Արխիւ
Ամերիկահայ շրջանակներ վերջերս ողջերթի երեկոյթ մը կազմակերպեցին ի պատիւ դեսպան Վարուժան Ներսէսեանին, որ այս շրջանին Ուաշինկթընի մէջ կ՚աւարտէ իր առաքելութիւնը եւ իրեն պիտի փոխարինէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի լծակիցներէն Լիլիթ Մակունց, որ ցարդ դիւանագիտական աշխատանքի որեւէ փորձառութիւն չէ ունեցած։
Ամերիկահայ շրջանակներ քննադատաբար կը վերաբերին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի լծակիցներէն Լիլիթ Մակունցի Ուաշինկթընի մօտ դեսպան նշանակուելուն:
Հրատարակիչ Յարութ Սասունեան. «Ես չեմ լսած որեւէ կազմակերպութիւն, որ համամիտ ըլլայ Վարուժան Ներսէսեանի փոխարինման։ Նախագահ Ճօ Պայտընի վարչախումբը կը ձգտի լաւ յարաբերութիւններ մշակել Հայաստանի հետ։ Ճիշդ հիմա էր ժամանակը՝ կարող եւ փորձառու դիւանագէտ մը ունենալու համար, թէ՛ Սպիտակ տան եւ թէ համայնքին հետ աշխատելու տեսանկիւնէն»:
Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով երէկ այցելեց՝ Արցախի վերջին պատերազմէն յետոյ իր երկրի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս կառուցուած զօրամասերը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Զաքիր Հասանով հրամանատարներէն պահանջեց բարձրացնել զինուորներու մարտունակութեան մակարդակը։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 76-րդ նստաշրջանի բացման ընդառաջ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ Մոսկուա մատնանշեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակի կարգաւորման կարեւորութիւնը։
Հայաստանի մէջ օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու նոր վերնախաւի ձեւաւորման գործընթացը գրեթէ հասած է իր աւարտին։ Երէկ, Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ ընտրուեցաւ Յակոբ Արշակեան, որ նախորդ շրջանի կառավարութեան նախարարներէն մին էր։
Նախկին պաշտպանութեան նախարար, այժմ ընդդիմադիր երեսփոխան Սէյրան Օհանեան վերապահ է տարածքաշրջանի ապաշրջափակման շուրջ:
«Պիտի գան լեցուին Սիւնիքի մէջ, մեզ տնտեսական ճնշման պիտի ենթարկեն։ Այլ անուններով կալուածներ պիտի գնեն, ինչ որ որեւէ օգուտ պիտի չբերէ մեզի»:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Թեհրան, ուր կը մասնակցի Իրանի նորընտիր նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիի երդման արարողութեան։ Սա յուլիսի 20-ի արտահերթ ընտրութենէն վերջ Նիկոլ Փաշինեանի երկրորդ արտասահմանեան ուղեւորութիւնն է։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական բարձր տնօրինութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կատարուեցան շարք մը կարեւոր նշանակումներ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգի հաղորդումներով, եկեղեցականներու նոր նշանակումները ի զօրու պիտի դառնան 15 օգոստոս 2021 թուականի դրութեամբ։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ յատկանշական շնորհանդէս, Հայկ Քիւչիւքեանի վառ յուշերը:
«Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախաձեռնած «Անձայնութեան ձայնը» բանաւոր պատմութեան ծրագրի շրջանակէն ներս լոյս տեսաւ «Գնալըկղզեցի հայերը կը խօսին» շահեկան գիրքը:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Իմ ընտանիքը հաւատաւոր է: Մայրս միշտ կ՚ըսէր, թէ կը հաւատայ իր մէջ ապրող Աստուծոյ: Այո՛, առանց Տէրը ճանչնալու, վերջինիս պատգամն ու կամքը կատարելու, առանց եկեղեցի այցելելու, Աստուածաշունչ կարդալու, կը հաւատար Բարձրեալի գոյութեանը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեսուներկու տարի առաջ այս օրը, Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքեց անզուգական գիտնական Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան:
