Արխիւ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24, 2016

Ան­գա­րա­յի ա­հա­բեկ­չա­կան ա­հա­ւոր պայ­թու­մին ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն զբա­ղեց­նել հան­րա­յին կար­ծի­քը։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ ե­րէկ դէպ­քի զո­հե­րուն թի­ւը բարձ­րա­ցաւ 29-ի։

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2016

Յ. ՀԵԼ­ՎԱ­ՃԵԱՆ

Թի­թե­ղա­շէն տու­նե­րու շար­քին քա­րա­շէն տու­նե­րէն մին էր մեր տու­նը:

Մեր թա­ղի տու­նե­րուն գլխա­ւոր խնդի­րը այն էր, որ ձմե­ռը անձ­րե­ւէն գո­յա­ցած ջու­րե­րը ներս կը մտնէին, բո­լորս ան­տա­նե­լի դրու­թեան մատ­նե­լով: Մա­նա­ւանդ դպրո­ցա­կան­ներս ա­ռա­ւօտ երբ արթն­նա­յինք ու տու­նե­րը ջու­րե­րով ո­ղո­ղուած գտնէինք, մեծ ու բարդ հարց էր, թէ ինչ­պէ՞ս այդ օր դպրոց պի­տի հաս­նէինք:

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2016

Հայկական եւ անգլիական հրատարակչատուներու համատեղ նախաձեռնութեամբ ծրագիր մը:
Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան ներկայ էր Երեւանի մէջ կազմակերպուած շնորհանդէսին:

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2016

​Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​Հա­յաս­տա­նի մէջ ար­դէն շուրջ ութ տա­րիէ ի վեր՝ ու­շագ­րաւ եւ հե­տաքրք­րա­կան տօն մը կը նշուի՝ Գիրք նուի­րե­լու տօ­նը: Տա­կա­ւին Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու միու­թեան լու­սա­հո­գի նա­խա­գահ Լե­ւոն Ա­նա­նեա­նի նա­խա­գա­հու­թեան օ­րօք ո­րո­շում կա­յա­ցուած է Հա­յաս­տա­նի մէջ Փետ­րուա­րի 19-ը հռչա­կել իբ­րեւ Գիրք նուի­րե­լու ա­ւան­դա­կան օր: Այս մա­սին յայ­տա­րա­րուած է 2008 թուա­կա­նին՝ նշե­լով, որ տօ­նա­կա­տա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նո­ղը Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւնն է:

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2016

Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեան այ­սօր կ՚ա­ւար­տէ Իս­թան­պուլ կա­տա­րած իր «ան­պաշ­տօն», «մաս­նա­ւոր» հեր­թա­կան ա­ռեղ­ծուա­ծա­յին այ­ցե­լու­թիւ­նը։ Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն ներս վեր­ջին օ­րե­րուն հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի լայն ար­ձա­գանգ ստեղ­ծած է Նո­րին Ա­մե­նա­պա­տուու­թեան այս այ­ցե­լու­թիւ­նը, մա­նա­ւանդ, որ ան շա­բա­թա­վեր­ջին մեկ­նած է նաեւ Ան­գա­րա։

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան վե­րա­դար­ձաւ քա­ղաքս։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը շուրջ շա­բա­թէ մը ի վեր կը գտնուէր Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, ուր մաս­նակ­ցե­ցաւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի բարձր նա­խա­գա­հու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի նստաշր­ջա­նին։

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2016

Հա­յաս­տա­նի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին ստեղ­ծուե­ցաւ նոր կու­սակ­ցու­թիւն մը, որ կը կո­չուի՝ «Հայ­կա­կան վե­րած­նունդ»։ Կու­սակ­ցու­թեան բուն ա­նունն է «Հայ­կա­կան վե­րա­ծունդ միա­ւո­րում», ո­րու հիմ­նա­դիր հա­մա­գու­մա­րը տե­ղի ու­նե­ցաւ շա­բա­թա­վեր­ջին Ե­րե­ւա­նի մէջ, «Կա­րէն Տե­միր­ճեան» մար­զա­հա­մեր­գա­յին հա­մա­լի­րի եր­դի­քին տակ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2016

Ոչ եւս է ժա­մա­նա­կա­կից ի­րա­կա­նու­թեան ա­մե­նա­լու­սա­ւոր դէոմքերէն մին՝ պատ­մա­բան, աղ­բիւ­րա­գէտ Պետ­րոս Յով­հան­նի­սեան:

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2016

Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նը այս Հինգ­շաբ­թի պի­տի քննար­կէ հայ­կա­կան հար­ցը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Պուն­տես­տա­կի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջին վրայ նշուած է, թէ յար­գան­քի տուրք պի­տի մա­տու­ցուի հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցած ոճ­րա­գոր­ծու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին։

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան վա­ղը եր­կօ­րեայ այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տայ Նիւ Եորք։

