Արխիւ

Շաբաթ, Յունիս 23, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ժ. Ժ. Ռու­սօ, իր «Է­միլ» գիր­քին մէջ կ՚ը­սէ, թէ՝ կրթու­թիւ­նը կը սկսի մօր գրկին մէջ, ա­պա կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծուի դաս­տիա­րա­կու­թեամբ՝ դպրո­ցը՝ ու­սու­ցի­չին հսկո­ղու­թեա­նը տակ եւ կ՚ամ­բող­ջա­նայ ըն­կե­րա­յին մի­ջա­վայ­րի մէջ՝ ու­ղիղ եւ շի­տակ քայ­լեր առ­նե­լով։
Ա­մէն աս­պա­րէզ, ա­մէն նա­խա­սի­րուած աշ­խա­տու­թեան տե­սակ, ա­մէն ծա­ռա­յու­թիւն նուի­րա­կա՛ն է, երբ ան նպա­տակ եւ դի­տա­ւո­րու­թիւն ու­նի «մա՛րդ»ը՝ նուի­րուած է մարդ­կու­թեան բա­րօ­րու­թեան, յա­ռա­ջաց­ման եւ կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­թեան։

Ուրբաթ, Յունիս 22, 2018

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Կիրակի է: Գործերս դասաւորած աղօթք լսելու մարմաջս յագեցնելու կ՚երթամ մօտակայ Ս. Խաչ եկեղեցին: Եկեղեցիներ կան, որոնց մէջ հանգստութիւն մը կը պարուրէ քեզ, խորհուրդի մը գոյութիւնը նկատելի կ՚ըլլայ անոնց մէջ: Թէեւ այս եկեղեցին նորակառոյց է, որմերը, սիւները տակաւին չեն յագեցած մոմի ու խունկի բոյրով, սակայն հարազատ կը թուի ինծի, շարականները՝ հոգեթով ու խռովայոյզ:

Ուրբաթ, Յունիս 22, 2018

Փրոֆ. Թանէր Աքչամի մատնանշած հիմնական երեք առանցքին մէջ գլխաւոր բանալին բանաձեւուած է շատ պարզ ու յստակ ձեւով. հայկական հարցը քաղաքական է։ Սա թէեւ յայտնութիւն մը չէ, սակայն թէ՛ իր մարմնաւորած կերպարը եւ թէ իր արտայայտուած այժմու միջավայրը յատուկ իմաստ մը կրնան վերագրել այդ բնորոշման։

Ուրբաթ, Յունիս 22, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ կա­րե­ւոր տօ­նե­րէն է Թարգ­-մա­նիչ­նե­րու յի­շա­տա­կու­թեան տօ­նախմ­բու­թիւ­նը։ Ուս­տի թարգ­մա­նիչ­նե­րու ա­ռաջ­նոր­դը ե­ղաւ Սուրբ Մես­րոպ Մաշ­տոց՝ ան­մի­ջա­կան ա­ջակ­ցու­թեամ­բը Սուրբ Սա­հակ Ա. Պար­թեւ Հայ­րա­պե­տի։
Սուրբ Սա­հակ Հայ­րա­պե­տի վախ­ճա­նու­մէն յե­տոյ, Սուրբ Մես­րոպ Մաշ­տոց կ՚ապ­րի միայն վեց ա­միս, ո­րոնց շրջա­նին ի՛նքն է, որ կը հո­վուէ Հա­յոց Ե­կե­ղե­ցին։

Ուրբաթ, Յունիս 22, 2018

«ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան ապագան ալեկոծ ժամանակներու մէջ»:
Վերլուծաբան Ստեփան Գրիգորեան. «Հայաստան պէտք է իր տեղը գտնէ աշխարհի մէջ»:

Ուրբաթ, Յունիս 22, 2018

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Մոսկուա, Ուաշինկթըն եւ Փարիզ կը շարունակեն աշխատիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորման ուղղութեամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սերկէյ Լաւրով Լեռնային Ղարաբաղի հարցին անդրադարձաւ՝ հիւրընկալելու ժամանակ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսը, որ այցելեց Երեւան։

Ուրբաթ, Յունիս 22, 2018

Իսթանպուլի նորակառոյց երրորդ օդակայանը երէկ օգտագործուեցաւ առաջին անգամ։ Թէեւ տակաւին շինարարական աշխատանքները կը շարունակուին, սակայն օդակայանի թռիչքուղիները արդէն պատրաստ են։

Ուրբաթ, Յունիս 22, 2018

Պրիւքսելի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստան-ԵՄ Գործընկերութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստը:
Ժողովի աւարտին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ անդրադարձ՝ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններուն:

