Արխիւ
«Արեւելք» կայքէջէն կը կարդանք.-
Հալէպի տարբեր շրջաններ երէկ յետմիջօրէի ժամերէն սկսեալ դարձած են թիրախ ահաբեկչական խմբաւորումներու հրթիռարձակումներուն: Ծանր հրթիռարձակման ենթարկուած է մասնաւորապէս Հալէպի «Մոքամպօ» եւ «Ալ Ֆըրքան» թաղամասերը, ուր զոհերուն թիւը հասած է 20-ի:
Այս ամառ Հայաստանի մէջ կը բացուին երեք կարեւոր ու խոշոր առողջապահութեան կեդրոններ:
Ժամանակակից սարքաւորումներով օժտուած կառոյցները ունին տարեկան շուրջ հազար հիւանդ խնամելու տարողութիւն:
«Երեւանի գիւտը. հայեացք՝ քաղաքի անցեալին ու ներկային» խորագրեալ էլէքթրոնիկ գիրք մը:
AVC-ի եւ քաղաքապետարանի համատեղ նախաձեռնութեամբ կատարուած ծրագրին լուրջ վերաբերմունք կը ցուցաբերեն Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտի ներկայացուցիչները: Շնորհանդէսի ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ Երուանդ Զօրեան:
ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարարը Վարշաւիոյ մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Սարգսեանի եւ Ալիեւի հետ:
Ուաշինկթըն կը հաստատէ աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն համար.
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Յուլիս 6-ին հայ ժողովուրդը կ՚ոգեկոչէ մահուան 11-րդ տարելիցը քսաներորդ դարու մեծավաստակ հայագէտին՝ բանասէր ու լեզուաբան ակադեմական Գէորգ Բեգլարի Ջահուկեանի (1920-2005), որ ոչ միայն մանկավարժական իր բեղուն գործունէութեամբ սերունդներ հասցուց, այլեւ գիտական իր պատկառելի վաստակով լուսաւորեց հայոց գալիք սերունդներու ուղին՝ ազգային մեր հոգեմտաւոր ժառանգութեան հաղորդուելու եւ տէր կանգնելու ուղղութեամբ։
ՍՈՒՐԷՆ ՇԷՐԻՔ
«Շատ զբաղած է միտքս, այնքան շատ բան ունիմ մտածելու...», «Գլուխս պիտի պայթի, այս ո՞րքան բան կայ խորհելու...», «Ա՛լ կը բաւէ, ոչ մէկ բառ աւելի. միտքս յոգնեցաւ...» եւ այսօրինակ առօրեայ հոգերով ու գանգատներով կլանուած ենք յաճախ:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
(Յայտնի է, այն ատեն խելքս չէր
հասներ «ազգի ծառայել»ուն ինչ
ըլլալուն եւ «ազգի ծառայող»ներուն
գլխուն գալիքները)։
ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ
Իսրայէլի խորհրդարանին մօտ օրակարգի վրայ եկաւ հայկական հարցին մասին բանաձեւ մը:
Կառավարութեան առաջարկին զուգահեռ՝ Քնեսեթի անդամները որոշեցին նիւթը յղել յանձնաժողովի քննարկման:
Վարշաւիոյ մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը, որ առաջնահերթ տեղ կը զբաղեցնէ միջազգային օրակարգի վրայ։ Երկօրեայ այս գագաթաժողովին կը վերագրուի արտասովոր նշանակութիւն՝ համաշխարհային հրատապ հիմնախնդիրներու ընթացքին եւ անոնց նկատմամբ դաշինքի դիրքաւորման առումով։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Միտքս պարզեմ: Քաջատեղեակ էք, շատ հաւանաբար՝ այո՛, թէ Յունիս 24-ին, եռօրեայ իր այցելութեամբ, Հայաստան եկաւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ, հոգեւոր առաջնորդ եւ Վատիկան պետութեան