Արխիւ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2018

Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի Հիմնական խումբի՝ Արեւելք-Արեւմուտք յարաբերութիւններու քննարկման նուիրուած կլոր սեղան: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ելոյթով մը հանդէս կու գայ տարածքաշրջանային հակամարտութիւններու կապակցութեամբ:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2018

Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական հանդէս մը, որ ձօնուած էր ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ հոգելոյս Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2018

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան մէջ, տեղի ունեցաւ Արաբական ծոցի երկիրներու Աստուածաշնչեան ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար, աստուածաբանութեան տոքթոր, գրող, հրապարակախօս Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» գիրքին շնորհանդէսը:

 

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2018

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Նոյեմբեր 1-ին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը հայ դասական երաժշտութեան մեծատաղանդ վարպետին՝ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի (1871-1928)։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2018

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Եւ թոյլ մի՛ տար, որ փորձութեան մէջ իյնանք. այլ մեզ չարէն ազատէ՛»:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2018

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Խոկում եւ կեանքի փորձառութիւն, ահաւասիկ այս երկու վիճակէն է, որ կը ծնի իսկական տեսիլքը՝ որուն մէջ կը բռնուին մեծ մարդիկ եւ կը ստեղծեն հրաշալիքներ։ Այս իմաստով է որ Միւսէ, ֆրանսացի բանաստեղծը կ՚ըսէ, թէ՝ «մեծ ցաւեր, տառապանքներ են, որ կը ստեղծեն հրաշագործութիւններ եւ կը զօրացնեն մարդուս նկարագիրը»։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդկութեան ընդհանուր պատմութեան մէջ՝ դարերու ընթացքին «օրէնք»ի հանգամանք էր ստացած հասարակական անհաւասարութիւնը եւ խորթութիւնները եւ մարդս մարդու ստրուկ եւ հլու կամակատար էր դարձեր։ Ահաւասիկ, մարդկային արժանապատուութեան բոլորովին ներհակ այս իրողութեան դէմ հետզհետէ հաստատուեցան հաւասարութեան, եղբայրսիրութեան եւ անձնական կատարելութեան բարձր գաղափարները։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2018

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը նախատեսէ փոփոխութեան ենթարկել՝ քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու կանոնները։ Ան կը նախատեսէ արգիլել՝ ոչ-ամերիկահպատակ ընտանիքներու ԱՄՆ-ի մէջ ծննդաբերուած զաւակներուն եւ անկանոն գաղթականներու՝ նոյնպէս ԱՄՆ-ի մէջ աշխարհ եկած զաւակներուն քաղաքացիութիւն տրուիլը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2018

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ երէկ այցելեցին Ստեփանակերտ, ուր հիւրընկալուեցան Արցախի ղեկավարութեան կողմէ։ Միջնորդները օրուան տեւողութեան հանդիպումներ ունեցան Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2018

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ յայտարարեց, որ Մենպիչէ վերջ Թուրք զինեալ ուժերու աշխատանքի դաշտը պիտի ըլլայ Եփրատի արեւելքը, ուր պիտի ոչնչացուին ահաբեկչական թիրախները։ Այս յայտարարութիւնը արդէն ընկալուած է որպէս նոր գործողութիւններու ազդանշան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Մինսքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, Արմէն Սարգսեան Մինսք այցելեց՝ Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի հիմնական խումբի հանդիպման առթիւ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2018

Մեւլիւտ Չավուշօղլու Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Զարիֆը, Զալքալիանին  եւ Մամէտեարովը:
Երկու տարբեր ժողովներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2018

«10 Քարաքէօյ»ի երդիքին տակ կազմակերպուած եզակի ու որակեալ ցուցահանդէս մը:
Երիտասարդ արուեստագէտ Արտէն Ուլիկեանի ստեղծագործութիւնները գնահատանքի առարկայ:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի խորհրդականը երէկ շուրջ մէկ շաբաթով ժամանեց քաղաքս:
Մասնագիտութեամբ թրքագէտ Գէորգ Պետրոսեան Գումգաբուի մէջ ընդունուեցաւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2018

Աշ­խա­տա­սի­րեց՝
Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Հին հայոց հաւատալիքները, կրօնը, պաշտամունքն ու դիցարանը կը կազմեն բարդ ու տարաբնոյթ համակարգ, զոր հայ էթնոսի ձեւաւորման եւ պատմական զարգացման տարբեր փուլերու արգասիքն է: 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2018

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ա­շու­նը Ար­ցա­խի մէջ իւ­րօ­րի­նակ է իր գոյ­նե­րով, բնու­թեամբ եւ առ­հա­սա­րակ՝ գա­լուս­տով։ 
Ար­ցա­խի մէջ աշ­նան բնու­թիւ­նը իւր զար­մա­նահ­րաշ գոյ­նե­րը կը տա­րա­ծէ ա­մէ­նուր։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2018

Երեւանի Մատենադարանի երդիքին տակ վերջերս հիւրընկալուեցան խումբ մը օտար գիտնականներ եւ հետազօտողներ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2018

Հայաստանի գիտաթեքնիկ հիմնադրամի (FAST) համահիմնադիր Նուպար Աֆէեան յայտարարեց, որ երկրէն ներս տեղի ունեցած յեղափոխութիւնը թէեւ ապագայի համար յոյս ներշնչած է ժողովուրդին, սակայն նշանակալի արդիւնքներու հասնելու համար միայն յոյս յայտնելը բաւարար չէ։ Ամերիկահայ գործարար ու բարերար Նուպար Աֆէեան համոզուած է, թէ Հայաստանի համար պէտք է տարուի յստակ աշխատանք, պէտք է ապահովուին յստակ ներդրումներ եւ պետական աջակցութիւն։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2018

Թուրքիա-Հայաստան սահմանին վրայ խախտման դէպքերը կը շարունակուին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի ռուս սահմանապահ զօրքերը հերթական անգամ ձերբակալեցին անձ մը, որ ապօրինի ձեւով Թուրքիայէն Հայաստան անցած էր։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նա-խագահ Արմէն Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան վերջերս Լոնտոնի մէջ մասնակցեցան արքայազն Չարլզի ծննդեան 70-ամեակին նուիրուած յոբելենական հաւաքոյթին։

Էջեր