Ուրբաթ, Յունիս 22, 2018

Թուրքիա Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ներկայիս կը ներածէ «F-35» ռազմաօդանաւեր։ Ամերիկեան կողմը երէկ Թուրք զինեալ ուժերուն համար յանձնեց առաջին «F-35» ռազմաօդանաւը, որու համարն է 18-0001։ Այս գործարքը կ՚իրականանայ՝ հակառակ ԱՄՆ-ի Ծերակոյտին կողմէ առնուած որոշումներուն եւ Թուրքիոյ դէմ նախատեսուած պատժամիջոցներուն։

Ուրբաթ, Յունիս 22, 2018

Երեւանի մէջ աւարտին հասաւ «Արամ Խաչատուրեան երաժշտական փառատօն»ը։ Աշխարհահռչակ երաժիշտի ծննդեան 115-ամեակի յոբելենական շրջանին զուգադիպեցաւ այս տարուան փառատօնը, որու զուգահեռ կազմակերպուեցաւ միջազգային մրցոյթ մը։

Ուրբաթ, Յունիս 22, 2018

Երեւանի շարժանկարի միջազգային փառատօնը այս տարի պիտի սկսի 8 յուլիսին եւ պիտի տեւէ ութ օր:
Աստղեր պիտի բացուին Ներսէս Յովհաննիսեանի, Արա Վահունիի եւ Ալպերթ Մկրտչեանի համար, պիտի ոգեկոչուի Պերկման:

Ուրբաթ, Յունիս 22, 2018

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Ճեսի Տուփլանթիս աւետարանիչ մըն է, որ հեռատեսիլի իր քարոզներով կը տարածէ Աստուծոյ խօսքը։ Անոր աւետարանչական կեդրոնատեղին կը գտնուի Լուիզիանա նահանգի Տեսթրեհէն քաղաքին մէջ եւ աշխարհով մէկ իր հետեւորդներուն թիւը դիմատետրի (facebook) վրայ կը հասնի աւելի քան 700 հազարի։

Ուրբաթ, Յունիս 22, 2018

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով նշեց Սրբոց Թարգմանչաց տօնը։ Քաղաքիս մէջ ալ տեղի ունեցան փայլուն տօնակատարութիւններ։ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Թարգմանչաց տօնակատարութիւններուն հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։

Հինգշաբթի, Յունիս 21, 2018

Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան այցելութիւն մը տուաւ «Սինոփսիս Արմէնիա» ընկերութեան կեդրոնը:
«Բարձր փորձագիտութիւններու ոլորտը կը կոտրէ անհնարինի սահմանը եւ կ՚ընդլայնէ հնարաւորի շրջանակը»:

Հինգշաբթի, Յունիս 21, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Բջնիէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Ընդհանրապէս դպրոցականներէ բաղկացեալ այս խումբը Նորին Սրբութեան կողմէ ընդունուեցաւ մայրավանքի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ։

Հինգշաբթի, Յունիս 21, 2018

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի զգայացունց իրադարձութիւնները կը շարունակեն անմիջականօրէն զբաղեցնել օրակարգը։ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան երեսփոխան եւ Երկրապահ կամաւորներու միութեան (ԵԿՄ) նախագահ Մանուէլ Գրիգորեանի աղմկայարոյց ձերբակալման մըթ-նոլորտին մէջ իրաւապահ մարմինները հանդէս կու գան նոր նախաձեռնութիւններով։

Հինգշաբթի, Յունիս 21, 2018

Բանակը սահմանի երկայնքով կը շարունակէ լուրջ հարուածներ հասցնել ահաբեկչական լծակներուն:
Թուրք զինեալ ուժերը երէկ երկրորդ հերթապահութիւնը իրականացուցին Մենպիչի մէջ, մինչ ԵՓԿ կը լքէ շրջանը:

Հինգշաբթի, Յունիս 21, 2018

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Ս. Թարգմանչաց վարդապետներու յիշատակին նուիրուած առաջին տօնը հասաւ այս տարի՝ նուիրուած Ս. Սահակ Պարթեւի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի։ Ամէն տարի երբ այս տօնակատարութեան օրը կը հասնի, բազում յիշատակներով օծուն 2006-ի Ս. Թարգմանչացը կը յիշեմ։

Հինգշաբթի, Յունիս 21, 2018

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Նախորդ յօդուածին մէջ խօսեցանք վստահութեան մասին, զայն բաժնելով երկու մասերու: Առաջին՝ վստահութիւն Աստուծոյ նկատմամբ (այս մասին անդրադարձանք նախորդ յօդուածով), իսկ երկրորդը՝ վստահութիւն մարդու նկատմամբ, որու մասին պիտի անդրադառնանք մեր այս յօդուածով:

Հինգշաբթի, Յունիս 21, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Օրեր առաջ, Նիւ Եորքի մէջ վաճառուած է պատմութեան ընթացքին մինչեւ այսօր ամենէն սուղ գնահատուած պատկերագիրքը՝ «Ամերիկայի թռչունները» ալպոմը: Այս հռչակաւոր ալպոմը վաճառուած է մօտ 10 միլիոն ամերիկեան տոլարով:

Էջեր