Արխիւ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

8 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2016, Շա­բաթ օր, Սրբոց Թարգ­ման­չաց Վար­դա­պե­տաց յի­շա­տա­կի օրն է։ Մեծ եւ նոյն­քան կա­րե­ւոր տօն մըն է, քա­նի որ երբ կը գրուի այս տո­ղե­րը, եւ այս տո­ղե­րու նման բազ­մա­թիւ գրու­թիւն­ներ, իւ­րա­քան­չիւր գրիչ որ կը շար­ժի հա­յե­րէն տող մը գրե­լու հա­մար, կը պար­տի այս օ­րուան՝ Հայ նշա­նագ­րե­րու գիւ­տին եւ Թարգ­մա­նիչ վար­դա­պետ­նե­րուն, ո­րոնք իս­կա­պէս «հրա՛շք» մը գոր­ծե­ցին եւ մշա­կոյթ մը ստեղ­ծե­ցին։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2016

Ատր­պա­տա­կա­նի Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գրի­գոր Եպիսկոպոս Չիֆթ­ճեան մեկ­ն­­ե­ցաւ Դա­րա­շամբ, Ճուլ­ֆա քա­ղա­քը, հե­տե­ւե­լու Ս. Ստե­փա­նոս վան­­քի տա­ճա­րի վե­րա­նո­րո­գու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2016

Հար­ցազ­րոյ­ց՝ Ս. Ա.

-Ի՞նչ ի­րա­վի­ճակ կը տի­րէ այժմ Հա­լէ­պի մէջ:
-Հա­լէպ կ­­՚ապ­րի կեն­ցա­ղա­յին, ըն­կե­րա­յին եւ մշա­կու­թա­յին շատ ծանր պայ­ման­նե­րու մէջ:
Բնակ­չու­թիւ­նը զրկուած է ե­լեկտ­րա­կան հո­սան­քէ, ջու­րի մա­տա­կա­րա­րու­մէ եւ այլ կեն­ցա­ղա­յին հիմ­նա­կան պա­հանջ­նե­րէ:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2016

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Ե­րե­ւա­նի մօտ Քուէյ­թի նո­րան­շա­նակ դես­պան Նաուաֆ Ապ­տիւ­լա­զիզ Ապ­տուլ­լահ Էլ Է­նէ­զը, որ յանձ­նեց իր հա­ւա­տար­մա­գի­րը։ Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան կա­րե­ւո­րեց միջ­պե­տա­կան երկ­խօ­սու­թեան շա­րու­նա­կա­կան զար­գա­ցու­մը, ո­րու հա­մար գո­յու­թիւն ու­նին բո­լոր նա­խադ­րեալ­նե­րը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2016

Նո­պէ­լեան խա­ղա­ղու­թեան մրցա­նա­կը այս տա­րի շնոր­հուե­ցաւ Քո­լոմ­պիա­յի Նա­խա­գահ Խուան Մա­նուէլ Սան­թո­սին։ Այս վեր­ջի­նը FARC կազ­մա­կեր­պու­թեան հետ յի­սու­ներ­կու տա­րի շա­րու­նա­կուած պա­տե­րազ­մին վերջ դնե­լով՝ ստո­րագ­րած է խա­ղա­ղու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գիր, ինչ որ բարձր գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նա­ցած է ու ա­ռիթ հան­դի­սա­ցած՝ որ­պէս­զի ան ար­ժա­նա­նայ այս մրցա­նա­կին։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2016

«Խաղաղութեան ջերմ մաղթանքներով Հայաստանէն՝ Սուրիոյ եղբայրական ժողովուրդին»:
Երեւանէն առաքուած մարդասիրական օժանդակութիւնը Հալէպի մէջ կը տրամադրուի կարիքաւոր բոլոր ընտանիքներուն՝ անկախ ազգութենէ: Օգնութիւն հասած է նաեւ Լաթաքիա, Քեսապ, Թարթուս եւ Դամասկոս:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2016

ՏՔԹ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

Լե­հաս­տան այս տա­րի մեծ շու­քով կը տօ­նէ իր քրիս­տո­նէաց­ման 1050-ա­մեա­կը, իսկ լե­հա­հայ հա­մայնք­նե­րը 2017 թուին կը պատ­րաս­տուին պատ­շաճ հան­դի­սու­թիւն­նե­րով յի­շա­տա­կե­լու լե­հա­հայ սփիւռ­քի կազ­մա­ւոր­ման 650-ա­մեա­կը, հիմ­նուե­լով Քա­ժի­մէժ Մեծ լեհ թա­գա­ւո­րի կող­մէ 1367 թուին Գրի­գոր Ե­պիս­կո­պո­սին շնոր­հուած ար­տօ­նագ­րին, ու­նե­նա­լու հա­մար հայ-կա­կան ե­պիս­կո­պո­սու­թիւ­նը Լվո­վի մէջ:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2016

