Արխիւ
ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Քսանչորս տարիներ անցած են 20-րդ դարու կարկառուն եւ հայ հոգեւորականութեան առաջատար գիտնական-բանասէր Նորայր Արքեպիսկոպոս Պողարեանի վախճանումէն։ Երջանկայիշատակ Սրբազանը իր բովանդակ կեանքը նուիրեց Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանուց, եւ յատկապէս Ձեռագրատան, ուր 4 հազար հայերէն ձեռագիրներ ի պահ կը մնան դարերէ ի վեր։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցեալ կիրակի օր ամբողջ Հայաստանը կ՚արթննար «ազդեցիկ» լուրով մը, որ կը խօսէր մեր երկրին մէջ «Քորոնա»ի վարակով բռնուած առաջին պարագայի մը գոյութեան մասին։ Այդ մասին առաջինը կը յայտարարէր Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ տեղեկութեան հրապարակումէն ժամեր անց մի քանի առիթներով ուղիղ եթեր դուրս գալով կը պատմէր ընդհանուր իրավիճակին, եւ ամենակարեւորը, կոչ կ՚ընէր խուճապային իրավիճակներէ հեռու մնալու մասին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել Վարդան Քահանայ Տիւլկէրեանի «Հայ Մամուլի գոյատեւումի պայքարը» խորագրեալ շահեկան յօդուածը։
Հայ դպրոցի մը կամ եկեղեցիի մը ընթացիկ կարիքները հասկնալու պայծառ գիտակցութիւնը ունին, բայց հայ թերթի մը անյաղթելի դժուարութիւններով, ո՛չ կը հետաքրքրուին եւ ոչ ալ կը հասկնան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայոց առաջին պարբերաթերթը «ԱԶԴԱՐԱՐ»ի հիմնադիրը եւ խմբագիրը Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեանէ ետք Հայ Մամուլը ունեցած է միշտ գոյապահպանման եւ գոյատեւման հարց մը։ Ահաւասիկ, այս հարցին շուրջ Վարդան Քահանայ Տիւլկէրեանի շահեկան մէկ յօդուածը կը ներկայացնենք ստորեւ։
Երեւանի մէջ ապրիլի 28-30 թուականներուն տեղի պիտի ունենայ «FINTECH360 YEREVAN» միջազգային համաժողովը: Անիկա պիտի իրագործուի Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան, Unibank-ի եւ Unistream դրամական փոխանցումներու համակարգին աջակցութեամբ:
Դուին հնավայրին մէջ կը կառուցուի թանգարան մը։ Այսպէս, Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէն 2020 թուականին կը նախատեսէ Հայաստանի Արարատի մարզի Դուին հնավայրին մէջ կառուցել թանգարան մը։
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ Իտլիպի տագնապալի կացութեան շուրջ:
Էրտողան եւ Փութին երէկ Մոսկուայի մէջ, Քրեմլին պալատի երդիքին տակ բանակցութիւններ վարեցին 6 ժամ:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ու ընկերակիցները այս առաւօտ հրաժեշտ առին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն:
Վեհափառ Հայրապետի բարձր հովանաւորութեամբ ընթրիք մը սարքուեցաւ՝ ի պատիւ Նորին Ամենապատուութեան:
Շիշլի մարզակումբի վոլէյպոլի «Միտի» կազմը վերջին շրջանին կ՚արձանագրէ փայլուն յաջողութիւններ։ Շիշլիցիները արդէն եղանակի առաջին կէսը աւարտած են իրենց պայքարած դասաւորման մէջ եւ արդիւնքը բաւական փայլուն է։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի նախին սփիւռքի նախարարութեան Միջին Արեւելքի վարչութեան աշխատակիցներէն Լեւոն Անտոնեան կը պատասխանէ մեր հարցումներուն։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ծանօթներէս մէկուն այցելութեան՝ «Աչք լոյս»ի գացի: Երիտասարդ որդին, եօթ տարուան բացակայութենէն ետք, վերադարձած էր. երջանկութիւնը պատած էր ընտանիքի բոլոր անդամներուն. երջանկութիւնը փոխարինած էր կարօտին, թաց աչքերուն՝ ժպիտին փայլքը:
ԵՐԱՄ
Ամառնային տաք օր մը, ճանճախեղդ մեր հիւղակին մէջ աշխարհ եկեր եմ ես։ Մայրս մինակ ունեցեր, մինակ մեծցուցեր է զիս։ Հայրն ինծի համար անծանօթ բան մըն է։
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծանուն աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան բախտաւորուեցաւ իր անդրանիկ զաւակով։ Այսպէս, Հենրիխ Մխիթարեան-Պեթի Վարդանեան ամոլը որդի մը ունեցան եւ նորածինը կոչեցին Համլէթ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կը մեկնի Մոսկուա, ուր կը հիւրընկալուի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Սուրիոյ տագնապի ծիրէն ներս, երբ Իտլիպի վերաբերեալ իրադարձութիւնները ստացած են բաւական հրատապ բնոյթ մը՝ Էրտողանի եւ Փութինի այս հանդիպումը կը կրէ չափազանց կարեւոր նշանակութիւն։
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ կը շարունակուի ԳՀԽ-ի նստաշրջանը՝ Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ:
Յառաջիկայ աշնան նախատեսուած Ազգային-եկեղեցական ժողովի նախապատրաստական աշխատանքները ընթացքի մէջ:
Երէկ, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի հոգեզմայլ արարողութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Ներկայ էին Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան, Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ այլ դպիրներ։
ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վեածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ նշանակութիւն ունի քահանային նախքան Բեմ բարձրանալը իր ձեռքերը բանալը:
Պատասխան. Ինչպէս որ սովորութիւն է նախքան սեղան նստիլը ձեռքերը լուալը, այդպէս ալ պէտք է սուրբ եւ մաքուր սիրտով (որ ձեռքերու լուացումին օրինակ է) Սուրբ Սեղանին մօտենալ, ինչպէս որ քահանան կ՚ըսէ.
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Կա՛նգ առ ժամանակ…
Գէթ պահ մը մի՛ յառաջանար, այլ ընդհակառակն։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Թերթապատում. 1910-1911 թուականներու մամուլի անդրադարձները Կոմիտաս Վարդապետի մասին» վերջերս լոյս տեսած մեծածաւալ գիրքը սեղանիս վրայ փառաւոր բազմած գիրքերէն մին է: Օրեր առաջ ծաւալուն նիւթով անդրադարձանք գիրքի երեւանեան շնորհանդէսին (կազմող՝ երաժշտագէտ Արմինէ Գրիգորեան):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ո՛չ մէկ յանցանք անպատիժ կը մնայ։ Այս իմաստով ամերիկացիներ կ՚ըսեն.- Your sin will find you out.