Արխիւ

Ուրբաթ, Մայիս 5, 2017

Իզապէլ Մոթա յառաջիկայ հինգ տարիներուն պիտի գլխաւորէ այս կարեւոր կառոյցը:
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի ղեկավարութեան մէջ հերթի փոփոխութիւն:

Ուրբաթ, Մայիս 5, 2017

Սուրիոյ ճգնաժամի յաղթահարման որոնումներուն տեսակէտէ երէկ կարեւոր համաձայնութիւն մը գոյացաւ երաշխաւոր երեք երկիրներու միջեւ:
Թուրքիա, Ռուսաստան եւ Իրան Աստանայի մէջ փաստաթուղթ մը ստորագրեցին՝ բախումներէ զերծ շրջաններու ստեղծման ուղղութեամբ: Ուաշինկթընէն մտահոգութիւններ կը հնչեն՝ մասնաւորապէս Թեհրանի եւ ահաբեկչական խմբաւորումներու պարագային - Ըստ Անգարայի աղբիւրներուն՝ մանրամասնութիւնները տակաւին պիտի յստակենան:

Ուրբաթ, Մայիս 5, 2017

Գա­րա­կէօ­զեան Տան Գնա­լը կղզիի Կազ­դուր­ման կա­յա­նի տիկ­նանց կազ­մին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ե­րէկ Ե­շի­լեուր­տի «Ման­զա­րա» ճա­շա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ մտեր­միկ հա­ւա­քոյթ մը։ Մայ­րե­րու օ­րուան ըն­դա­ռաջ կազ­մա­կեր­պուած այս ձեռ­նար­կին մաս­նակ­ցե­ցան մեր զա­նա­զան թա­ղե­րէն Կազ­դուր­ման կա­յա­նի հա­մա­կիր տի­կին­ներ։

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2017

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Հրա­տա­րակ­չա­կան բա­ժի­նը լոյս ըն­ծա­յած է «Վա­ղար­շա­պատ. վան­քե­րը եւ վի­մա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը» աշ­խա­տու­թիւ­նը՝ հե­ղի­նա­կու­թեամբ վի­մագ­րա­գէտ, պատ­մա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու թեկ­նա­ծու Ար­սէն Յա­րու­թիւ­նեա­նի:

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Քա­րե­րուն վրայ թուա­կան­ներ փո­րագ­րուած են՝ 1886, 1889..., հին­ցած փայ­տի խո­նաւ ու հա­ճե­լի բոյր մը կայ, ձմրան ձիւ­նի խո­նա­ւու­թիւ­նը տա­կա­ւին չէ ցամ­քած: Զա­ռի­վա­րը կը քա­շէ մեզ, այ­լեւ մեր քայ­լե­րը կը յա­ռա­ջա­նան, ա­ռանց նոյ­նիսկ մեզ­մէ հրա­հան­գի մը սպա­սե­լու:

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կան մար­դիկ, ո­րոնք ո­րոշ շրջա­նա­կի մը կը ծա­ռա­յեն, կան մար­դիկ, ո­րոնք ո­րոշ ժա­մա­նա­կի մը կամ տե­ղի մը կը պատ­կա­նին, եւ կա՛ն մար­դիկ ալ, ո­րոնք հա­մայն մարդ­կու­թեան կը ծա­ռա­յեն, հա­մայն մարդ­կու­թեան պատ­կա­նող ան­հատ­ներ են։ Ար­դա­րեւ, աշ­խարհ հա­կա­ռակ գի­տու­թեան, ա­րուես­տի եւ շատ մը ու­րիշ մար­զե­րու մէջ ցոյց տուած հսկա­յա­քայլ յա­ռաջ­դի­մու­թիւն­նե­րուն, շատ դան­դա­ղօ­րէն կ՚առ­նէ բա­րո­յա­կան այն քայ­լա­փո­խը, այն­քան բազ­մա­պի­սի, բարդ եւ խո­րա­խոր­հուրդ ծա­ռա­յու­թեան մտա­ծում­նե­րու հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը։

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2017

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նէն ա­շա­կերտ­ներ մրցա­նակ­ներ նուա­ճած են միջ­վար­ժա­րա­նա­յին շարք մը մրցոյթ­նե­րու մէջ։ «Նոթր Տամ Տը Սիոն» հիմ­նար­կին կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուած «Neslin değişen se­si» վար­ժա­րա­նը այս տա­րի վե­ցե­րորդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պած է պատ­մուած­քի ու բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մրցոյթ մը։

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2017

Արայի լեռը կրնայ զբօսա­շրջային վայր դառնալ: Այս մա­սին յայտնած է Հայաս­տա­նի Զբօսաշրջութեան պետա­կան կոմիտէի նախագահ Զար­մինէ Զեյթունցեան

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2017

Ե­րու­սա­ղէ­մի Հրէա­կան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ շուրջ 40-50 ոչ-հայ ու­սա­նող­ներ կ՚ու­սում­նա­սի­րեն հա­յոց լե­զու, հայ­կա­կան մշա­կոյթ ու պատ­մու­թիւն: Այս մա­սին աւստը-­րա­լիա­կան SBS-ին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին պատ­մած է հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս, Փրոֆ. Մայ­քըլ Սթոն, որ իր ամ­բողջ կեան­քը նուի­րած է հա­յոց լե­զուի ու­սում­նա­սի­րու­թեան։

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2017

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ «Դաւիթեան» հիմնադրամը միշտ կապի մէջ:
Երիտասարդներու կրթութեան եւ բարձրակարգ վերապատրաստման համար տարուած աշխատանքը գնահատանքի առարկայ:

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2017

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Գա­լի­ֆոր­նիոյ նա­հան­գի Լոս Ան­ճե­լը­սի շրջա­նի հա­յա­շատ  բնա­կա­վայ­րե­րէն Կլեն­տէյ­լի մէջ Վար­դան Կա­րա­պե­տեան կոչուե­ցաւ քա­ղա­քա­պե­տի պաշ­տօ­նի։ «Աս­պա­րէզ» օ­րա­թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րով, Մա­յի­սի 1-ին Կլեն­տէյ­լի քա­ղա­քա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը ձեռ­նար­կե­ցին քուէար­կու­թեան եւ ար­դիւն­քին միա­ձայ­նու­թեամբ քա­ղա­քա­պետ ընտ­րե­ցին Վար­դան Կա­րա­պե­տեա­նը։

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2017

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­մա­նագ­րով Եու­րի Խա­չա­տու­րով ա­զա­տուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի քար­տու­ղա­րի պաշ­տօ­նէն։ Հարկ է նշել, որ ներ­կայ ամ­սուան սկիզ­բի դրու­թեամբ Եու­րի Խա­չա­տու­րով կը կո­չուի Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) քար­տու­ղա­րի պաշ­տօ­նին։

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2017

Մամ­լոյ ա­զա­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին օ­րը ե­րէկ յա­տուկ ձեռ­նար­կով մը նշուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ «Ի­պիս» կեդ­րո­նի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Մամ­լոյ ա­զա­տու­թեան ժա­մա­նա­կը» տա­րե­կան մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը։

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2017

Թուրքիա եւ Ռուսաստան փոխադարձ ըմբռնումի մը հասած են Սուրիոյ տագնապի կարգաւորման հաւանական քաղաքական ուղիներուն շուրջ:
Րէճէպ Թայյլիպ Էրտողան եւ Վլատիմիր Փութին Սոչիի մէջ երէկ տեսակցեցան շուրջ երեք ժամ՝ քարտէսի վրայ մանրամասն քննարկելով տարածքաշրջանի իրադրութիւնը:

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2017

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արքեպիսկոպոս Ա­թէ­շեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Պէ­յօղ­լուի Ս. Ե­կե­ղե­ցեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Ներ­կայ էր նաեւ Տ. Շնորհք Ա­բե­ղայ Տօ­նի­կեան։ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի փոխ-ա­տե­նա­պետ Վահ­րամ Վար­դա­նեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած խում­բը Գում­գա­բու փու­թա­ցած էր՝ Հո­գե­գալս­տեան տօ­նին ըն­դա­ռաջ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2017

Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նը թե­ւա­կո­խած է իր հիմ­նադ­րու­թեան 130-ա­մեա­կը։ Այս յո­բե­լեա­նին առ­թիւ նա­խա­տե­սուած է յա­տուկ ձեռ­նարկ մը, որ խո­րագ­րուած է՝ «Հայ դպրո­ցը՝ ան­ցեա­լէն դէ­պի այ­սօր»։

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2017

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամփ եւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ու­նե­ցան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը։ Ա­մե­րի­կեան զօր­քե­րուն կող­մէ ան­ցեալ Ապ­րի­լի 6-ին Սու­րիոյ տա­րած­քէն ներս ռմբա­կո­ծուած էր Շայ­րաթ օ­դա­յին ռազ­մա­խա­րիս­խը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2017

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կը հիւրընկալուի իր ռուս պաշտօնակցին՝ Վլատիմիր Փութինի կողմէ:
Սոչիի բարձր մակարդակի բանակցութիւններուն ընթացքին ամենայն մանրամասնութեամբ օրակարգի վրայ կու գան տարածքաշրջանային վերջին իրադարձութիւնները:

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2017

«Էլ Ճեզիրէ» մասնաւոր նախագծի մը ձեռնամուխ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ:
Քաթարակեդրոն հեռուստակայանի Իսթանպուլի գրասենեակէն ներկայացուցիչներ այցելեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը:

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2017

​Կը տե­ղե­կա­նանք, որ «Էլ Ճե­զի­րէ» ա­րա­բա­կան հե­ռուս­տա­կա­յա­նը փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նի մը պատ­րաս­տու­թեան ձեռ­նար­կած է՝ Լեռ­նա­յին Ղա­ղա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին շուրջ։ Ծա­նօթ է, որ այս հե­ռուս­տա­կա­յա­նին կեդ­րո­նը կը գտնուի Քա­թա­րի մէջ եւ ամ­բողջ աշ­խար­հով մէկ սփռում­ներ կը կա­տա­րէ՝ ա­րա­բե­րէն, թրքե­րէն եւ անգ­լե­րէն լե­զու­նե­րով։

Էջեր