Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2016

ՅԱ­ԿՈԲ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մը մե­զի՝ հա­յե­րուս հա­մար, տար­բեր-տար­բեր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ կոր­ծա­նիչ ու անս­պա­սե­լի հե­տե­ւանք­նե­րու դուռ բա­ցաւ: Սու­րիա­հայ գա­ղու­թը վեր­ջին ա­ւե­լի քան 40-50 տա­րի­նե­րու ը­նթաց­քին դար­ձած էր ու էր սփիւռ­քին ող­նա­յա­րը, սփիւռ­քին ա­րիւն նե­րար­կո­ղը, գրե­թէ բո­լոր ո­լորտ­նե­րուն վրայ կրօ­նա­կան, ազ­գա­յին, մշա­կու­թա­յին, լե­զուա­կան, եւ այն բո­լոր ո­րո­լորտ­նե­րը, ո­րոնք սերտ ա­ռըն­չու­թիւն ու­նին հա­յու­թեան եւ նա­մա­նա­ւանդ հա­յա­պահ­պա­նու­թեան հետ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2016

Վեր­ջին թի­թե­ղա­շէն թա­ղե­րու փլու­զու­մը սկսաւ, փոր­ձե­լով ար­մա­տա­խիլ ը­նել մեր ան­ցեա­լի յի­շա­տակ­նե­րը:

Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2016

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը աշխատանք կը տանի թափով:
«Պատմութիւն հայոց աղօթամատոյցին»ը եւ «Խրատ ժամատեղեաց»ը հետաքրքիրներու տրամադրութեան տակ:

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016

Մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան նուի­րուած «Մէկ աշ­խարհ» (ONE World) 18-րդ մի­ջազ­գա­յին փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէն­նե­րու փա­ռա­տօ­նին այս տա­րի տաս­նե­րեք ա­նուա­նա­կար­գե­րու մէջ պի­տի ցու­ցադ­րուի հա­րիւրք­սա­նե­րեք ժա­պա­ւէն վաթ­սու­ներ­կու  եր­կիր­նե­րէ: Փա­ռա­տօ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Մար­տի 7-16 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ, Փրա­կի մէջ:

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այ­սօր ամ­բողջ աշ­խար­հը կը տօ­նէ Հա­մաշ­խար­հա­յին կա­նանց օ­րը: Կը հնչեն տօ­նա­կան շնոր­հա­ւո­րանք­ներ, կի­նե­րուն կը տրուին նուէր­ներ, ծա­ղիկ­ներ, բա­ցիկ­ներ… Տե­ղի կ՚ու­նե­նան մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւն­ներ, ե­րե­կոյթ­ներ ու խնջոյք­ներ: Կի­նը մէկ ան­գամ եւս կը յայտ­նուի ու­շադ­րու­թեան ներ­քոյ:

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ընդ­հան­րա­պէս կը գան­գա­տին մար­դիկ այս աշ­խար­հի վրայ ապ­րուած կեան­քէն։ Կը գան­գա­տին, քա­նի որ ցա­ւը, վիշ­տը, նե­ղու­թիւ­նը ա­ւե­լի՛ շատ կ՚ազ­դէ մար­դուս, եւ կը տպա­ւո­րէ զա­նոնք։

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016

Գա­հի­րէի մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նա­տու­նը յայտ­նուած է քա­ղա­քի ա­մե­նա­գե­ղե­ցիկ 17 վայ­րե­րու ցան­կին վրայ: «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­մա­ձայն, identity­mag.com­ը կազ­մած է Գա­հի­րէի հէ­քեա­թա­յին 17 վայ­րե­րու ցու­ցա­կը:

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016

Լի­բա­նա­նա­հայ ե­րէց սե­րուն­դի մտա­ւո­րա­կան­նե­րէն բժիշկ Կար­պիս Հար­պո­յեան վեր­ջերս այ­ցե­լեց Պէյ­րու­թի Մես­րո­պեան հայ կա­թո­ղի­կէ վար­ժա­րա­նը։ Ան բժշկա­կան գիր­քե­րու եւ յօ­դուա­ծա­շար­քե­րու յայտ­նի հե­ղի­նակ մըն է եւ իր նո­րա­գոյն գոր­ծին շնոր­հան­դէ­սը վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցած էր Պէյ­րու­թի մէջ։

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016

Ուք­րայ­նոյ Նա­խա­գահ Փեթ­րօ Փո­րո­շեն­քօ վա­ղը պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ պի­տի ժա­մա­նէ Թուր­քիա։ Եր­կօ­րեայ իր շփում­նե­րուն շրջագ­ծով ան պի­տի մաս­նակ­ցի Թուր­քիա-Ուք­րայ­նա Բարձր մա­կար­դա­կի ռազ­մա­վա­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խոր­հուր­դի հին­գե­րորդ ժո­ղո­վին։

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար, պե­տա­կան քար­տու­ղար Կրի­կո­րի Քա­րա­սին վեր­ջին օ­րե­րուն այ­ցե­լեց Պա­քու, ուր հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի հետ։ Այս առ­թիւ քննար­կուե­ցան զա­նա­զան մա­կար­դակ­նե­րու վրայ երկ­կող­մա­նի շփում­նե­րուն հե­ռան­կար­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի խնդիր­նե­րը։

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016

Վա­ղը, Պրիւք­սէ­լի մէջ, ՆԱ­ԹՕ-ի կեդ­րո­նա­կա­յա­նէն ներս տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ «Հա­յաս­տան+28» ձե­ւա­չա­փով Հիւ­սի­սատ­լան­տեան խոր­հուր­դին նիս­տը։

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016

Պաքու եւ Թիֆլիզ միշտ համամիտ են տարածքային ամբողջականութեան շուրջ:
Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Միխէիլ Ճանելիծէ այցելեց Ատրպէյճան:

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016

Տավուտօղլու ԵՄ-ի ղեկավարներուն հետ քննարկեց Սուրիոյ իրադրութիւնը եւ գաղթականաց տագնապը:
Անկանոն գաղթի եւ փախստականներու նոր հոսքի մը կանխարգիլման ուղղեալ բարձր մակարդակի բանակցութիւններ:

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Ե­րի­տա­սար­դու­թեան վե­րա­բե­րեալ մեր հա­մայն­քին մօ­տե­ցու­մը մեծ հար­ցա­կան­նե­րով կ­­՚ուղ­ղոր­դուի։ Նոր սե­րուն­դի հար­ցե­րը թէեւ սկզբուն­քօ­րէն կը հա­մա­րուին ա­ռաջ­նա­հերթ, սա­կայն գործ­նա­կա­նին մէջ կա՞յ այդ սկզբուն­քին հա­մա­հունչ վե­րա­բեր­մունք մը։

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016

Շիշ­լի մար­զա­կում­բը վեր­ջերս մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ պատ­կե­րա­ւոր ճատ­րա­կի մրցա­շար­քի մը կազ­մա­կերպ­ման։ «Լիոնս» ա­կում­բի ցան­ցի Շիշ­լիի մաս­նա­ճիւ­ղին եւ Թուր­քիոյ Ճատ­րա­կի դաշ­նակ­ցու­թեան հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ի­րա­կա­նա­ցաւ շա­բա­թա­վեր­ջի այս մրցա­շար­քը։ Կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բին մաս կը կազ­մէին Շիշ­լի մար­զա­կում­բէն Սար­վէն Չաք­մաք եւ Տիա­նա Ալ­թուն։

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016

Եւ­րո­միու­թեան կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուած Է­րաս­մուս ծրագ­րին շրջագ­ծով ներ­կա­յիս հաս­տա­տուած է նոր նա­խա­գիծ մը, որ կը կո­չուի «The European Job Market For Teens»։ Սոյն նա­խագ­ծի մաս­նա­կից եր­կիր­ներն են՝ Ֆին­լան­տիա, Հուն­գա­րիա, Գեր­մա­նիա, Խրուա­թիա, Լե­հաս­տան եւ Թուր­քիա։

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016

«Վա­րիշ» թա­տե­րա­խում­բը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հան­դէս ե­կաւ «Քաչ քա­չա­մաք» խո­րագ­րեալ խա­ղի ա­ռա­ջին ներ­կա­յաց­մամբ։ Կեդ­րո­նա­կան սա­նուց միու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րե­կոյ­թը, ո­րուն ներ­կայ էին Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, Իս­թան­պու­լի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան թատ­րո­նի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար Սիւ­հա Ույ­կուր, մեր թա­տե­րա­կան աշ­խար­հէն բազ­մա­թիւ ծա­նօթ դէմ­քեր եւ գե­ղա­րուես­տա­սէր­ներ։

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

​Կաս­կած չկայ, որ ա­ռա­ջին մարդն իսկ իր նո­րա­ծի­նը զբա­ղեց­նե­լիք ա­ռար­կայ մը փոր­ձած է ստեղ­ծել, մա­նու­կին հա­մար խա­ղա­լիք մը հնա­րել, բնազ­դա­բար զգա­լով, որ ե­րախա­նե­րուն հա­մար կեն­սա­կան է խա­ղա­լը: Յա­ճախ նշմա­րած էք, որ նուէ­րը երբ տրուած է մա­նու­կին, ան սկիզ­բը ա­ւե­լի ժա­մա­նակ յատ­կա­ցու­ցած է տու­փին եւ ժա­պա­ւէ­նին, քան՝ մէ­ջի խա­ղա­լի­քին:

Երկուշաբթի, Մարտ 7, 2016

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու շա­բա­թա­վեր­ջին շփում­ներ ու­նե­ցաւ Թեհ­րա­նի մէջ։ Ի­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ ան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ եւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան այն բո­լոր խնդիր­նե­րը, ո­րոնք ներ­կա­յիս կը զբա­ղեց­նեն եր­կու եր­կիր­նե­րու հա­մա­տեղ օ­րա­կար­գը։

Երկուշաբթի, Մարտ 7, 2016

Իս­թան­պու­լի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ յատ­կան­շա­կան ու պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն մը։ Այս­պէս, Վոս­փո­րի Եւ­րո­պա­կան ու Ա­սիա­կան ա­փե­րը միա­ցան եր­րորդ ան­գամ։ Վոս­փո­րի եր­րորդ կա­մուր­ջին ճա­նա­պար­հա­յին վեր­ջին հա­տուա­ծը զե­տե­ղուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան եւ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու։ 

Էջեր