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

Ե­րա­նի գի­նո­վին, ո­րու հա­մար աշ­խար­հը կ՚ե­րե­րայ բայց չի փլիր. ա­րեւն ան­հոգ կը ծի­ծա­ղի աշ­խար­հի ցա­ւե­րուն, ու ի՛ր ժա­մին կը թա­ւա­լի ա­նաղ­մուկ, ու աղ­ջա­մուղջն իր կար­մի­րով կու տայ գոյ­նը գրա­ւիչ մայ­րա­մու­տին: Ճամ­բա­նե­րու ո­լոր մո­լոր, օ­ձապ­տոյտ ըն­թացքն ար­դէն ե­րա­նե­լի ցուց­մունք են, ուր տե­սա­նե­լի եւ թէ ան­տես թի­թեռ­նիկ­ներ կ՚ե­լե­ւէ­ջէն իբ­րեւ ո­գի մե­ռեալ­նե­րու, ան­տառ­նե­րու գա­զան­նե­րը դար­ձեր են լուռ ու հնա­զանդ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2016

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Մա­րիա Զա­խա­րո­վա ար­ձա­գան­գեց Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րիի կող­մէ կա­տա­րուած վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թեան՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին շուրջ։ Ծա­նօթ է, որ ԱՄՆ-ի պե­տա­կան քար­տու­ղա­րը նշած էր, թէ հիմ­նախնդ­րի լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ պայ­ման­նե­րը տա­կա­ւին չեն հա­սուն­ցած եւ ինք կար­գա­ւոր­ման հա­մար ճա­նա­պարհ մը չի տես­ներ։ «Ար­մէն­փրէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, «Ռա­շա Թու­տէյ» հե­ռուս­տա­կա­յա­նի հարց­ման պա­տաս­խա­նե­լով՝ Մա­րիա Զա­խա­րո­վա ըստ հե­տե­ւեա­լի մեկ­նա­բա­նեց Ճոն Քե­րիի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը. «Կը կար­ծեմ, որ հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման կը նպաս­տեն ոչ թէ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, այլ գործ­նա­կան աշ­խա­տան­քը, ո­րով իսկ կը զբա­ղինք մենք»։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2016

Հայաստանի նոր կառավարութիւնը երէկ իր անդրանիկ ժողովը գումարեց՝ ամբողջական կազմով:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Միշտ պէտք է գտնել յառաջ երթալու ուղիները, սա է յաղթանակի բանաձեւը»:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2016

Իս­թան­պու­լի մէջ ե­րէկ պա­տա­հե­ցաւ պայ­թում մը, ինչ որ պատ­ճառ դար­ձաւ խոր մտա­հո­գու­թեան։ Այս­պէս, Ե­նի­պոս­նա­յի մէջ, «75-րդ տա­րի» ոս­տի­կա­նա­կան կեդ­րո­նին եւ յա­րա­կից զի­նուո­րա­կան հա­մա­լի­րի մօ­տա­կայ­քին կա­տա­րուե­ցաւ յար­ձա­կում մը ռում­բի պայ­թեց­մամբ։ Դէպ­քին հե­տե­ւան­քով տասն հո­գի վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։ Վի­րա­ւո­րեալ­նե­րուն վե­ցը ար­դէն դար­մա­նուած են, իսկ մնա­ցեալ չոր­սի կա­ցու­թիւ­նը յա­րա­բե­րա­բար ա­ւե­լի ծանր է։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2016

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով կը պատ­րաս­տուի այ­ցե­լել Ե­րե­ւան։ Այս­պէս Հոկ­տեմ­բե­րի 14-ին ան պի­տի մաս­նակ­ցի Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ժո­ղո­վին, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Հա­յաս­տա­նի տան­տի­րու­թեամբ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2016

