Արխիւ

Ուրբաթ, Յուլիս 13, 2018

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն այս առաւօտ դարձեալ հասան մտահոգիչ լուրեր։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան անմիջապէս տեղեկութիւններ փոխանցեց այս մասին։ Վեհափառ Հայրապետի հրաժարականը պահանջող տխրահռչակ խմբակի իբրեւ թէ ցուցարարները այս առաւօտ կրկին փորձեցին խաթարել համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնի անդորրն ու աղօթական միջավայրը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 12, 2018

«Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայեց երկու գիրքեր, որոնք յատկանշական կը համարուին պատմական յիշողութեան տեսակէտէ։ Այդ գիրքերէն մին կը կոչուի «Նամակ՝ Հիթլէրին»։ Միւս գիրքը կը կոչուի «Ուղեւորութիւն՝ գոյներու երկիր»։

Հինգշաբթի, Յուլիս 12, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Անգարայի մէջ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի պաշտօնակալման արարողութեան մասնակցելէ վերջ վերադարձաւ քաղաքս։ Գումգաբուի աղբիւրները երէկ հրապարակեցին Պեշթեփէի համալիրին մէջ նկարահանուած Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի եւ նորին սրբազնութեան լուսանկարը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 12, 2018

Վեհափառ Հայրապետը երէկ հիւրընկալեց նորանշանակ պապական նուիրակը:
Ֆրանսիսքոս Ա. Քահանայապետը փոխանցեց իր սէրն ու զօրակցութիւնը՝ Նորին Սրբութեան:

Հինգշաբթի, Յուլիս 12, 2018

«Ես Այվազովսքին եմ, ծնունդով Խրիմէն» շարժապատկերի հեղինակները նոր ժապաւէնով փորձած են ցոյց տալ, թէ մարդիկ ինչ կը մտածեն հանճարեղ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի մասին: 2018 թուականին արտադրուած ժապաւէնը Երեւանի 15-րդ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնին «Հայկական համայնապատկեր» մրցոյթային ծրագրին մէջ է:

Հինգշաբթի, Յուլիս 12, 2018

Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը հերքեց Ատրպէյճանի շարք մը լրատուամիջոցներուն կողմէ վերջին օրերուն տարածուած լուրերը, ըստ որոնց Փարիզի ղեկավարութիւնը ջնջած է արգելքը՝ Ատրպէյճանին ռազմական արդիւնաբերութեան արտադրանք արտածելու ուղղութեամբ։ Այդ պնդումները վերջին օրերուն լուրջ արձագանգ գտած էին Հայաստանի մէջ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 12, 2018

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսելի մէջ մասնակցեցաւ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին:
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորումը կը մնայ ԵՄ-ի առաջնահերթութիւններու շարքին:

Հինգշաբթի, Յուլիս 12, 2018

ՆԱԹՕ-ի Պրիւքսելի գագաթաժողովը ընդհանրապէս արդարացուց Թուրքիոյ ակնկալութիւնները:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան զրուցեց հաւաքի մասնակից բազմաթիւ ղեկավարներու հետ:

Հինգշաբթի, Յուլիս 12, 2018

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։ Ներկայ էին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ, որոնց նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր տեսակցութիւնը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 12, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երուսաղէմի Հին քաղաքի պատերուն մէջ բացուած ութ դարպասներէն մէկն է Եաֆայի դարպասները, ինչ որ քրիստոնէական ու հայկական թաղամասերու գլխաւոր դարպասը կը նկատուի: Եաֆայի դարպասներէն ոչ հեռու, Երուսաղէմի մուտքին մօտ, կը գտնուի Դաւիթի աշտարակը՝ հին միջնաբերդը, որ կառուցուած է Ն. Ք. 2-րդ դարուն՝ Հին քաղաքին պաշտպանութեան եւ ռազմավարական թոյլ վայրերուն ամրացման նպատակով, այնուհետեւ քանդուած եւ վերակառուցուած է զանազան նուաճողներու կողմէ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 12, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ազատութիւնը գիրք է, որ անպայման լաւ նուէր մըն է անոնց համար, որոնք կը կարողանան կարդալ։ Միւսներուն համար անիկա շէնքին ներքին զարդարանքն է լաւատես հայեցողութեամբ մը, իսկ յոռետես հայեցողութեամբ՝ օճախը վառելու միջոց մը», կ՚ըսէ ժամանակակից փիլիսոփայ մը՝ Միխայիլ Խոդորկովսկ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 12, 2018

Աշխատասիրեց՝
ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ,
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանները պահէ՛,
Որովհետեւ մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է» (Ժղ 12.13)

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018

«Ինթերֆաքս-Ատրպէյճան» գործակալութիւնը վերջին օրերուն հաղորդեց, որ Փարիզի ղեկավարութիւնը պաշտօնապէս կը դադրեցնէ ֆրանսական ընկերութիւններուն կողմէ Ատրպէյճանին պաշտպանական նշանակութիւնով արտադրանք՝ այսինքն, զէնք ու զինամթերք վաճառելու արգելքը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018

Այսօր Պրիւքսելի մէջ տեղի կ՚ունենայ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը։ Միջազգային մեկնաբաններ կը մատնանշեն, որ սա դաշինքի կարեւոր գագաթաժողովներէն մին է։ Արդարեւ, ՆԱԹՕ ընդհանրապէս թէեւ արտաքին սպառնալիքներու վրայ կը կեդրոնանայ, սակայն ներկայ փուլին առաջնահերթ դարձած են շարք մը ներքին խնդիրներ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով այսօր հանդիպում մը կ՚ունենան Պրիւքսելի մէջ։ Այս տեսակցութիւնը կազմակերպուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու նախաձեռնութեամբ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018

​Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսել։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, իր շփումները պիտի շարունակուին մինչեւ 13 յուլիս։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018

Պաշտպանական արդիւնաբերութեան գետնի վրայ Անգարա-Պաքու կապերը յատկապէս կարեւոր:
Էրտողան զրուցեց Ալիեւի հետ. «TANAP Թուրքիա-Ատրպէյճան եղբայրութեան դրսեւորումներէն մին է»:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողով՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ:
Որոշուեցաւ շաբաթ մը եւս սպասել՝ որպէսզի անդրադարձումի առիթ մը եւս ընծայուի Տ. Կորիւն Աբեղայ Առաքելեանի կողմէ գլխաւորուած տխուր շարժման անդամներուն՝ դադրեցնելու հակականոնական իրենց գործողութիւնները եւ զղջման ու ապաշխարութեան ճանապարհով վերադառնալ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ խնամակալ հովանիին տակ:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018

Խասգիւղի Ապուտարա սինակոկին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ մը:
Փոքրամասնութիւնները կը հետեւին Թուրքիոյ մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերուն:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս այս շրջանին ծագած է փոթորիկ մը։ Շուրջ ամիս մը առաջ իսկապէս արհեստական լոզունգներով, շինծու պատճառներով հրահրուած տագնապ մը ներկայիս կը բնորոշէ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգը։ Խումբ մը մարդիկ ասպարէզ կը կարդան Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին դէմ։ Տխրահռչակ խումբ մը ձեռնոց նետած է մեր հաւատքի հօր՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի մերօրեայ յաջորդին դէմ։

Էջեր