Արխիւ
Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան լրատուական եւ վերլուծական հաղորդումներու տնօրէն, հեռուստամեկնաբան Գէորգ Ալթունեան «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեանին յանձնած է «Առաջին լրատուական» ծառայութեան ամենամեայ մրցանակը։
Թեհրանի եւ Փեքինի միջեւ համագործակցութիւնը կը զարգանայ նոր թափով։ Շաբաթավերջին Իրանի եւ Չինաստանի միջեւ կնքուեցաւ ռազմավարական համագործակցութեան համաձայնագիր մը, որ կ՚ընդգրկէ քսանհինգ տարուան ժամկէտ մը։
Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերքիա Մոկերինի այսօր շփումներ կ՚ունենայ Անգարայի մէջ, ուր կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Դէպի Թուրքիա պաշտօնական այցելութեան ընթացքին իրեն կ՚ընկերանան Եւրոյանձնաժողովի Ընդլայնման ու հարեւանութեան քաղաքականութեան գծով կոմիսար Եոհաննէս Հան եւ Մարդասիրական օժանդակութեան ու ճգնաժամերու կառավարման գծով կոմիսար Խրիստոս Սթիլիանիտէս։
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան զարգացման ու ֆրանսախօսութեան գծով պետական քարտուղար Աննիկ Ժիրարտէն շաբաթավերջին շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Հարկ է նշել, որ ան միեւնոյն ժամանակ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան մօտ անձնական ներկայացուցիչն է՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք քննարկեցին հայ-իրանական բարեկամական յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան ընթացքին վերաբերեալ նիւթեր։ Երկու նախագահները շօշափեցին նաեւ միջազգային եւ տարածքաշրջանային օրակարգի շարք մը արդի հարցերը։
Ճօ Պայտըն շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալուեցաւ Էրտողանի եւ Տավուտօղլուի կողմէ:
Թուրքիա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հասարակաց թշնամի կը համարեն ահաբեկչական կազմակերպութիւնները:
Օքսֆորտ համալսարանին մէջ կազմակերպուած «Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն» խորագրեալ խորհրդաժողովը շաբաթավերջին հասաւ իր աւարտին
ԶԵՆՈԲ ՔՀՆՅ. ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
Եկեղեցականի բովանդակ կեանքն ու գործունէութիւնը խոշորացոյցի տակ է։ Կարելի չէ հերքել կամ ուրանալ զայն։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Պարզ է, որ տեղեկատուական եւ քարոզչութեան մարզերուն մէջ շարժապատկերը շատ կարեւոր գործօն է, մանաւանդ երբ արուեստի մակարդակով եւ արժէքներով կը պատրաստուի:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքով հայ պատգամաւորներ կը հասնէին խորհրդարան: Բնական է, որ անոնց ընտրութիւնը կը բանար նոր շրջան մը Թուրքիոյ հայոց իրականութեան մէջ:
Օքսֆորտ համալսարանին մէջ կազմակերպուած «Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն» համաժողովը:
Լոնտոնի մէջ համախմբուած սփիւռքահայ մտաւորականները միտք կը բանեցնեն լեզուի հարցին շուրջ:
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Սուրբ Սարգիսը թէ՛ պատմական անձնաւորութիւն է, եւ թէ՛ սրբազան առասպելական կերպար՝ օժտուած տարբեր հմայական յատկանիշներով եւ գործառոյթներով։ Ան զանազան զրոյցներու, երգերու եւ առասպելներու հերոսն է։
Մխիթարեան վարժարանը 20-21 Յունուար թուականներուն յաջորդական կերպով տուն դարձաւ Բարեկենդանի աշակերտական խրախճանքներու: Քանի որ այս տարի Բարեկենդանը կը զուգադիպի դպրոցական կիսամեայ արձակուրդին, վարժարանի տնօրէնութիւնը յարմար տեսած էր Մեծ պահքի շրջանէն առաջ պատշաճ կերպով տօնա-խըմբել այս յատուկ զուարճութեան տօնը:
Կեդրոնական վարժարանի աշակերտները երէկ երեկոյեան Պաքըրգիւղի մէջ ներկայացուցին նահատակ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի վերյիշման ուղղեալ ծրագրերը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
23 Յունուար 2016, Շաբաթ օր, Սուրբ Սարգիսի տօնն է։
Ուստի կ՚արժէ վերյիշել, թէ ո՞վ էր Սուրբ Սարգիս։
Հարց.- Մեր նման փոքր ազգի մը համար, բաղդատմամբ մեծ տէրութիւններու, հայրենիքին մէջ հինգ կուսակցութիւն, կամ ինչու չէ աւելի նուազ, չե՞ն բաւեր ազգային քաղաքական գործունէութիւններու համար։ Ունինք երկոտասնեակէ աւելի կուսակցութիւններ հայրենիքին մէջ, ունէինք չորս հայկական կուսակցութիւն Սփիւռքի մէջ, որոնցմէ երեքը միայն գործօն են տակաւին մինչեւ այսօր։
Թուրքիա եւ Գերմանիա սերտօրէն կը համագործակցին հակաահաբեկչական պայքարի շրջագծով:
Ահմէտ Տավուտօղլու եւ Անկելա Մերքէլ վճռական պատգամներ տուին ԻՇԻՊ-ի դէմ:
2016-ի տարեմուտին դրութեամբ միջազգային բեմահարթակին վրայ կը շարունակուին քննարկումները:
Սարգսեան-Ալիեւ վերջին տեսակցութեան յաջորդած մթնոլորտին մէջ բոլոր դերակատարները վերստին կը յստակացնեն իրենց դիրքորոշումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին կապակցութեամբ:
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի յանձնարարութեամբ Երեւանի քաղաքապետարանի եւ մայրաքաղաքի վարչական շրջաններուն կողմէ 2016 թուականին եւս պիտի շարունակուին սուրիահայ ընտանիքներու աջակցութեան ծրագիրները: Այս մասին կը յայտնեն Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Ս. Սարգիսի տօնին` Յունուարի 23-ին, «Մենք մեր զինուորի կողքին ենք» ծրագիրի ծիրէն ներս՝ Արարատեան Հայրապետական Թեմը առաջին անգամ ըլլալով պիտի պարգեւատրէ զինուորները: Այս մասին յայտարարած է Արարատեան Հայրապետական Թեմի Առաջնորդանիստ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պետրոս Ա. Քահանայ Մալեան։