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2016

Իրան-Ատրպէյճան փոխյարաբերութիւններու ապագային շուրջ սպասումներու եւ քննարկումներու ուշագրաւ հանգրուան մը:
Իլհամ Ալիեւի դէպի Թեհրան պաշտօնական այցելութիւնը կը սկսի տարածքաշրջանի նոր իրադրութեամբ պայմանաւորուած մթնոլորտի մը մէջ: Պաքուի ղեկավարութիւնը ներկայիս կը ջանայ հաւասարակշռութիւն գտնել միջազգային գերակայ դերակատարներու առկայ հակադիր դիրքորոշումներուն միջեւ:

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Երբ յա­ճախ կը հիւ­րա­սի­րենք բա­րե­կամ­ներ ճոխ սե­ղան­նե­րու շուրջ, խոր­հա՞ծ ենք եր­բեք թէ՝ մեր սիր­տը, մեր ան­կեղ­ծու­թիւ­նը եւ մա­նա­ւա՛նդ մեր սէ­րը ճոխ է ա­նոնց հան­դէպ, որ­քան սե­ղան­նե­րը։ Ար­դա­րեւ ճա­շա­սե­ղան մը որ­քան ալ ճոխ ու հա­րուստ ըլ­լայ, ե­թէ կը պակ­սի ի­րա­կան եւ ան­կեղծ սէ­րը՝ ա­պա ու­րեմն ո՛­չինչ պի­տի ար­ժէ ա­նի­կա։

Երկուշաբթի, Փետրուար 22, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռոյս միա­բան հայ­րե­րէն՝ Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան, 10 Փետ­րուար, Չո­րեք­շաբ­թի, մեկ­նե­ցաւ Մայր Ա­թոռ Ս. Էջ­միա­ծին, ուր մաս­նակ­ցե­եցաւ Ազգային ե­կե­ղե­ցա­կան ժո­ղո­վի Կազ­մա­կերպ­ման յանձ­նա­խում­բի նիստին, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ 12 Փետ­րուարին։

Երկուշաբթի, Փետրուար 22, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, Օ­շա­կա­նի Ս. Մես­րոպ Մաշ­տոց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Շա­հէ Վրդ. Ա­նա­նեա­նին յա­տուկ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը շնո­րհուե­ցաւ ծայ­րա­գոյն վար­դա­պե­տա­կան աս­տի­ճան։

Երկուշաբթի, Փետրուար 22, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ազ­գա­յին բա­րե­րար Սէր­կէյ Սար­գի­սո­վին (Ռու­սաս­տան) շնոր­հեց Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ «Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ» պա­տուոյ բարձ­րա­գոյն շքան­շա­նը։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը Սէր­կէյ Սար­գի­սո­վը պար­գե­ւատ­րեց՝ բարձր գնա­հա­տե­լով ա­նոր կող­մէ հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մար մա­տու­ցուած ազ­գա­նուէր ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 22, 2016

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքը շաբաթավերջին միօրեայ, կարճատեւ շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաքի մէջ:
Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեան այս առաւօտ հիւրընկալուեցաւ Օրթագիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիէն ներս: Ատենապետ Իսկէնտէր Շահինկէօզի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը կը նախատեսէ նուիրատուութիւն մը ընել Սրբոց Յակոբեանց վանքին համար:

Երկուշաբթի, Փետրուար 22, 2016

Ե­րե­ւա­նի մէջ, Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կի մօ­տա­կայ­քին կը շա­րու­նա­կուի վար­չա­կան նո­րա­կա­ռոյց ըն­դար­ձակ հա­մա­լի­րին շի­նա­րա­րու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 22, 2016

Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ Սու­րիա­հա­յու­թեան օ­ժան­դա­կու­թեան գոր­ծա­դիր մարմ­նին (SARF) կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած նուի­րա­հա­ւաք­ման ար­շա­ւի ար­դիւն­քին հան­գա­նա­կուե­ցաւ ա­ւե­լի քան 1.2 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար։

Երկուշաբթի, Փետրուար 22, 2016

Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին կա­պակ­ցու­թեամբ շա­բա­թա­վեր­ջին կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ ապ­րուե­ցան մի­ջազ­գա­յին բե­մա­հար­թա­կին վրայ։ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը Ճոն Քե­րի եւ Սէր­կէյ Լաւ­րով կա­պի մէջ էին ա­նընդ­հատ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 22, 2016

Թուր­քիա կը շա­րու­նա­կէ սաս­տիկ ու բազ­մա­կող­մա­նի պայ­քար մղել ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ։ Շա­բա­թա­վեր­ջին, դժբախ­տա­բար, եր­կի­րը ցնցուե­ցաւ նոր նա­հա­տակ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ լու­րե­րով՝ հեր­թա­կան ան­գամ ապ­րե­լով խոր յու­զում։

Էջեր