ղեկավար Ֆրանսիսքոս Պապը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իսրայէլի վարչապետին համար մեծ յաղթանակ կը համարուէր վերատիրանալ իսրայէլեան այն հրասայլերէն մէկուն, որ բռնագրուած էր 1982 թուականին լիբանանեան Պեքաայի մէջ: Իսրայէլի Լիբանան ներխուժման ընթացքին տեղւոյն «Սուլթան Եագուպ» շրջանին մէջ տեղի ունեցած ճակատամարտի ատեն սուրիական բանակը յաջողած էր գրաւել իսրայէլեան քանի մը հրասայլեր, որոնք աւելի ուշ տարուած էին Մոսկուա: Այդ ռազմի ատեն քիչ չէր ռուս մասնագէտներու ցուցաբերած նեցուկը Սուրիոյ բանակին, ու այդ հրասայլերուն գրաւումը կը համարուէր համատեղ գործակցութեան դրական արդիւնք:
Օպամա եւ Փութին հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
Երեւանի մէջ ՀԱՊԿ-ի ժողովին մասնակցելէ վերջ Սէրկէյ Լաւրով շուտով կ՚ուղեւորուի դէպի Պաքու:
Խոր ցաւով վերահասու դարձանք, թէ ներկայ շաբթուան սկիզբին իր մահկանացուն կնքած է Կեդրոնականի ընտանիքի երիցագոյն անդամներէն մին՝ Արման Շիրին, որ իր սերունդի եզակի դէմքերէն մին էր եւ մեծ յարգանք ու համակրանք կը վայելէր ընկերային կեանքէ ներս։ Իր կորուստը խոր ցաւ յառաջացուցած է համայնքային շրջանակներուն մօտ։
Այս շաբաթավերջին հանդիսաւորապէս կը բացուի Երեւանի շարժանկարի միջազգային փառատօնը:
Ձեռնարկը ձօնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակի յոբելեանին՝ պատրաստուած ճոխ ծրագրով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պէտք է խոստովանինք, թէ մեր ամէն կարդացածին չենք հաւատար, մանաւանդ երբ գրուածին նիւթը «անձ» մըն է։ Յաճախ խորհած ենք թէ՝ եթէ նոյն գրուածքները տարիներ վերջ կարդացուին, կարդացողներ պիտի կարծեն կամ պիտի ենթադրեն, որ իր մասին գրուած «անձ»ը՝ «դիցաբանական հսկայ» մըն է իր իմացական յատկութիւններովը եւ գեղարուեստական տաղանդովը։
Արագածոտնի մարզի Աշտարակի Կարմրաւորի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքին հատուածին պահպանուած որմնանկարներու մաքրման եւ վերականգնման աշխատանքները աւարտած են:
Հայաստան կատարած իր եռօրեայ այցելութեան ընթացքին Հռոմի Ֆրանսիսքոս Պապը առաքելական օրհնագիր շնորհեց ԳՈՀԱՐ նուագախումբի եւ երգչախումբի հիմնադիր Գոհար Խաչատուրեանին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Թերեւս անձնական տկարութիւն մըն է՝ երբ օդը տաք է, միտքս կ՚ամլանայ, գոնէ աւելի դանդաղ կ՚աշխատի քան գաղջ կամ պաղ օդի մը։
Շատ պարզ է. մեր համայնքի ողնասիւնը, անոր ոտքի կանգնած մնալու, գոյատեւելու եւ ազգային կենսունակ կեանքով ապրելու երաշխիքներէն ամենէն հզօրը՝ հայկական վարժարա՛նն է:
Սփիւռքի միակ հայկական բարձագոյն կրթական հաստատութիւնը՝ Հայկազեան համալսարանը, շրջանաւարտներու նոր հունձք մը տուաւ եւ հանդիսաւոր արարողութեամբ համալսարանի շրջափակին մէջ 148 ուսանողներու յանձնեց աւարտական վկայականներ: Յաջողութեան բերկրանքին խառնուած էր յուզմունքը հրաժեշտ տալու կրթական այն օճախին, ուր ուսանողները անցուցած են իրենց կեանքի ամենէն հաճելի պահերը: