Արխիւ
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Պոլսահայ, այժմ՝ ամերիկաբանկ գիտնական եւ գործարար Կարօ Արմէնի հետ ծանօթացանք հռչակաւոր դաշնակահար՝ Շահան Արծրունիի միջոցաւ: Մինչ այդ, անշուշտ, տեղեակ էինք մեծ բարերարի, գիտնականի եւ գործարարի գործունէութեան մասին թէ՛ Միացեալ Նահանգներէն ներս, եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ: Մօտէն ծանօթանալով Կարօ Արմէնին հետ, եւ համեմատելով անոր ունեցած մարդասիրական մեծ գործունէութիւնը, հիացանք անոր պարզ ու անմիջական մարդկային խառնուածքով, մարդու բարութեան, աշխարհի զարգացման եւ կեանքի հանդէպ լաւագոյնին ուղղուած անոր միտքերով ու ջանքերով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Այլակերպութիւն» կը նշանակէ կերպարանափոխութիւն, ձեւափոխութիւն, կերպարանքէ մը՝ ուրիշ կերպարանք անցնիլ՝ կերպափոխութիւն։ Ուստի եթէ հարցը արտաքին տեսքի, ձեւի փոփոխութիւն է, երկրաւոր արժէքի մը փոփոխութիւնը կ՚ենթադրէ, իսկ եթէ հոգեւոր աշխարհի, ներքին փոփոխութիւն մըն է, ասիկա հոգեպէս, ներքնապէս փոխուիլ է։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քենթաքի նահանգին մէջ կառուցուած է Նոյեան տապանի ուշագրաւ կրկնօրինակը՝ Ark Encounter-ը, որ արդէն բաց է այցելութեան համար:
Հայ եւ օտար գործարարներ յառաջիկայ աշնան քննարկումներու համար ժամադրուած են Փարիզի մէջ:
Ըստ Հայկական գործարար գործակալութեան նախագահ Վարդան Գաբրիէլեանի, աշխատանք պէտք է տանիլ Հայաստանի տնտեսական միջավայրի բարելաւման համար:
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէին 40-րդ ժողովը այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Իսթանպուլի մէջ։ Երէկ, Հարպիէի մէջ, Իսթանպուլի համագումարներու կեդրոնէն ներս բացուեցաւ այս նստաշրջանը։
Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան։ Երէկ երեկոյեան համայն ֆութպոլի աշխարհին ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Փարիզի վրայ։ «Եւրօ-2016»ի աւարտականը տեղի ունեցաւ «Սթատ տը Ֆրանս»ի մէջ, Սեն Տընի։
Ահաբեկչական դէպքերը վերջին օրերուն շարունակուեցան՝ մեծ ցաւ ու մտահոգութիւն յառաջացնելով բովանդակ երկրէն ներս։ Թուրքիա շաբաթավերջին իրերայաջորդ պատահած ահաբեկչական արարքներու ականատեսը դարձաւ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Քիեւ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան կը մասնակցի Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծրագրի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու անպաշտօն ժողովին։
Էրտողան Մերքէլի նկատառման յանձնեց իր դառնութիւնը Պունտեսթակի որոշման շուրջ:
Գերմանիոյ վարչապետը առաւելագոյնը պիտի ընէ՝ որպէսզի չվնասուին Թուրքիոյ հետ կապերը:
«Լեռնային Ղարաբաղի պարագային կարգավիճակը պիտի փոխուի՝ եթէ ճանաչում գտնէ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը»:
Սերժ Սարգսեան ՆԱԹՕ-ի Վարշաւիոյ գագաթաժողովին ընթացքին յայտնեց, որ հիմնախնդրի կարգաւորման առջեւ այսօր գլխաւոր խոչընդոտն է Ատրպէյճանի բարձր ղեկավարութեան վարած քաղաքականութիւնը եւ հարցը խաղաղ ճանապարհով լուծելու ուղղութեամբ կամքի բացակայութիւնը:
«Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային 13-րդ փառատօնը հանդիսաւորապէս բացուեցաւ Երեւանի մէջ:
