Արխիւ

Շաբաթ, Յունիս 20, 2020

Երէկ, Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանի Շէնգաւիթի մասնաճիւղէն ներս շարունակուեցաւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի վերաբերեալ դատավարութիւնը։ Սա անոր խափանման միջոցը յստակեցնելու ուղղեալ քննութիւն մըն է։

Շաբաթ, Յունիս 20, 2020

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրաժարեցաւ Մոսկուա մեկնելու որոշումէն՝ մասնակցելու համար Բ. Աշխարհամարտի աւարտի 75-ամեայ յոբելեանին ձօնուած մեծ զօրահանդէսին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան երէկ նամակ մը ուղարկեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին։

Շաբաթ, Յունիս 20, 2020

Հայաստանի եւ Արցախի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդներու համատեղ նիստը՝ Երեւանի մէջ:
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, Ատրպէյճան հաւանական արկածախնդրութիւնով անդառնալի աւերներու կրնայ ենթարկուիլ:

Շաբաթ, Յունիս 20, 2020

Թուրքիա եւ Իտալիա կ՚աշխատին Լիպիոյ մէջ մշտական խաղաղութեան համար:
Չավուշօղլու եւ Տի Մայիօ անդրադարձան Արեւելեան Միջերկրականի իրադարձութիւններուն:

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ընտանիքի գաղափարը Աստուծոյ մէկ հրաշագործ կարգադրութիւնն է մարդկութեան համար։ Արդարեւ ընտանիքը մարդկային ընկերութեան ողնայա՛րն է։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2020

Վիեթնամի մէջ բացուած է հինգ աստղանի պանդոկ մը, որու թէ՛ արտաքինը եւ թէ ներքնամասը պատուած է ձոյլ ոսկիով։ Այս արտասովոր շէնքին մասին կը տեղեկացնէ պանդոկի պաշտօնական կայքէջը։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2020

Իտալիոյ իշխանութիւնները կը ծրագրեն վերականգնել Թոսքանա մարզին մէջ գտնուող Վալի լիճի տակ մնացած երբեմնի գիւղը։
Ֆապրիքէ տէ Քարեճին անունով այս գիւղը հիմնուած է 12-րդ դարուն, սակայն 1946-ին այստեղ ջրաելեկտրակայանի կառուցման նպատակով ամբարտակ ստեղծուած է ու գիւղը մնացած է ջուրի տակ։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2020

Սպանիոյ Ալմերիա քաղաքի բնակիչ այր եւ կին մը կ՚ապրի վերամշակուած շիշերէ, կերպընկալէ ամաններէ, ինքնաշարժի հինցած անիւներէ եւ աղբէ կառուցուած տունի մը մէջ։
Լաուրա Տէյվիս եւ Տէյվիտ Պիւքենըն այս իւրօրինակ տունը սկսան կառուցել 2007 թուականին

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2020

Աշխարհի ամենաբարձրահասակ շունը մրցանիշ մը եւս հաստատած է ու եղած՝ աշխարհի ամենատարեց գերմանական շունը։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2020

Քորոնաժահրի համավարակին դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներու իշխանութիւնները տնօրինած են նոր կարգադրութիւններ. դիմակ կրել, ընկերային հեռաւորութիւնը պահպանել եւ ձեռքերը միշտ եւ ուշադրութեամբ լուալ։ Մարդիկ, սակայն, միշտ ուշադրութիւն չեն ըներ ընկերային հեռաւորութեան կանոնին։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2020

Իրլանտայի Պելֆասթ քաղաքի բնակչուհի 35-ամեայ Քայլի Քլարք ճագարներու բուծմամբ կը զբաղի։ Մէկ ամիս առաջ անոր ճագարներէն մէկը ծննդաբերութիւն ըրաւ, սակայն ձագերէն մէկը առանց ականջներու ծնաւ։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2020

«Թիթանիք» նաւու խորտակումէն գրեթէ 108 տարի վերջ աճուրդի հանուած է նաւը խորտակած սառցալերան լուսանկարը։
Սառցալերան սեւ ու սպիտակ լուսանկարը Ատլանտեան ովկիանոսը կտրելէ առաջ լուսանկարուած է ուրիշ ուղեւորատար նաւու մը նաւապետին կողմէ՝ «Թիթանիք»ի խորտակումէն երկու օր առաջ։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2020

Խոր ցաւով տեղեկացանք, թէ Նիսի մէջ վերջերս իր մահկանացուն կնքած է նախկին պոլսահայ, ֆրանսահայ ազգային գործիչ Արթօ Օքսայեան։ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի հաղորդումներով, 13 յունիսին ան երկարատեւ հիւանդութենէ վերջ աչքերը փակած է կեանքին՝ 74 տարեկան հասակին։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի ուղղութեամբ Հայաստան-Սերպիա սերտ համագործակցութիւն:
Պելկրատէն Երեւան կը հասնին առողջապահական համակարգի համար անհրաժեշտ բժշկական սարքաւորումներ:

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2020

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտարարեց, որ քորոնաժահրի համավարակի աւարտէն վերջ մտադիր է վերադառնալ ATOM նախագահական նախաձեռնութեան, որու նպատակն է երկիր առաջնորդել միջազգային կազմակերպութիւններ եւ արհեստական բանականութեան զարգացման համար տարրալուծարաններ ստեղծել։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2020

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ արձագանգեց վերջին օրերուն Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ժողովին՝ 1915 թուականի դէպքերուն վերաբերեալ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ կատարուած խորհրդակցութեան կապակցութեամբ պաշտօնական աղբիւրները սահմանափակ հաղորդումներ կատարած էին։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2020

«Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայած է հետաքրքրական գիրք մը, որու հեղինակն է ամերիկահայ ակադեմական ու հասարակական գործիչ Առլէն Ոսկի Աւագեան։ «Առիւծ կնոջ կտակը. ամերիկահայուհիի մը ուղեւորութիւնը դէպի ֆեմինիզմ» կը կոչուի այս գիրքը, որ առաջին անգամ 1992 թուականին հրատարակուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2020

Վաղը Թուրքիոյ բոլոր քաղաքներուն մէջ փողոց դուրս գալու սահմանափակում պիտի գործադրուի՝ լիսէներու մտից քննութեան բերումով։ Այսպէս, ժամը 09.00-15.00-ին պիտի գործադրուի սահմանափակումը, թէեւ սննդամթերքի խանութները բաց պիտի ըլլան։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2020

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Շիշլի մարզակումբի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ հիւրընկալուեցան ակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ ակումբի անդամներէն Զարեհ Քարաքաշ։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2020

Յայտնի դիւանագէտ Վոլքան Պոզքըր ՄԱԿ-է ներս կատարուած ընտրութեան արդիւնքով քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ապահովելով՝ ընտրուեցաւ Ընդհանուր ժողովի նախագահ։ Այսպէսով առաջին անգամ Թուրքիայէն ներկայացուցիչ մը պիտի նախագահէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին։

Էջեր