Արխիւ
Գալֆաեան Տան երդիքին տակ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանին ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Զանազան խրախճանքներով տղաքը ապրեցան տօնական շրջանի երջանկութիւնը։
Հայաստանի մէջ Նոր տարուայ եւ Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւնները եզրափակուեցան ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ հին Ամանորի թուականին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հայորդեաց տուներու աշակերտները նախընթաց օր Երեւանի մէջ հանդէս եկան հին Ամանորի օրով կազմակերպուած փայլուն ձեռնարկով մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աշխարհի մեծագոյն խորհողներ իրենց կարծիքը եւ տեսակէտը յայտնած են «մարդ» էակին մասին՝ որ միշտ կը մնայ «անծանօթ» մը, անլուծելի հարց մը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը ունեցած է ծանր կորուստ մը։ Այսպէս, հաստատութեան առաջին շրջանաւարտներէն Վահրիճ Չափարեան կնքած է իր մահկանացուն՝ խոր ցաւ պատճառելով թէ՛ իր ընտանիքին եւ թէ համայն դպրեվանքցիներուն։
ԲԱԳՐԱՏ Ծ. ՎՐԴ. ՊԵՐՃԷՔԵԱՆ
Աշխարհ կը տառապի իրերամերժ գաղափարախօսութիւններէ։
Կ՚ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր Արեւելքն ու Արեւմուտքը դարերով չկարողացան հասկնալ զիրար։
Գարակէօզեան Տան բարեյիշատակ հիմնադիր Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեան երէկ ոգեկոչուեցաւ երախտագիտական զգացումներով։ Ծանօթ է, որ ամէն տարի հանգուցեալ Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեան մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօնով մը կ՚ոգեկոչուի՝ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան նախաձեռնութեամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ղուկաս Աւետարանիչ, իր «Առաքեալներու Գործերը» գիրքին մէջ, յիշելով Տէր Յիսուսի խօսքը՝ կ՚ըսէ. «Աւելի երջանկաբեր է տալը, քան առնելը» (ԳՈՐԾ. Ի 35)։
Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն՝ Հայաստանի թանգարանները ունեցած են շուրջ երեք հարիւր այցելուներ, որոնց գերակշիռ մասը եղած են զբօսաշրջիկներ՝ Ռուսաստանէն, Չինաստանէն, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան եւ ԱՊՀ-ական երկիրներէ:
Իրանի մայրաքաղաքը՝ Թեհրանի մէջ բացուած է «Հանդիպում» (Didar) խորագրեալ հայ-իրանական ժամանակակից արուեստի ցուցահանդէսը, որ կազմակերպուած է «Արտակ Մանուկեան» թանգարանի հետ համագործակցութեամբ։ Թեհրանի «Մարիամ» պատկերասրահին մէջ բացուած այս ցուցահանդէսով միտուած է ներկայացնել հայ արուեստագէտներուն ազդեցութիւնը՝ իրանական ժամանակակից արուեստին վրայ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Պարաք Օպամա արտասանեց հրաժեշտի խօսք մը՝ ամփոփելով իր նախագահութեան տարիներն ու շնորհակալութիւն յայտնելով իր աջակիցներուն:
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ արհեստավարժ բռնցքամարտի աստղերէն Արթուր Աբրահամի հետ, որ WBO վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեանն է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հայազգի մարզիկը Հռոմի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին Սրբազան Քահանայապետին նուիրեց իր ձեռնոցները ու պատմեց մարզական աշխարհէ ներս տարած գործունէութեան մասին։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երկու ղեկավարներու խօսակցութենէն անմիջապէս վերջ յայտարարուեցաւ, որ Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ համաձայնութիւն մը գոյացած է՝ Սուրիոյ օդային մարզէն ներս կատարուելիք թռիչքներու անվտանգութեան եւ համակարգման շուրջ։
Կիպրական հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ ներկայիս կ՚ապրուին կարեւոր իրադարձութիւններ։ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան Նախագահ Մուսթաֆա Աքընճը եւ Յունական Կիպրոսի ղեկավար Նիքոս Անաստասիատիս միջոցէ մը ի վեր արդէն կը ծաւալէին խտացեալ աշխատանք։
Ռուսաստանի «Կազփրոմ» ընկերութեան եւ Վրաստանի կառավարութեան միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ՝ դէպի Հայաստան բնական կազի տարանցման պայմաններուն շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ըստ այդ համաձայնութեան, անհրաժեշտութեան պարագային Վրաստան Ռուսաստանէն կազ պիտի ստանայ 1000 խորանարդ մեթրի փոխարէն ոչ թէ 215, այլ 185 ամերիկեան տոլար սակագինով։
Հայաստանի վարչապետը հանդիպում ունեցաւ Երեւանի մօտ Իրանի, Թիւրքմենիստանի դեսպաններուն հետ:
Կարէն Կարապետեան կը նախատեսէ եռակողմանի ձեւաչափով զարկ տալ ուժանիւթի ոլորտէն ներս գործակցութեան:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի հետ։ Ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս խօսակցութիւնը, որու ընթացքին նախարարները կանգ առին Սուրիոյ ճգնաժամին վրայ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Գումգաբուի տաղաւարի ընդունելութեան եւ VADİP-ի վերջին ժողովին ընթացքին յստակեցան թրքահայ համայնքի 2017 թուականի առաջնահերթութիւնները:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս շրջանին կը փոխանցեն դրական պատգամներ, ինչ որ կը ստեղծէ այն տպաւորութիւնը, թէ ապագայ իրադարձութիւններու պարագային համախոհութիւն մը կամ փոխըմբռնում մը գոյացած է անոնց միջեւ:
«Փորթագալ» գեղարուեստի տունը Թուրքիոյ մէջ պիտի իրականացնէ առաջին լուռ աճուրդը:
Ամսթերտամէն Իսթանպուլ բերուած ընտիր նմոյշները պիտի հարստացնեն նոր տէրերու հաւաքածոները:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի սահմանամերձ Տաւուշի մարզի Բերդի տարածքաշրջանի համայնքներու նահատակեալ զինուորներու ընտանիքները։ Խումբը գլխաւորեց Տաւուշի Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան, որու կողքին էին Բերդի տարածքաշրջանի հոգեւոր հովիւները։
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Երբ դեռ ազգի վերականգնման եւ միացման մասին հայրենասէրի միամտութեամբ կը խօսինք, կը բախինք թեւաթափ ընող միտքերու եւ կեցուածքներու:


