզ երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի Ուժանիւթի նախարար Փարվիզ Շախպազովը։ Այս առթիւ երկու նախարարները յուշագիր մը ստորագրեցին՝ Թուրքիայէն դէպի Նախիջեւան բնական կազ մատակարարելու հարցին շուրջ Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ գոյացած փոխադարձ ըմբռնումի մասին։
Արցախի մէջ եւ Հայաստանի սահմաններու ամբողջ երկայնքով յետպատերազմեան իրավիճակի սարսափելի քաոսը կը շարունակուի։ Հրադադարի համաձայնութենէն վերջ յառաջացած ծանր մարտահրաւէրներու պայմաններուն ներքեւ աննկարագրելի եւ անհաւատալի տկարութիւններ խնդրոյ առարկայ կը դառնան Հայաստանի կողմէ, ինչ որ միանշանակ կը վերագրուի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան մատնուած անգործութեան։
Հայաստանի մէջ եռեւեփը կը շարունակուի։ Երկիրը կը տառապի Արցախի ծանր պատերազմի հետեւանքով կրած պարտութեան տակ։ Բոլորի համոզումը այն է, որ ձախողումը յաղթահարելու առաջին նախապայմանը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան հեռանալն է։ Կ՚երեւի այս ուղղութեամբ համամիտ չէ միայն վարչապետ Փաշինեան։