Սիրարփին Պոլիս ծնած ըլլալով, իր հիմնական գործունէութիւնը ծաւալած է Պոլիսէն դուրս:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
-Եառոնտա. մարդիկ երբ սեւ սքեմ կը տեսնեն, կը սկսին իրենց ցաւերը, խնդիրներն ու մեղքերը յայտնել մեզի: Ինչպէ՞ս պէտք է վարուինք անոնց հետ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Նախորդ յօդուածիս մէջ խօսեցանք մեր մէջ տարածուած օտարամոլութեան ախտին մասին, որ սպառնալիք է մեր ինքնութեան ու ազգային դիմագիծին: Սակայն այդ օտարամոլութեան ախտը առանց դադար առնելու կը շարունակէ ներխուժել մեր արեան մէջ՝ մեզ հեռացնելով հայկականէն ու մօտեցնելով օտարին:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Մենք յաճախ կը հպարտանանք, թէ առաջին ժողովուրդն ենք, որ ընդունեց քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն: Ճիշդ այդ պահուն մենք կը գործենք ահռելի մեղք մը, քանզի հպարտութիւնը մեծ մեղք է:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երբեւիցէ լսա՞ծ էք օտար երաժշտութիւն, կարդացա՞ծ էք օտար գրականութիւն, ներկայ գտնուա՞ծ էք օտար թատրերգութեանց եւ կամ երգահանդէսներու: Նուազագոյնը օտարալեզու ժապաւէն նայա՞ծ էք. եթէ այո, հետեւաբար համակարծիք պիտի ըլլա՞ք այն տեսակէտին, որ օտարինը աւելի գրաւիչ, դիւթիչ ու հրապուրիչ է քան՝ հայկականը:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Թենեսի նահանգին մէջ կը գտնուի «Թիթանիքի» թանգարանը, որու պատին վրայ պատկերուած է սառցաբեկոր մը, որ փլուզուած է: Ըստ թանգարանի ֆէյսպուքի էջին, միջադէպի հետեւանքով երեք այցելու տուժած է:
Հայաստանի մէջ օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութեան նոր վերնախաւի ձեւաւորման գործընթացը կը շարունակուի։ Նորընտիր խորհրդարանը, որ ընտրուեցաւ վերջին արտահերթ ընտրութիւններով, երէկ առաջին փոխ-նախագահ ընտրեց Ռուբէն Ռուբինեանը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Այս առթիւ Մաքրոն Փաշինեանը շնորհաւորեց վարչապետ վերանշանակուելու կապակցութեամբ։
Նախագահ Արմէն Սարգսեանէն կարեւոր դիտարկումներ. «Ապագան մենք ենք՝ որպէս մէկ ամբողջութիւն, միաւորուած ընդհանուր պատմական յիշողութեամբ,
ինչպէս նաեւ մեր երեխաներու եւ նախնիներու նկատմամբ պարտքով։ Անոնք դարեր շարունակ պայքարած են սեփական անկախ պետութիւն ունենալու համար։ Մենք պարտաւոր ենք խորապէս գիտակցիլ եւ արժեւորել միջազգայնօրէն ճանչցուած մեր պետականութեան գոյութեան փաստը։ Պէտք է ամէն ինչ ընել մեր պետութիւնը պաշտպանելու եւ պահպանելու համար՝ որպէս հիմնական համազգային գաղափարախօսութիւն, որպէս կարեւորագոյն համահայկական արժէք»:
«Սահմանափակ աշխարհաքաղաքական եւ բնական պաշարներով, փոքր երկիրներու գոյատեւումը եւ զարգացումը առաւելապէս կախեալ են պետութեան որակէն, պետական կառավարման որակէն եւ մարդկային ներուժի հետ որակեալ, համակարգուած աշխատանքէ։ Մենք պէտք է հրաժարինք աճպարարական գործունէութենէ եւ պէտք է անցնինք բովանդակային գործունէութեան»:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
«Ես Փաշինեանը շատ կը սիրեմ ու կը յարգեմ», երէկ ինծի խոստովանեցաւ ծանօթ մը։ «Շատ լաւ կ՚ընէք, -պատասխանեցի- իսկ ինչո՞ւ այդքան կը սիրէք ու կը յարգէք»։