Արխիւ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 3, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ե­թէ մարդս պէտք է պա­տաս­խա­նա­տո՛ւ ըլ­լայ իր գոր­ծո­ղու­թեան լաւ կամ վատ հե­տե­ւանք­նե­րուն հա­մար, ան պի­տի ու­նե­նայ ո՛չ միայն ո­րո­շեալ չա­փա­հա­սու­թիւն կամ կա­տա­րեալ տա­րիք, այ­սինքն՝ ա­ռողջ եւ հա­սուն մտա­ծու­թիւն, այլ նաեւ «կամ­քի ա­զա­տու­թիւն», կամ որ նոյնն է՝ «յօ­ժա­րա­կամ հա­ճու­թի՛ւն»։­

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 2, 2016

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան մեկ­նե­ցաւ Չի­նաս­տան՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար «G-20»ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։ Պե­տու­թիւն­նե­րու կամ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու մա­կար­դա­կին վրայ կազ­մա­կեր­պուած այս գա­գա­թա­ժո­ղո­վը 11-րդն է իր նման­նե­րու շար­քին։ 

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 2, 2016

Եդուարդ Նալպանտեան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի արդի փուլի հարցերուն եւ անոնց յաղթահարման սկզբունքներուն անդրադարձաւ երէկ Փոտստամի մէջ կազմակերպուած՝ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու անպաշտօն ժողովին ընթացքին:
«Կա՛մ այն ձեւով, ինչպէս մենք կ՚ըսենք, կամ պատերազմ. այս մօտեցումը կը տանի փակուղի։ Ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը կենսական նշանակութիւն ունի»:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 2, 2016

ՇՈՒ­ՇԻԿ ՄԱ­ՒԻ­ՍԱ­ԳԱ­ԼԵԱՆ

Տա­սը տա­րի ա­ռաջ Օ­գոս­տո­սին մեզ­մէ հե­ռա­ցաւ բա­նաս­տեղ­ծու­հի եւ հրա­պա­րա­կա­խօս Սիլ­վա Կա­պու­տի­կեան: Կա­պու­տի­կեա­նը գրած է հայ­րե­նի­քին, հա­յոց լե­զուին, հայ ժո­ղո­վուր­դի ճա­կա­տա­գի­րին եւ սի­րոյ մա­սին. ան ամ­բողջ կեան­քը նուի­րած է ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քին եւ հայ­րե­նի­քին:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 2, 2016

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

Բա­նաս­տեղծ մը, կար­ծեմ ա­րաբ, կար­դա­լէ ետք Վա­հան Թէ­քէեա­նի «Մէկ Հա­տի­կըս» բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը, ը­սեր է.
«Միւս աչքն ալ հա­նե­ցէք որ­պէս­զի նման գե­ղե­ցիկ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն գրէ» (ի հարկէ բար­բա­րո­սա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն, սա­կայն միտք բա­նին կ՚ար­դա­րաց­նէ), իր դի­պուկ ո­ճով ը­սաւ Օն­նիկ Սար­գի­սեան ա­շա­կեր­տա­կան օ­րե­րուս:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 2, 2016

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ե­կե­ղե­ցա­կան եւ աշ­խար­հա­կան օ­րէն­քը հաս­տա­տու­թիւն կը գտնէ ե՛ւ բնա­կան օ­րէն­քի մէջ։ Կեն­սա­բա­նու­թիւ­նը՝ «biologie» եւ բնա­խօ­սու­թիւ­նը՝ «physiologie» ցոյց կու տան, որ բազ­մակ­նու­թիւ­նը ո՛չ միայն չի հասց­ներ իր միակ նպա­տա­կին՝ ա­ճեց­նել սե­րուն­դը, այլ, ընդ­հա­կա­ռա­կը, կը թու­լաց­նէ ու կը վատ­թա­րաց­նէ ամ­բողջ ցե­ղի կամ ազ­գի ա­ռող­ջու­թիւ­նը, կը նուա­զեց­նէ բեղմ­նա­ւո­րա­կան ու­ժը եւ կը պակ­սեց­նէ որ­դեծ­նու­թեան թի­ւը՝ խան­գա­րե­լով նաեւ ըն­տա­նե­կան բա­րո­յա­կա­նու­թիւ­նը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 2, 2016

Էօզպեքիստանի պաշտօնական աղբիւրները այս առաւօտեան ժամերուն տեղեկացուցին, թէ երկրի նախագահ Իսլամ Քերիմով մահացած է։ 

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 2, 2016

Փա­րի­զի հա­յաբ­նակ ա­րուար­ձան­նե­րէն Ար­ֆոր­վի­լի մէջ նա­խա­տե­սուած հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին փա­ռա­տօ­նը ջնջուե­ցաւ։ Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ֆրան­սա­յի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Վա­հան Եպսկ. Յով­հան­նէ­սեա­նի ջան­քե­րով կազ­մա­կեր­պուած ծրա­գիր մըն էր այս մէ­կը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 2, 2016

Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Մար­թին Շուլց ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան Շուլ­ցը ըն­դու­նեց Պեշ­թե­փէի պա­լա­տին մէջ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2016

Հա­յաս­տա­նի մէջ այ­սօր վե­րա­մուտ է։ 2016-2017 կրթա­կան շրջա­նը կը սկսի ու զու­գա­հե­ռա­բար կը նշուի՝ Սեպ­տեմ­բե­րի 1-ի Գի­տե­լի­քի օ­րը։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, ե­րէկ, վե­րա­մու­տի ըն­դա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցաւ կրթա­կան մշակ­նե­րու օրհ­նու­թեան կար­գը։ Խորհր­դա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էր նաեւ Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րար Լե­ւոն Մկրտչեան։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2016

Վրաստանի վարչապետը պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Ատրպէյճան:
Իլհամ Ալիեւ տարածքաշրջանային կայուութեան հիմք կը համարէ կողմերու ծրագրերը:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2016

​Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մը կը շա­րու­նա­կէ ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն զբա­ղեց­նել մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գը եւ այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ ձեռ­նարկուած «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւ­նը ա՛լ ա­ւե­լի նոր հար­թու­թեան մը վրայ դրած է ա­մէն ինչ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2016

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու յայ­տա­րա­րեց, որ միաս­նա­բար պէտք է լաւ ար­ժե­ւո­րել կիպ­րա­կան հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ներ­կայ վեր­ջին հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2016

Կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­նակն­կալ փո­փո­խու­թիւն մը։ Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էֆ­քեան Ա­լա հրա­ժա­րե­ցաւ իր պաշ­տօ­նէն։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2016

Պերաթ Ալպայրաք եւ Ալեքսէյ Միլըր երէկ մանրամասնօրէն քննարկեցին «Թրքական հոսք» ծրագիրը:
Թուրքիա-Ռուսաստան համագործակցութիւնը նոր հարթութեան մը վրայ պիտի դրուի ուժանիւթի ոլորտին մէջ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2016

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները յառաջիկայ շաբաթ՝ Սեպտեմբերի 8-ին ժամադրուած են Մոսկուայի մէջ:
Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին անդրադարձաւ իր ռուս պաշտօնակցին՝ Սէրկէյ Լաւրովի եւ Արլէմ Տեզիրի հետ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2016

​ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Հա­զուա­գիւտ կեր­պով կը պա­տա­հի, որ օ­տար մը հա­յե­րէն սոր­վի։ Ընդ­հան­րա­պէս հայ մար­դոց օ­տար կո­ղա­կից­ներն են որ հա­յե­րէն կը սոր­վին եւ կը շա­ղուին մեր ապ­րե­լա­կեր­պին հետ։ Սա ալ ա­ւելց­նեմ, որ վե­րո­յի­շեալ պա­րա­գա­յին՝ հա­յե­րէն սոր­վի­լը ստի­պո­ղա­կան չըլ­լար, այլ սի­րա­յօ­ժար կեր­պով։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2016

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Ա­րե­ւե­լեան թխու­թեամբ, սա­կայն եւ­րո­պա­կան քիթ ու բե­րա­նով, գե­ղա­դէմ, վեց տա­րե­կան աղջ­կան կլոր դէմ­քը յան­կարծ կը գու­նա­թա­փի, կը տժգու­նի, եւ կը սկսի կարմ­րիլ, կար­մի­րը կուլ կու տայ ամ­բողջ դէմ­քը ման­կի­կին ու պոռթ­կա­ցող աչ­քե­րուն շուր­ջի գորշ կար­մի­րը կը խո­նաւց­նեն բի­բե­րէն հո­սող կա­թիլ­նե­րը: Ոտ­քի է ան ու կը սկսի աջ բռունց­քով հա­րուա­ծել յե­տոյ­քը, թե­թեւ հա­րուած­նե­րը հետզ­հե­տէ կը սաստ­կա­նան եւ.

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2016

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​Արեւմտահայերէնով ստեղծագործող, մտածող եւ արմտահայերէնը իր առօրեային հիմնականը դարձրած Սփիւռքի սակաւ մտաւորականներէն է Մարուշ (Մարուշ Երամեան): Հալէպ ծնած, հոն ուսուցչութիւն ըրած եւ գիրքեր տպագրած գրողին նոյնպէս պատերազմը հանեց իր ծննդավայրէն եւ Մարուշ կարճ ժամանակ մը Երեւանի մէջ մնալէն ետք այսօր կը պաշտօնավարէ Գահիրէի Կիւլպէնկեան-Նուպարեան վարժարանին մէջ, իբրեւ աւագ ուսուցչուհի:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2016

Ներ­կայ աշ­նա­նա­մու­տին հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը ար­դէն աշ­խա­տան­քի ձեռ­նար­կած են 2016-2017 շրջա­նի սի­րոյ սե­ղան­նե­րուն հա­մար։ Ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան, այս ե­ղա­նա­կի ա­ռա­ջին սի­րոյ սե­ղա­նը պի­տի սար­քուի ի նպաստ Սա­մա­թիոյ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի։

Էջեր