Արխիւ

Երկուշաբթի, Մարտ 19, 2018

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին նշուեցաւ հայոց հաւատքի հայր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մուտն ի Վիրապը։ Արարողութիւններուն նախագահեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։

Երկուշաբթի, Մարտ 19, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։

Երկուշաբթի, Մարտ 19, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Այսինքն, հողը ինքնաբերաբար կ՚աճեցնէ սերմը. նախ ցօղունը, ապա հասկը, ապա հասկին մէջ լեցուն ցորենը». (ՄԱՐԿ. Դ 28)։
Մարդուն բոլոր իմաստութիւնը եւ հանճարը չե՛ն կրնար կեանք արտադրել, կեանքի կոչել բնութեան մէկ ամենափոքր առարկային մէջ։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 19, 2018

Երկիր մոլորակի աւելի քան հինգ միլիոն բնակիչներ մինչեւ 2100 թուականը կը կորսցնեն իրենց տունը ծովու մակարդակի բարձրացման պատճառով. նոյնիսկ այն պարագային, եթէ Փարիզի համաձայնագրերը կատարուին, եւ մոլորակը աւելի տաքնայ ընդամէնը սելսիուսի 1.5-2 աստիճանով:

Երկուշաբթի, Մարտ 19, 2018

Հայկական լեռնաշխարհէն ներս արծաթագործութիւնը յայտնի է հնագոյն ժամանակներէն: Այդ մասին կը վկայեն Քարաշամբէն, Վանաձորէն, Լճաշէնէն, Լոռի Բերդէն եւ այլ հնավայրերէ պեղուած ոսկեայ, արծաթեայ բարձրարժէք գտածոները:

Երկուշաբթի, Մարտ 19, 2018

Ռուսաստանի մէջ երէկ տեղի ունեցան նախագահական ընտրութիւններ։ Ինչպէս արդէն կը նախատեսուէր, Վլատիմիր Փութին տարաւ ջախջախիչ յաղթանակ մը։ Քուէարկողներու 75 տոկոսը Փութինին վրայ կեդրոնացուց ձայները։

Երկուշաբթի, Մարտ 19, 2018

«Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններու 58-րդ օրը Թուրք զինեալ ուժերը հասան իրենց բուն նպատակին:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Չանաքքալէի մէջ յայտարարեց. «Մենք չենք գացած բռնագրաւման համար, մենք գացած ենք՝ մեր եղբայրները փրկելու համար ահաբեկչական կազմակերպութեան զուլումէն»:

Երկուշաբթի, Մարտ 19, 2018

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Յայտնի ճշմարտութիւն մըն է, որ  ընթերցանութիւնը մանաւանդ երեխաներուն համար կենսական է: Հրատարակչատուներ, մշակութային միութիւններ, անհատ հեղինակներ, երբեմն՝ գերմարդկային ճիգեր ի գործ դնելով, մանկական որակաւոր հրատարակութիւններ կը հրապարակեն:

Երկուշաբթի, Մարտ 19, 2018

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Կը թուի, որ մենք՝ հայերս արեւապաշտ ըլլալէ առաջ եղած ենք լուսապաշտ: Անշո՛ւշտ ո՛չ արեւապաշտութիւնը եւ ո՛չ ալ լուսապաշտութիւնը մեր ազգային մենաշնորհն է: Թէ՛ լոյսը, թէ՛ արեւը՝ երկուքն ալ պաշտուած են հնդեւրոպական եւ այլ հին ժողովուրդներու կողմէ ու տարածուած՝ աշխարհով մէկ:

Երկուշաբթի, Մարտ 19, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

«Առնուազն ես երեք անգամ ներկայ եղած եմ այդ դէպքին: Կար նաեւ յունաց պատրիարքը եւ մենք միասին վառեցինք մեր լապտերները», մօտաւորապէս այս խօսքերն էին, որ պատճառ կը դառնային, որ Ուղղափառ աշխարհի ամենէն «վառ» ներկայացուցիչները քննադատութեան թիրախ դարձնէին Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքի երիցագոյն միաբաններէն Տ. Սամուէլ Ծ. Վրդ. Աղոյեանը:

Շաբաթ, Մարտ 17, 2018

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Փետրուար ամսուն վերջին օրերուն եւ Մարտի սկիզբը կը գտնուէի Անգլիա եւ Հիւսիսային Իրլանտա: Ճիշդ այն օրերուն էր, երբ վրայ հասաւ այսպէս կոչուած «Արեւելքի հրէ­շը»:

Շաբաթ, Մարտ 17, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մեծ պահքի շրջանի վեցերորդ Կիրակին կը կոչուի «Գալստեան Կիրակի»։ Արդարեւ, Հին Կտակարանին տնտեսութեան գործադրութիւնը որպէս գլխաւոր նպատակ ունէր՝ պատրաստել Քրիստոսի գալուստը՝ աշխարհի Փրկչին երկինքէն երկիր գալը, ինչ որ կ՚ենթադրէ Քրիստոսի առաջին գալուստը։

