Արխիւ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու հիմնախնդիրներու համակարգման աշխատանքներու աջակցման նպատակով պայմանագրային հիմունքներով աշխատանքի կը հրաւիրեն երկու մասնագէտներ, որոնք կ՚ընտրուին հարցազրոյցի արդիւնքով:
Յովհաննէս Այվազովսքիի 200-ամեակը ընդգրկուեցաւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի 2017 թուականի ցուցակին վրայ:
Հայաստանի կողմէ մշակուած է ծրագիր մը՝ զանազան ձեռնարկներու եւ ցուցահանդէսներու նախաձեռնութեամբ:
Անգարա-Մոսկուա բնականոնացման զուգահեռ՝ թափ կը ստանայ ուժանիւթի ոլորտի գործակցութիւնը:
«Թրքական հոսք» ծրագիրը կը համընկնի երկու երկիրներու ռազմավարական առաջնահերթութիւններուն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տիեզերքը եւ մարդկային կեանքը հակադիր ուժերու վրայ հիմնուած է եւ այդ հակադրութիւններն են որ շարժում, այսինքն կենսունակութիւն, ներուժ կը ստեղծեն։ Զոր օրինակ՝ մարդուս մէջ եթէ փափաքի զգացումը չըլլար, գործ յառաջ կու գա՞ր։
Ոչ եւս է իր մարմնաւորած համեստութեամբ մեր հաւաքական կեանքէն ներս յարգանք ու համակրանք վայելելու ախոյեան դարձած պատուական ու շատ սիրելի դէմք մը՝ Նատիա Կիւլմէզկիլ, որ իր սիրելիներէն հրաժեշտ կ՚առնէ թողլով նուիրականութեան համազօր խնկելի, բարի եւ անթառամ յիշատակ մը:
Համայնքային շրջանակները բարոյական անկեղծ զօրակցութեան զգացումներով կը գօտեպնդեն երախտաշատ բարերար եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլը, որ խոր սուգի մատնուած է իր ամենասիրելի եւ ազնուական կողակցին կորուստով, անողոք հիւանդութեան դէմ մղուած երկարատեւ ու մաշեցուցիչ պայքարի շրջանէ մը վերջ:
ԱՍԱՏՈՒՐ ԿԻՒԶԵԼԵԱՆ
Կաեթանօ Տոնիզեթթիի «Մարտիրոսները» հայերուս համար ունի յատուկ նշանակութիւն, քանի որ օփերայի գործողութիւնները տեղի կ՚ունենան Հայաստանի մէջ, հռոմէական տիրապետութեան շրջանին, ուր քրիստոնէութիւնը գաղտնօրէն բաւական տարածուած էր։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ հիւսիսային հատուածին վրայ գտնուող Հասաքէ քաղաքը վերջին հինգ օրերուն պատերազմական գործողութիւններու թատերաբեմը եղաւ: Մինչ տարբեր վերլուծաբաններ կը գրեն այն մասին, թէ տեղի ունեցած բախումները արդիւնքն են երկար տարիներու վրայ կուտակուած քիւրտ-արաբական ատելութեան, անդին յստակօրէն կ՚ուրուագծուի, որ զինուորական գործողութիւններուն ժամկէտը անմեղ չէ:
Յորդանանի մայրաքաղաքը՝ Ամմանի սրահներէն մէկուն մէջ Աւստրալիոյ բեմի տաղանդաւոր արուեստագէտ Վարուժ Սանճեանի ներկայացմամբ՝ կայացաւ Կոստան Զարեանի «Տատրագոմի հարսը» քերթուածի բեմականացումը՝ կազմակերպութեամբ Ամմանի մշակութային միութեան Մշակութային յանձնախումբին:
Գերմանիոյ մէջ տեղի կ՚ունենան Հայաստանի մշակոյթի օրեր: Միջոցառումներ կ՚իրականացուին Օգոստոս 19-Նոյեմբերի 6 թուականներուն միջեւ: Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի մշակոյթի օրերուն շուրջ «Արմէնփրէս» գործակալութենէն Անժելա Համբարձումեան զրուցեց Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան արտաքին կապերու վարչութեան պետ Սվետլանա Սահակեանի հետ։
Դէպի Հաղարծին տեղացի եւ արտասահմանցի զբօսաշրջիկներու այս շաբթուան այցելութիւնը զուգորդուած է «Հաղարծինի մշակութային շաբթուան» եռուզեռով:
Շուրջ հարիւր կամաւորներ՝ կանաչ վերնաշապիկներով, այցելուներուն կը ներկայացնեն Հաղարծինի պատմութիւնը, կ՚ուղղորդէ վանքի շրջակայքը տեղակայուած հայկական օճառներու տաղաւար, Տաւուշի «Վանքի անուշ»ի փոքրիկ արտադրամաս ու վարպետութեան դասերու հաւաքատեղիներ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիա շաբաթավերջին հերթական ցնցումը ապրեցաւ՝ Կազիանթէպէն հասած ահաբեկչական յարձակման լուրով։ Սահմռկեցուցիչ դէպքը ունեցաւ շատ ծանր հետեւանքներ. աւելի քան յիսուն զոհեր։
Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Հիլըրի Քլինթըն յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ նախագահին գլխաւոր խնդիրները պիտի դառնան ազգային տնտեսութեան բարելաւումը, անվտանգութեան ապահովումը եւ երկրին միաւորումը:
«Արմէնփրէս» գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով սերպական «Թանժուկ» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Խրուաթիան վերջին տասնչորս տարուան ընթացքին վաճառած է Ադրիական ծովուն մէջ գտնուող իր կղզիներէն հինգը:
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի, Սուրիոյ Թարթուս քաղաքին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայկական կեդրոնի մը:
«Ռէօյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Արժանթինի դատարանը սկսած է հետաքննել բանաստեղծ Ֆետերիքօ Կարսիա Լորքայի 18 Փետրուար 1936 թուականի սպանական Կրանատա քաղաքին մէջ մահուան հանգամանքները:
Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան յայտարարեց, որ մինչեւ տարեվերջ պիտի աւարտի իր ղեկավարած հաստատութեան մօտ ի պահ դրուած ժապաւէններուն թուայնացման աշխատանքը։
Թուրքիա եւ Վրաստան համաձայնեցան Քուռ գետի վրայ ջրաելեկտրակայան մը կառուցելու ուղղութեամբ։
ԱՄՆ կը խրախուսէ Հայաստանի համարկումը՝ Հարաւային Կովկասի ուժանիւթի համակարգին մէջ:
Ուաշինկթըն կողմնակից է քայլեր առնել՝ որպէսզի նուազի Երեւանի կախուածութիւնը Մոսկուայէն:
Երեւանի Մատենադարանէն ներս յառաջ կը տարուին ռազմավարական նշանակութեամբ նախագծեր:
Տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեան կը մատնանշէ բնականոն հուն թեւակոխած հայագէտներու սերնդափոխութիւնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ յաճախ կը խորհինք ու կը խօսինք կեանքի մասին՝ անոր անիմանալի խորհուրդին ու գաղտնիքներուն վրայ, չենք անդրադառնար, չենք նկատեր, որ անոր զանազան դրուագներուն մէջ տարբերութիւն չկա՛յ, այլ՝ կերպարանափոխութի՛ւն։ Ուստի մա՛հն ալ մարդուս համար «կերպարանափոխութիւն» մըն է. բովանդակութեան, էութեան փոփոխութիւն չկայ, քանի որ միջուկը, կորիզը միշտ կեա՛նքն է։