Ծիրանօրհնէքէն վերջ ձեռնարկի սկիզբը բնորոշուեցաւ Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ ստեղծուած մեծ խանդավառութեամբ:
Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը փայլուն անցաւ:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան նախագահեց Ռումելիհիսարի արարողութիւններուն:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Հետեւեալ դէպքը կը պատահի Ֆիլատելֆիոյ Ամիշ (Amish) համայնքին մէջ։ Ամիշ համայնքը աղանդի մը կը պատկանի, որուն հիմնադիրները Եւրոպայի կրօնական հալածանքներէն փախուստ տալով, 1730-ին հաստատուած են Ֆիլատելֆիոյ Լենքեսթըր քաղաքը։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
«Այստեղէն կը սկսի Հայաստանը»:
Տքթ. Սուրէն Դանիէլեանն է՝ Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի վարիչ-տնօրէնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պօղոս Առաքեալ, կորնթացիներուն գրած իր առաջին նամակին մէջ կը սահմանէ «սէր»ը, եւ կ՚ըսէ, թէ՝ սէր ունեցողը համբերատար եւ քաղցրաբարոյ, երկայնամիտ, այսինքն՝ ներող կ՚ըլլայ։ Արդարեւ ներողամտութեան նախապայմանն է՝ հանդուրժողութիւն, համբերութիւն եւ քաղցրաբարոյ նկարագիր։ Այն որ կը համբերէ՝ կը հանդուրժէ եւ գոնէ երկար ժամանակ չի գրգռուիր բարուկան վատ զգացումով եւ կը ներէ։ Ներել, տեսակէտով մը կը նշանակէ իր «Ես»էն չտարուիլ եւ զոհողութիւն ընել, զիջանիլ եւ համբերե՛լ։
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Յունիսի կէսերուն Հայաստան, հայ ժողովուրդն ու հայ երգը հրաժեշտ տուին մեծ արուեստագիտուհիի մը՝ երգչուհի եւ երգիչներու դաստիարակ Օֆելիա Համբարձումեանին, որուն մեկնումով մեր ժողովրդական երգի պատմութեան մէջ դարաշրջան մը վերջ գտաւ:
Կիւմրիի «Հոկտեմբեր» շարժանկար-թատերասրահին մէջ Յուլիսի 7-ին սկսաւ «Մենք ենք, մեր ֆիլմերը» փառատօնը: Ըստ «Արմէնփրէս» գործակալութեան, «The Name Production»ի կողմէ արդէն երկրորդ տարին իրականացուող փառատօնը նպատակ ունի հանրութեան ներկայացնելու վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ ստեղծուած ժապաւէնները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը կրկնենք՝ «առողջութիւն»ը իր ընդհանուր եւ լայն առումով, պէտք չէ՛ հասկնալ միայն «մարմնական առողջութիւն»։ Արդարեւ, մարդ միայն մարմնաւոր էակ մը չէ, այլ նաեւ՝ հոգեւոր եւ մտաւոր, բանական էակ մըն է։ Ուրեմն չի բաւեր միայն «մարմնական առողջութիւն»ը՝ կատարեալ առողջ մարդ մը ըլլալու համար, հապա պէտք է նաեւ հոգեկան ու մտային առողջութիւնը, ըսենք՝ կատարելութիւնը։
Էրեբունիի մէջ հայ-ֆրանսական արշաւախումբի ութ տարուան պեղումները տուած են հետաքրքրական արդիւնքներ: Ծրագիրը մօտեցած է իր աւարտին, սակայն յոյս կայ, որ անիկա շարունակուի, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է «Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանի տնօրէն Գագիկ Կիւրճեան:
«Արեւելք» կայքէջէն կը կարդանք.-
Հալէպի տարբեր շրջաններ երէկ յետմիջօրէի ժամերէն սկսեալ դարձած են թիրախ ահաբեկչական խմբաւորումներու հրթիռարձակումներուն: Ծանր հրթիռարձակման ենթարկուած է մասնաւորապէս Հալէպի «Մոքամպօ» եւ «Ալ Ֆըրքան» թաղամասերը, ուր զոհերուն թիւը հասած է 20-ի:


