Արխիւ
Յեղափոխական ալիքով անցած շուրջ քսան օրերու մթնոլորտին մէջ Հայաստանի Ազգային ժողովը յատուկ օրակարգով նիստ մը կը գումարէ:
Բախտորոշ փուլ մը. նոր վարչապետի ընտրութիւն:
Միջազգային հանրութիւնը անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի Երեւանի յարափոփոխ կլիմային եւ ճակատագրական ներքին իրադարձութիւններուն:
Պետական աւագանին ցաւով ու փութով արձագանգեց Գատըգիւղի Սուրբ Թագաւոր եկեղեցւոյ պարագային համայնքէն ներս ստեղծուած անհանգստութեան:
Իշխանութիւններու ուշադրութեան առարկայ:
Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու հեռաձայնով կապ հաստատեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ: Գաւառապետ Մուսթաֆա Էօզարսլան այցելութիւն մը տուաւ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեանին, որու հետ շփման մէջ անցաւ նաեւ Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահին:
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ շրջանաւարտներու հաւաք։ Զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներու առընթեր, հաւաքոյթին մասնակցեցան կրթական մշակներ, ծնողներ, համակիրներ եւ հիւրեր։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Յոբելեանները առիթ կ՚ըլլան վերյիշելու մշակոյթի, գիտութեան մեր մեծերը, որոնց անունները մեր ժողովուրդին պատմութեան լուսապսակներն են: Այդ անուններէն է Վահրամ Փափազեան, որուն ծննդեան 130 եւ մահուան 50-ամեակները կը լրանան այս տարի:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Ժողովրդային իմաստութիւնը կ՚ըսէ. «Երբ կրկէսի մէջ ենք, պէտք է ըլլալ գազանազուսպը եւ ո՛չ գազաններէն մին»...
Հայրենիքը կ՚եռայ այսօր: Ան յղի է ամէն տեսակի անակնկալներով ու վտանգներով:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Պէյրութի մէջ իմ ծնունդս եւ ծննդավայրս ըլլալը իմ ընտրանքս չէր: Ոչ ալ՝ ծնողքիս եւ մեծ ծնողքիս, որոնք իրենց պապենական տունէն՝ պատմական Հայաստանէն արմատախիլ եղան եւ հաստատուեցան Հալէպ, ապա՝ Պէյրութ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մեզմէ շատ-շատերուն համար նախատեսելի էր, որ այսօր Հայաստանի Ազգային ժողովը արտակարգ նիստ մը գումարելով, հեզասահ կերպով պիտի ընտրէր երկրին նոր վարչապետը:
Սակայն ընդդիմութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ հրապարակուած տեսագրութիւնը (Ֆէյսպուքի վրայ) որոշ կասկածներ առաջ կը բերէր:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ շուրջ պատահած դէպքը ստեղծած է լայն արձագանգ։ Մասնաւորապէս՝ եկեղեցւոյ պատին վրայ գրի առնուած ազգայնական լոզունգները պատճառ դարձան, որպէսզի քաղաքական երանգ մը վերագրուի այս դէպքին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ գրիչը կ՚առնեմ եւ կը սկսիմ գրել, յաճախ կը խորհիմ, թէ ինչո՞ւ կը գրեմ։ Իրապէ՛ս, ինչո՞ւ կը գրէ մարդ, գրողին համար հետաքրքրական հարցում մըն է ասիկա։
Երբեմն կը խորհիմ, թէ արդեօք բարոյական գոհացում մը գտնելո՞ւ համար կը գրեմ։
Երեւանեան «Կալա Արտ» ցուցասրահի ղեկավարութեան նախաձեռնութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Տուպայի քաղաքի հեղինակաւոր ցուցասրահներէն մէկում երկու ամիս շարունակ ներկայացուած է հայ արդի կերպարուեստը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ո՜րքան դիւրին է խօսիլ, գաղափար յայտնել, խորհրդածել սիրոյ վրայ, բայց նո՛յնքան դժուար՝ ըսել մէկու մը՝ «կը սիրեմ», եւ աւելի՛ դժուար՝ անկեղծ ըլլալ եւ իրականացնել, գործադրել եւ կիրարկել, կեանքի կոչել զայն։
Մի՛ նայիք, որ յաճախ կը խօսուի սիրոյ մասին, եւ մի՛ կարծէք, որ ամէն «կը սիրե՛մ» ըսող անկեղծ է, քանի որ մարդկային կեանքի մէջ սէրը գործնականի վերածել՝ իրապէ՛ս սիրել շատ դժուար բան է, եթէ ո՛չ՝ անկարելի։
Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ շաբաթավերջին հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Եւրոպայի յառաջատար երեք երկիրներու ղեկավարները այս առթիւ կարծիքի փոխանակումներ ունեցան Իրանի հիւլէական ծրագրին վերաբերեալ համաձայնութեան շուրջ։
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր արժանացաւ նոր պարգեւի մը՝ այս անգամ Ճաբոնի կառավարութեան կողմէ։
Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան շաբաթավերջին հեռաձայնով յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Նորին սրբազնութեան առաջնորդի պաշտօնէն հեռանալու որոշումը որեւէ առընչութիւն չունի Պոլսոյ վերաբերեալ իր ծանօթ մօտեցումները վերատեսութեան ենթարկելու կամ պատրիարքի թեկնածու ներկայանալու հեռանկարի մը հետ:
Հակառակ պատին վրայ գրուած լոզունգին, խնդիրը բացարձակապէս չունի քաղաքական բնոյթ մը:
Գատըգիւղի Սուրբ Թագաւոր եկեղեցւոյ առջեւ այս առաւօտ կար աղբի կոյտ մը, որ մաքրուեցաւ շուտով:
Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ «Հէքեաթատօն» մը, որ «Փոքրիկ» կայքէջի նախաձեռնութիւնն էր։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը երէկ երեկոյեան ելոյթ մը ունեցաւ Ֆուլիայի գեղարուեստի կեդրոնին մէջ, որ կը գործէ Պէշիկթաշի քաղաքապետարանին առընթեր։
Գատըգիւղի ընտանիքը երէկ ուրախ Կիրակի մը ապրեցաւ թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութեան մը առթիւ։
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Նուրհան Փալաքօղլուն եւ Մէրամէթճեան վարժարանի ծնողաց միութենէն Ժիւլիէթ Տեմիրճիօղլուն եւ Լինտա Չաղլըն։
Ղալաթիոյ Ս. Փրկիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի վերջերս լոյս տեսած գիրքին շնորհանդէսը։