Արխիւ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս օրերուն Երեւանի մէջ «Աուրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիրներ՝ Ռուբէն Վարդանեան եւ Նուպար Աֆէեան լրագրողներուն հետ յատուկ հանդիպման ընթացքին յայտնեցին 2017 թուականի «Աուրորա» մրցանակի յաւակնորդներուն անունները: Հայերուն հիմնած միջազգային այս մրցանակը կը շնորհուի Եղեռնէն վերապրածներու անունով եւ ի երախտագիտութիւն անոնց, որոնք փրկութեան ձեռք մեկնած են հայ ժողովուրդին:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
22 Մարտ 2017. Ուիթընպերկ՝ այսպէս ըսած նախկին արեւելեան Գերմանիոյ գեղեցիկ քաղաքներէն մէկը: Հոն, ուր Մարթին Լուտեր ապրեցաւ եւ ստեղծագործեց, հիմը դնելով նաեւ եկեղեցւոյ ու ընդհանրական կեանքի բարեկարգումի գործընթացին:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Բարձրացած են ջահերը, մոմերը եւս, ու կը քալեն անոնք, արշաւ մը կազմած կ՚ուղղուին դէպի կանչը բնազդին: Այո, բնազդ դարձած կանչն է զիրենք մղողը, կանչը արդարութեան, փաստը գոյութեան հին ազգի մը, որ ունի հազարամեակներու պատմութիւն եւ դարու մը պահանջք:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային կեանքի մէջ միշտ կը պատահին անիրաւութիւններ, սխալմունքներ։ Ասիկա կը տեսնուի պատմութեան մէջ եւ այնքան ատեն որ մարդկութիւնը շարունակէ իր գոյութիւնը, պիտի պատահին, քանի որ մարդ, էապէս, թերութիւններ եւ տկարութիւններ ունեցող էակ մըն է։
Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի տիկնանց կազմէն Լիզի Չերմէ Ճիվանեանն ու Նազենի Թըրթըրը։ Հարկ է նշել, որ ատենապետուհի Մաթիլտա Ֆրատօղլուի մականին ներքեւ գործող այս յանձնախումբը կազմակերպած է կանանց հաւաքոյթ մը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օրերուն։
Պատրիարքական Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այս օրերուն կը գտնուի Գերմանիոյ մէջ։ Նորին Սրբազնութիւնը անցեալ Երեքշաբթի յետմիջօրէին մեկնած է Քէօլն։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Պեսսը։ Այս վերջնոյն կ՚ընկերանար նաեւ Իսթանպուլի մօտ ԱՄՆ-ի աւագ հիւպատոս Ճենիֆըր Տէյվիս։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը շնորհակալութիւն յայտնեց Հանրապետութեան նախագահին:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մատնանշեց, որ Էրտողանի պատգամը գոհունակութեամբ ընկալուած է համայնքին կողմէ:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերջերս Երեւանի մէջ հիւրընկալեց իտալահայ գործարար Սարօ Խիւտավերտեանը։ Հարկ է նշել, որ Սարօ Խիւտավերտեան միեւնոյն ժամանակ Միլանոյի մէջ գործունէութիւն կը ծաւալէ՝ որպէս Սփիւռքի նախարարութեան խորհրդական։
Միջազգային ճգնաժամային խումբի Եւրոպայի ծրագրերու տնօրէն Սապինա Ֆրէյզըր յայտնեց, որ Եւրոմիութիւնը կրնայ աւելի կարեւոր դեր մը խաղալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղիներու որոնման գործին մէջ։
Չեխիոյ խորհրդարանը երէկ ընդունեց բանաձեւ մը, որով ճանչցաւ ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտները։ Այս բանաձեւին հեղինակն էր Սոցիալ-դեմոկրատ Ռոպին Պեոհնիշ, որ կը գլխաւորէ Չեխիոյ խորհրդարանէն ներս Հայաստանի հետ բարեկամութեան երեսփոխանական խումբը։
Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն մէջ վերիվայրումները կը շարունակուին։ Երէկ, Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) ընդունեց Թուրքիոյ տեսակէտէ ժխտական որոշում մը, ինչ որ պատճառ դարձաւ Անգարայի ղեկավարութեան բուռն հակազդեցութեան։
Հայաստան եւ Հնդկաստան փոխյարաբերութիւններու զարգացման հետամուտ:
Փոխ-նախագահ Համիտ Անսար երէկ ջերմօրէն հիւրընկալուեցաւ Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ:
Թուրքիա տարածքաշրջանէն ներս բացարձակապէս չի հանդուրժեր ՓՔՔ-ի եւ անոր յարակից կառոյցներու ահաբեկչական լծակներուն:
Բանակը սաստիկ ռմբակոծումներ կատարեց Իրաքի Սինճարի շրջանին եւ Սուրիոյ Քարաչոք լերան մէջ. զինեալ ուժերու գործողութիւնները պիտի շարունակուին:
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ աշակերտները գարնանային գունագեղ խանդավառութեամբ տօնեցին Սուրբ Զատիկը։ Դպրոցէն ներս այս առթիւ կազմակերպուեցաւ մասնաւոր հանդէս մը, որու ընթացքին տղաքը հանդիսականներուն ներկայացուցին նաեւ տօնին խորհուրդը։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Բանալի» հարցադրում մը. բայց այդ «բանալի»ն երկսայրի սուրի նման երկու ծայրեր ունի։ Այդ երկու ծայրերու անուններն են դաւաճանութիւն եւ վստահութիւն, որոնք ընկերութեան մը երկու ներհակ «բանալի»ներն են։
«Լվովի հայկական տաճարի վերածնունդը»՝ կը մատուցուի գեղարուեստական բարձր ճաշակով:
Երեւանի մէջ, Ազգային Պատկերասրահի երդիքին տակ կազմակերպուած ցուցահանդէսը բացուեցաւ հանդիսաւորապէս:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ յաջողելու եւ մտադրուած նպատակի մը հասնելու համար անհրաժեշտ պայմաններ են՝ գիտութիւնը, աշխատութիւնը եւ կարգապահութիւնը, բայց յաջողութիւնը կատարեալ ըլլալու համար անհրաժեշտ է նաեւ այս երեք պայմաններու մէջ յարատեւութի՛ւնը։
Երէկ, Ապրիլի 24-ի առթիւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Հայոց սրբադասեալ նահատակները յիշատակուեցան այս արարողութեան ընթացքին ու միեւնոյն ժամանակ հոգեհանգստեան պաշտօն մը կատարուեցաւ 1915-ի շրջանի բոլոր զոհերուն համար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ Եկեղեցին, պատմական հնագոյն եկեղեցիներէն մին է, որուն գոյութիւնը սկիզբ կ՚առնէ առաքելական դարէն։ Չորրորդ դարու սկիզբը՝ 301 թուականին, քրիստոնէութիւնը պաշտօնապէս հռչակուած է «Հայ Ժողովուրդի պետական կրօն»՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի օրով եւ անոր միջոցով։