Արխիւ
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հրադադարի համաձայնութեան յաջորդած մթնոլորտին մէջ Հայաստանի Սիւնիքի մարզի ապագային վերաբերեալ անհանգստութիւնները օրակարգը կը զբաղեցնեն առաջնահերթօրէն։ Հրադադարի համաձայնութիւնով նախատեսուած է Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատել միջանցք մը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը Մոսկուայի երէկուան շփումներէն անմիջապէս վերջ արդէն ուղեւորուեցաւ Փարիզ:
Արա Այվազեանի եւ Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութիւնները յստակութիւն չբերին օրակարգի վրայ առկայ շարք մը հրատապ խնդիրներու:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա աչք չունի Հայաստանի հողերուն վրայ։ Զանազան տարածքաշրջաններու վերաբերեալ խնդիրներուն շուրջ խորհրդածելու ժամանակ՝ Մեւլիւտ Չավուշօղլու անդրադարձաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի կացութեան։
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքը կը շարունակէ մնալ փակուղիի մէջ։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորումը մինչեւ այսօր կէսօրուան ժամերը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականին համար վերջնաժամկէտ սահմանած էր։
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ Համայնքիս անդամներուն աջակցութեամբ՝ համավարակի շրջանին կարօտ ընտանիքներու օժանդակեց հազարաւոր ծրարներով։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Նոյեմբեր ամսուն լրացաւ հայ գրականութեան եւ մամուլի նուիրական անուններէն մէկուն՝ Գեղամ Աթմաճեանի 110-ամեայ յոբելեանը, որ գրական անուանումով ծանօթ է իբրեւ Սեմա (եւ Ա. Սեմա) եւ այդպէս ալ հիմնականօրէն ստորագրած է իր հրատարակած մամուլին եւ ուրիշ թերթերու մէջ:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այստեղ կը ցուցնէ, թէ հաւատքը ներգործական զօրութիւն ունի մարդուն կատարեալ ազատութիւն տալու: Եւ քանի որ մարդը ազատ կամք ունի, որով միւս կենդանիներէն կը զանազանուի, այդ պատճառով կը սիրէ ու կ՚ընտրէ ճշմարիտ ազատութիւնը քան այլ բաներ, ինչպէս կ՚ըսէ.
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իմացականութիւնը կ՚ենթադրէ բանականութիւն, այն ինչ որ մտածողութեան արդիւնք է, ըմբռնելու, հասկնալու կ՚առաջնորդէ մարդկային միտքը եւ կը մօտեցնէ ճշմարտութեան։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Եթէ ձեր երեխան սորվելու խնդիրներ ունի, ծնողներու վերաբերող խորհուրդներով դուք կրնաք օգնել անոնց ինքնավստահութիւնը հաստատելու եւ յաջողութիւն գտնելու դպրոցին եւ կեանքին մէջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին յաջորդած վերջին իրադարձութիւնները ցոյց կու տան, որ Հայաստանին բաւական բարդ օրեր կը սպասեն։ Ճակատներու մեծ բացթողումներէն, ամեհի սխալներէն եւ ընդհանուր դրութեան անփառունակ «վախճան» մը բերած հրադադարի եռակողմ համաձայնութեան ստորագրութենէն ետք Փաշինեան կը շարունակէ կառչած մնալ աթոռին։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Փիլիսոփայութեան պատմութեան մէջ կան «մտածող»ներ, որոնք կ՚ապացուցանեն, թէ մարդկութիւնը «ոստումներ» կը կատարէ։ Նման փիլիսոփաներ իրենց յաջորդելիքներու առջեւ կը բանան նոր հորիզոններ, ուղիներ, կ՚առաջարկեն սահմանները անդրանցնելու ձեւեր, եւ կը խրախուսեն, կը ներշնչեն «մտածելու» համար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ներդաշնակութիւն»ը, որ յաճախ կը խօսուի կեանքի զանազան երեւոյթներու, իրողութիւններու, եղելութիւններու առիթով, անհրաժեշտ ե՛զր մըն է կանոնաւորութեան եւ ապահովութեան հաստատման եւ տեւականացման համար։
Թայլանտի մէջ կը ծրագրեն յառաջիկայ տարիներուն հրաժարիլ զանգուածային զբօսաշրջութենէն։ Այսպէս, Թայլանտ կը ծրագրէ յառաջիկայ տարիներուն ամբողջութեամբ հրաժարիլ զանգուածային զբօսաշրջութենէն:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ քննարկումներ կը ծաւալուին բարձր մակարդակի վրայ։
Հայաստանի դիմագրաւած ծանր քաղաքական տագնապի պայմաններուն ներքեւ, Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին հանդէս եկաւ հերթական կոչով։ Ստորեւ նոյնութեամբ, արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք իր յայտարարութեան բնագիրը։
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ Հայաստանի քաղաքական տագնապը կը ծաւալի՝ հայաշխարհէ ներս համատարած անհանգստութեան պատճառ դառնալով։ Պատերազմի ձախողումը շատ ծանր կացութիւն մը ստեղծած է հայկական կողմին տեսակէտէ, ինչ որ անխուսափելի դարձուցած է ներքին քաղաքական նոր խմորումները։
Ողիմպիական խաղերուն կռփամարտի վարկանիշային մրցաշարքը կը վերսկսի յառաջիկայ 2021 թուականի ապրիլին։ Այսպէս, Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն կռփամարտի խաղերուն վարկանիշային մրցաշարքը՝ Եւրոպայի ցամաքամասին մէջ, պիտի վերսկսի ապրիլ 2021 թուականին, դարձեալ Լոնտոնի մէջ:
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայ Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռավազիի եւ նոյն խորհուրդի գործադիր տնօրէն Փոլ Եպսկ. Թայի հետ։
«Տաշիր կրուփ»ի սեփականատէր ռուսահայ գործարարն ալ պահանջեց վարչապետին հրաժարականը:
Հայաստանի քաղաքական տագնապի յաղթահարման համար Սամուէլ Կարապետեան եւս անհրաժեշտ կը նկատէ Նիկոլ Փաշինեանի հեռանալը: Երեւանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ ընդդիմադիր ուժերու հերթական հանրահաւաքը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը ֆրանսացի բժիշկներ, որոնք մարդասիրական առաքելութիւն կ՚իրականացնեն Հայաստանէ ներս։ Ներկայ էր նաեւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեան։