Արխիւ
Ռուսաստանի ռազմաօդային զօրքերը երէկ ռմբակոծեցին Սուրիոյ Իտլիպ քաղաքը. Սուրիոյ բանակին կողմէ ալ թնդանօթներ կ՚արձակուին :
Չավուշօղլու-Փոմփէօ հեռախօսազրոյց, Անգարա կը հիւրընկալէ Մաասը:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ճեֆրի վերահասու դարձաւ Մերձաւոր Արեւելքի շուրջ թրքական կողմի մօտեցումներուն:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր միօրեայ այցելութիւն մը կու տայ մայրաքաղաք Անգարա։ Կը տեղեկանանք, որ նորին սրբազնութիւնը կը հիւրընկալուի Բնապահպանութեան ու քաղաքաշինութեան նախարար Մուրատ Քուրումի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան մօտաւոր անցեալի ահաբեկչական դէպքերուն հետեւանքով լուրջ վնասի ենթարկուած Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերականգնման հարցերը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Լիբանանի «Սուրբ Էջմիածնի կրօնասէր տիկնանց համախմբման» 75 անդամուհիները։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Մայրավանքի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնէն ներս։
Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան հանդիսապետեց Արամ Կիւլեիւզի թաղման կարգին:
Մշակոյթի փոխ-նախարարը ներկայ եղաւ նորոգ հանգուցեալ արուեստագէտի յուղարկաւորութեան:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ գրող Ժուլէթ Պետրոսեան Երեւանի մէջ վերջերս հրատարակած է արձակ բանաստեղծութիւններու ժողովածոյ մը։ «Արեւանա՜լ, երկինքոտուե՜լ» խորագրեալ այս ժողովածոն վերջին ամիսներուն արժանացած է գրասէրներու հետաքրքրութեան։
Եւրոմիութեան պաշտպանութեան ու արտաքին յարաբերութիւններու գծով յանձնակատար, Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ Ֆետերիքա Մոկերինի յայտարարեց, որ միջազգային յարաբերութիւններու համակարգը կ՚ապրի քաոսի ժամանակաշրջան։
Երէկ, Մոկերինի ելոյթ մը ունեցաւ ԵՄ-ի անդամ երկիրներու դեսպաններու խորհրդաժողովին ընթացքին։
Ամերիկահայ լրագրող Օշին Քէշիշեան կը տեղեկացնէ.-
Ամերիկահայ ազգային գործիչ ու բարերար Տքթ. Վարդգէս Նաճարեան եւ իր կողակիցը՝ Մերի Նաճարեան վերջերս կէս միլիոն տոլար տրամադրելով հիմնեցին ընտանեկան ֆոնտ մը։ Նաճարեանները այս նախաձեռնութիւնը կատարեցին՝ ի նշանաւորումն իրենց ամուսնութեան 60-ամեայ յոբելեանին։
Կառավարութիւնը մտադիր չէ IMF-ին դիմելու եւ ուղղակի շփման մէջ կ՚անցնի օտար ներդրողներու հետ:
Պերաթ Ալպայրաք Լոնտոնի մէջ յայտնեց, որ Թուրքիա եւ ԱՄՆ պիտի շարունակեն մնալ ռազմավարական դաշնակից:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Թարօ Քոնօ երէկ քննարկեցին միջազգային օրակարգի հարցերը:
Հայաստան եւ Ճաբոն կը նախատեսեն յարաբերութիւնները նոր հարթութեան մը բարձրացնել:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Խրղըզիստանի մէջ մասնակցութիւն բերաւ Թրքական խորհուրդի 6-րդ գագաթաժողովին:
Թուրքիա օրակարգի վրայ բերաւ առաջարկ մը՝ որպէսզի թրքախօս երկիրներու միջեւ առեւտուրը յառաջիկայ շրջանին կատարուի տեղական արժոյթներով:
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այցելեց Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան «Եոլեան» արիւնաբանական կեդրոնը։ Վեհափառ Հայրապետին հետ էր «Սիթի օֆ սմայլ» բարեգործական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Աննա Յակոբեան։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս տարուան յունուարին, Միացեալ Նահանգներու մէջ լոյս տեսաւ ամերիկահայ միլիառատէր, մեծ գործարար, Հայաստանի ազգային հերոս Քըրք Քըրքորեանի մասին պատմող «Խաղացողը» գիրքը: Գիրքին ամբողջական խորագիրն է՝ «Խաղացողը. ինչպէս առանց դահեկանի մնացած Քըրք Քըրքորեանը դարձաւ դրամատիրութեան պատմութեան ամենամեծ գործարարը»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընդհանուր առումով «անուն»ը ինքնութեան արտայայտութիւնն է։ Ուրիշ խօսքով, «անուն»ը՝ ի՛նքն է, զայն կրողը, իր անունով ինքզինք կը ներկայացնէ։ Եւ այս իմաստով, անունը ամէն տեսակ յարգանքի արժանի է, ինչպէս յարգանքի արժանի է իւրաքանչիւր անհատ, իւրաքանչիւր ինքնութի՛ւն։
Աշխատասիրեց՝ ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ,
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Միաբանական աստուածպաշտութիւնը իւրաքանչիւր անհատի վրայ կ՚ազդէ, հաւատքի մէջ յառաջդիմելու եւ կրօնական ճանաչողութիւնը լուսաւորելու: [Այլեւ] բարեպաշտութեան եւ մարդասիրութեան զգացմունքը կը զօրացնէ, եղբայրը եղբօր կը մօտեցնէ, գործած մեղքերը զղջալու կ՚առաջնորդէ, յոյսով կը մխիթարէ, հաւատքով կը քաջալերէ, եւ այսպէսով կը բազմապատկէ բոլորին եռանդը, երբ միասնաբար Աստուծոյ խօսքը կը լսեն, որով միացած է զօրութիւնը՝ քաղցրութեան հետ եւ երկնաւոր օրհնութիւնը՝ երկրաւոր փառաբանութեան հետ:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կ՚ողջունէ Հայաստանի մէջ հակածխախոտային պայքարը ու կոչ կ՚ընէ խստօրէն կարգաւորել ելեկտրոնային սիկարէթի ոլորտը։ Այսպէս, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը (ԱՀԿ) (World Health Organization) կ՚աջակցի Հայաստանի մէջ իրականացուող հակածխախոտային քաղաքականութեան, որու շրջանակներէն ներս օրէնքի նոր նախագծի մշակմամբ՝ նոր ու առաւել լուրջ կարգաւորումներ կը նախատեսուին:
Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը այս շրջանին ձեռնամուխ եղած է անվտանգութեան ապահովման ուղղեալ նոր դաշինքի մը կազմաւորման։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը այս նախաձեռնութիւնը կ՚անուանէ Մերձաւորարեւելեան ռազմավարական դաշինք (MESA) կամ անպաշտօն ձեւով՝ «Արաբական ՆԱԹՕ»։
Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական առումով կարեւոր հանդիպում մը։ Այսպէս, Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը հիւրընկալեց Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ Տ.Տ. Քիրիլ Ա. Պատրիարքը։ Ռուսաց պատրիարքին ուղեկցեցան Մետրապոլիտ Իլարիոն եւ այլ բարձրաստիճան հոգեւորականներ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Տարիներ առաջ էր եւ՝ կրկին ամառ: Ամբողջ աշխարհը գրեթէ արձակուրդի մէջ էր: Մենք ալ՝ նոյնպէս: Խորքին մէջ ինծի համար արձակուրդ ըսուածը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ՝ փախուստ մը սովորական եւ միօրինակ առօրեայէն:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Ոմանք պիտի կարծեն, թէ խնդրոյ առարկայ խնձորը ոսկիէ կամ թանկարժէք իրէ մը պատրաստուած է։ Անոնք բոլորովին կը սխալին, երբ կարդալով իրազեկ դառնան իրականութեան։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ներկայ ժամանակներուն մէջ, երբ հաղորդակցութեան բազմաթիւ գործնական եւ արագ միջոցներ ամէն օր կը ստեղծուին, տակաւին նամակատան եւ նամակաբաշխի միջոցով նամակներ ստանալը տարբեր մթնոլորտ մը կը ստեղծէ: Մանաւանդ ձեռագիր նամակները աւելի անմիջականութիւն ունին: