Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մարտ 3, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Երջանկութիւնը առողջութեան պայմաններէն մին է անշուշտ, բայց փոխադարձաբար՝ առողջութիւնն ալ երջանիկ ըլլալու պատճառներէն մէկն է։ Ուրեմն, առողջ մարդը երջանիկ է, եւ երջանիկ մարդն ալ՝ առո՛ղջ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 3, 2021

Հայաստանի առկայ քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ լուծման որոնումները կը շարունակուին։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան արդէն չէ վաւերացուցած՝ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնազրկման ուղղեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրամանագիրը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 3, 2021

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի հետ։ Օր մը առաջ ալ Արա Այվազեան զրուցած էր Եւրոյանձնաժողովի Հարեւանութեան եւ ընդլայնման քաղաքականութեան գծով յանձնակատար Օլիվէր Վարհէիի հետ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 3, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայաստանի քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ առիթն ունեցանք զրուցելու ընդդիմութեան վառ ներկայացուցիչներէն Գեղամ Մանուկեանի հետ։ Ան կը վարէ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի հանրահաւաքները, նախկին երեսփոխան մըն է, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդամ եւ «Երկիր մետիա» հեռուստաընկերութեան ղեկավարներէն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 3, 2021

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան 91-րդ հերթական համագումարը կազմակերպուեցաւ առցանց՝ քորոնաժահրի երկամեայ համաճարակի հետեւանքով:
Ըստ Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի, 2020-ի տագնապները ստուեր ածած են նախորդ շրջաններու տպաւորիչ նուաճումները, իսկ առկայ աղէտները անհրաժեշտ դարձուցած են առաջնահերթութիւններու լուրջ փոփոխութիւններ՝ դէպի մարդասիրական օժանդակութիւն. ասպարէզ մը, որուն մէջ ՀԲԸՄ վաղուց կ՚առանձնանայ իր վայելած վստահութեամբ եւ հեղինակութեամբ:

Երեքշաբթի, Մարտ 2, 2021

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ սփիւռքահայ մտաւորական Գէորգ Պետիկեան ներկայ տարեմուտին լոյս ընծայած է իր նոր գիրքը։ «Տարին, որ անցաւ» կը կոչուի այս մէկը, որ հեղինակի 9-րդ գիրքն է։

Երեքշաբթի, Մարտ 2, 2021

Այվազեան եւ Վարհէի անդրադարձան նաեւ Հարաւային Կովկասի իրադրութեան:
Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան օրակարգային հարցերուն շուրջ քննարկում:

Երեքշաբթի, Մարտ 2, 2021

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ բովանդակ Թուրքիայէ ներս այսօր կը սկսի նորովի բնականոնացման շրջան մը։
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ կառավարութեան հերթական նիստը, որու աւարտին հրապարակուեցան համապատասխան որոշումներ։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 2, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախկին նախարարներէն Արթուր Խաչատրեանի հետ զրուցելու առիթն ունեցանք Երեւանի Բաղրամեան պողոտային վրայ, որ օրերէ ի վեր փակ կը պահուի «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր համախմբման ցուցարարներուն կողմէ։

Երեքշաբթի, Մարտ 2, 2021

Երեւանի կեդրոնին թէ՛ իշխանութեան եւ թէ ընդդիմութեան կողմէ նոյնաժամանակ կազմակերպուած հանրահաւաքներուն մասնակցութիւն բերած ծովածաւալ բազմութիւնը կ՚ապացուցանէ, որ ճարահատ ժողովուրդը գործնական լուծում կ՚ակնկալէ երկրի հրատապ խնդիրներուն, կը պահանջէ կենսական մարտահրաւէրներու յաղթահարումը՝ քաղաքացիական բարձր պատասխանատուութեամբ: Կարգ մը մեկնաբաններ «սգոյ թափօրի զուարթ առաջնորդը» կ՚որակեն վարչապետը:
Հայաստանի քաղաքական տագնապը կը շարունակուի ամբոխավարութեան հրահրումով, վտանգաւոր լոզունգներով եւ զգացումներու շահարկումով, ինչ որ առայժմ բաւարար չ՚ըլլար հաւասարակշռութիւններուն վրայ ազդելու եւ բեկումնային պահ մը ապահովելու համար: Ազդեցութեան ամուլ պայքարները երկիրը փակուղիի կը դատապարտեն, պետականութեան տեսակէտէ ծանր հետեւանքներով հանդերձ: Փաշինեանի եւ Փութինի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցէն վերջ վարչապետի բանբերին կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները հասան զաւեշտալի համեմատութիւններու:

Երեքշաբթի, Մարտ 2, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Եուրկէն Շուլցը։ Պատրիարքարանի հանդիպման ընթացքին Շուլցին ընկերացան իր կողակիցը եւ դեսպանութեան խորհրդականներէն Փոլ Ամանն։