Շաբաթ, Մարտ 17, 2018

Մարտ 12-ին, Ֆրան­սա­յի Ռոն Ալփ-Օ­վըրն շրջա­նի Տե­սին Շար­փիօ քա­ղա­քին մէջ սկսած են «Ֆրան­սա­յի մէջ Ար­ցա­խի օ­րեր» փա­ռա­տօ­նի ծի­րէն ներս կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նարկ­նե­րը:

Շաբաթ, Մարտ 17, 2018

Թայ­լան­տի թա­գա­ւո­րու­թեան ար­քա­յա­դուստր Մա­հա Չաք­րի Սի­րինտ­հոր ե­րէկ այ­ցե­լած է Ե­րե­ւա­նի Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի ա­նուան Մա­տե­նա­դա­րա­նը։ 
«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղորդ­մամբ՝ Մա­տե­նա­դա­րա­նի տնօ­րէն Վա­հան Տէր-Ղե­ւոն­դեա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ Մա­հա Չաք­րի Սի­րինտ­հոր շրջած է Մա­տե­նա­դա­րա­նի թանգա­րա­նա­յին հա­մա­լի­րէն ներս եւ ծա­նօ­թա­ցած է հայ ձե­ռագ­րա­կան ժա­ռան­գու­թեան։ 

Շաբաթ, Մարտ 17, 2018

«Կլոպալ ֆեստ Երեւան» արուեստի երկրորդ միջազգային մրցոյթ-փառատօնը կը միաւորէ երգարուեստի եւ պարարուեստի տաղանդաւոր ներկայացուցիչները։ Անոնց կը տրուին հնարաւորութիւն ցուցադրելու համար իրենց կարողութիւնները եւ յաջողութեան հասնիլ արուեստի ոլորտներէն ներս։

Շաբաթ, Մարտ 17, 2018

Հայ ար­տադ­րող­նե­րը մոս­կո­վեան մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սին կը ներ­կա­յաց­նեն ի­րենց ար­տադ­րան­քը եւ գոր­ծա­րար կա­պեր հաս­տա­տե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ու­նե­նան:
Հա­յաս­տա­նի Զար­գաց­ման հիմ­նադ­րա­մի ա­ջակ­ցու­թեամբ՝ երկ­րի ութ ձեռ­նար­կու­թիւն աշ­խար­հի ա­ւե­լի քան հա­զար ապ­րան­քա­նիշ­նե­րու շար­քին, Մարտ 13-16 թուա­կան­նե­րուն, Մոս­կուա­յի մէջ կը մաս­նակ­ցի «Mos­shoes 2018» կօ­շի­կի եւ կա­շիէ զար­դե­րու մաս­նա­գի­տա­ցած ցու­ցա­հան­դէ­սին:

Շաբաթ, Մարտ 17, 2018

Դեսպան Լաքոթ կը խօսի որդեգրուած արժեհամակարգի տարածքաշրջանէ ներս ամրապնդման մասին:
Ֆրասախօսութեան կազմակերպութեան Երեւանի մէջ նախատեսուած գագաթաժողովը կը հետապնդէ լուրջ նպատակներ:

Շաբաթ, Մարտ 17, 2018

Պարսից ծոց-Սեւ ծով փոխադրութեան միջանցքին համար Հայաստան կը բանակցի չորս երկրի հետ:
Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ԹՐԱՍԷՔԱ-ի միջկառավարական յանձնաժողովի 13-րդ նիստը. հայկական կողմը նախագահող:

Շաբաթ, Մարտ 17, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Սուրիոյ պատերազմի ամբողջ տեւողութեան սուրիահայութեան ապրած տագնապին, կրած կորուստներուն եւ ապրած ոդիսականին մասին գրելու պահուն կարեւորագոյն լուսարձակը կը բացուի Սուրիոյ հոգեւոր առաջնորդներուն վրայ, որոնք շատ յաճախ անտեսելով պատերազմի ամենէն ծանր դէպքերն ու անտեսելով մահուան վտանգը՝ շարունակեցին որպէս հոգեւոր առաջնորդ իրենց առաքելութիւնը: 

Շաբաթ, Մարտ 17, 2018

Պատրաստեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Գիւտ Կաթողիկոսի վախճանումէն ետք, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ս. Աթոռը թափուր էր։ Այդ ժամանակներուն կաթողիկոսական իշխանութիւնը միայն հոգեւորական շրջանակի մէջ հեղինակութիւն ունէր։ Այս թշուառ պայմաններուն տակ, 478-ին կաթողիկոս կ՚ընտրուի վախճանեալ Գիւտ Կաթողիկոսի գործակից՝ Ս. Յովհաննէս Մանդակունի Հայրապետը։ 

Էջեր