Երբ սաստ­կա­ցած է Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մը, տեղ­ւոյն հա­յու­թեան դի­մագ­րա­ւած ող­բեր­գու­թիւն­ներն ալ կը սաստ­կա­նան հետզ­հե­տէ։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ Հա­յաս­տա­նի կող­մէ վեր­ջին օ­րե­րուն եր­կու օ­դա­նա­ւե­րով մար­դա­սի­րա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն ա­ռա­քուե­ցաւ դէ­պի Սու­րիա։ Դա­մաս­կո­սի Թե­մա­կալ­ Ա­ռաջ­նորդ Տ.­ Ար­մաշ Եպսկ. Նալ­պան­տեան առ­կայ ծանր մթնո­լոր­տին մէջ յայ­տա­րա­րեց, որ ե­րա­նի այդ օ­դա­նա­ւե­րը Ե­րե­ւան վե­րա­դառ­նա­յին՝ լե­ցուած սու­րիա­հա­յե­րով։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2016

Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը ամսավերջին ժողով մը պիտի գումարէ Նիւ Եորքի մէջ:
Մայր Աթոռի մէջ տեղի կ՚ունենայ միջազգային եռօրեայ գիտաժողով մը՝ հայերէն առաջին տպագիր Աստուածաշունչի 350-ամեակի յոբելեանին առթիւ:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2016

Նկար­չու­հի Վեր­շա ներ­կա­յիս ան­հա­տա­կան նոր ցու­ցա­հան­դէ­սով մը կը ներ­կա­յա­նայ գե­ղա­րուես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան։ Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Թեշ­վի­քիէի «Տե­րին­լիք­լէր» գե­ղա­րուես­տա­կան կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Վեր­շա­յի ցու­ցա­հան­դէ­սին բա­ցու­մը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2016

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Կո­րուստ» իր լայն ա­ռու­մով կը նշա­նա­կէ՝ վնաս, ձեռ­քէ ել­լել, կորսնց­նել, ու­նե­ցա­ծին նուա­զու­մը, պակ­սիլ, քիչ­նալ եւ կամ բո­լո­րո­վին ոչն­չա­նա­լը։ Ու­րեմն, այս ի­մաս­տով, կո­րուս­տը՝ վնա­սա­բեր, վնաս հասց­նող, ա­պա ու­րեմն, մար­դուս ցաւ ու վիշտ պատ­ճա­ռող ե­րե­ւոյթ մը՝ ի­րա­դար­ձու­թի՛ւն մըն է։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Կուտինայի հայկական յախճապակիի արուեստը» Երեւանի մէջ վերջին օրերուն լայն հետաքրքրութեան արժանացաւ՝ ներկայացուած ճոխ նմոյշներով:
«Կոմիտաս» թանգարան-կաճառը այս ձեռնարկով հերթական անգամ արդարացուցած է իր գոյութիւնը՝ կեանքի կոչելով կոթողային ծրագիր մը:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2016

«Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կը կը տօ­նէ իր հիմ­նադ­րու­թեան 60-րդ տա­րե­դար­ձը Փա­րի­զի Cité Universitaire-ի հայ­կա­կան եւ փոր­թու­գա­լա­կան ու­սա­նո­ղա­կան տու­նե­րուն մէջ բա­ցուած զու­գա­հեռ ցու­ցա­հան­դէս­նե­րով, ո­րոնք պի­տի շա­րու­նա­կուին մին­չեւ 2017 թուա­կա­նի Յու­նուա­րի 3-ը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2016

​Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ, «Հայ դե­րա­սան­նե­րու միու­թիւն» հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը՝ Հոկ­տեմ­բե­րի
1-8 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ կը կազ­մա­կեր­պէ «Հայ­ֆեստ» մի­ջազ­գա­յին 14-րդ թա­տե­րա­կան փա­ռա­տօ­նը, որ կը կրէ «Ի­րա­կա­նա­ցուր ե­րա­զանքդ «Հայ­ֆեստ»ի հետ» խո­րա­գի­րը:

Փա­ռա­տօ­նի հան­դի­սա­ւոր բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հոկ­տեմ­բե­րի
1-ին,  Ստա­նիս­լավս­կիի ա­նուան ռու­սա­կան տրա­մա­թի­քա­կան թատ­րո­նին մէջ, Թաշ­քեն­թի «Իլ­խոմ» տրա­մա­թի­քա­կան թատ­րո­նի «Եօթ լու­սին» ներ­կա­յա­ցու­մով:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2016

Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նի պաշտ­պա­նու­թեան յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րը ե­րէկ այ­ցե­լե­ցին Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­խա­րիս­խը։ Պուն­տես­թա­կի ան­դամ­նե­րը շուրջ հինգ ժամ մնա­ցին ռազ­մա­խա­րիս­խէն ներս, ուր կը պաշ­տօ­նա­վա­րեն եր­կու հա­րիւր գեր­ման զի­նուոր­ներ։

Էջեր