Երեքշաբթի, Մարտ 2, 2021

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի մէջ մեկնարկած են հայ մեծանուն երգահան, դաշնակահար Առնօ Բաբաջեանեանի 100-ամեակի ձեռնարկները: Երկար սպասուած այս յոբելեանը համընկած է Հայաստանի ներքաղաքական ճգնաժամին եւ նկատելի է, որ երկրին մէջ օրակարգը բոլորովին մշակութային չէ…

Երեքշաբթի, Մարտ 2, 2021

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Ամրան տաք օրերու հազի՜ւ զովացած երեկոներուն, տարուան երեք ամիսները զաւակներուն հետ անցընելու համար Հալէպ եկող հայրս, մեր տան մե՜ծ պատշգամը, առանց ձանձրանալու դանդաղօրէն, երկա՜ր-երկար կը լուար, Քուէյթի տօթերուն կրակը տարիներ ճաշակած՝ ամբողջ օրը արեւին տակ մնացած պատշգամի քարերուն տառապանքը կարծես կիսելով, զանոնք քար-քար կը ջրէր։

Երեքշաբթի, Մարտ 2, 2021

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Դուն կը հաւատա՞ս Աստուծոյ Որդիին» (Յհ 9.35):
Մեկնութիւն
. երկու պատճառով կը հարցնէ. նախ՝ որպէսզի փնտռելու պատճառ տայ, թէ ո՞վ է Աստուծոյ Որդին:

Երեքշաբթի, Մարտ 2, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Լեզու մը շիտակ խօսիլ, անսխալ գրել՝ ամէն բանէ առաջ այդ լեզուին հանդէպ յարգանք ցոյց տալ կը նշանակէ, յետոյ՝ կարեւորութիւն ընծայել խօսակիցին կամ ընթերցողին։ Արդարեւ, ամէն լեզու ունի իր կանոնները, որոնց հնազանդելով է, որ կարելի կ՚ըլլայ շիտակ խօսիլ եւ անսխալ գրել։

Երկուշաբթի, Մարտ 1, 2021

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Կեանքի մէջ կան անհամար բեւեռներ, հակասութիւններ. ինչպէս՝ գիշեր ու ցերեկ, տաք ու պաղ, թաց ու չոր, սպիտակ ու սեւ… Այս հակասութիւնները նաեւ կեանքի շարունակութեան անհրաժեշտ տարրերն են։ Կան նաեւ հակասութիւններ, որոնք տեղի կ՚ունենան մարդկային նախասիրութիւններու հետ կապուած. լաւ կամ վատ, դժուար կամ դիւրին… Մարդ ինքն է, որ կը նախընտրէ բարին կամ չարը։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 1, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ամէն բան ձեզի ցոյց տուի կեանքիս օրինակով՝ թէ այսպէս պէտք է աշխատիլ եւ տկարներուն օգնել, յիշելով այն խօսքը որ Տէր Յիսուս Ինք ըսաւ, թէ՝ Աւելի երջանկաբեր է տալը, քան առնելը». (ԳՈՐԾՔ. Ի 35)։
«Տկարներ», այսինքն անոնք՝ որոնք անկարող են իրենց պիտոյքը հայթայթելու։

Երկուշաբթի, Մարտ 1, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին առարկութիւններով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ետ վերադարձուց այն հրամանագիրը, որով կը նախատեսուէր Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնազրկումը։

Երկուշաբթի, Մարտ 1, 2021

1 մարտ 2008-ի արիւնալի դէպքերու տարելիցին Հայաստանի քաղաքական առկայ տագնապը կը բնորոշէ երկրին մթնոլորտը. միշտ լարուածութիւն եւ մտահոգիչ անորոշութիւն:
Իշխանութեան եւ ընդդիմութեան հանրահաւաքներ:
«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը կը շարունակէ փակ պահել մայրաքաղաքի կեդրոնի Բաղրամեան պողոտան: Ըստ երեսփոխան Էտմոն Մարուքեանի, վարչապետը որեւէ պետականամէտ քայլի չի ձեռնարկեր եւ երկիրը նպատակային ձեւով կը տանի ցնցումներու: Վազգէն Մանուկեանի համոզմամբ, այս քանի մը օրերու ընթացքին կ՚որոշուի ամբողջ պայքարի ճակատագիրը:

Երկուշաբթի, Մարտ 1, 2021

Թուրքիա ուշադրութեամբ կը հետեւի Հայաստանի ներքին քաղաքական իրադարձութիւններուն։ Բնականաբար, Անգարա չ՚անտեսեր իր հարեւանութեամբ պատահածները՝ մանաւանդ յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ, երբ Երեւան կը դիմագրաւէ ցնցումներ։

Էջեր