Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Շատ արագ զարգացումներ կը գրանցուին սուրիական տագնապի օրագրութեան մէջ: Այսպէս, դարձեալ լոյսին կը բերուի Հալէպ քաղաքը:
«ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն հրատարակուած առաջին երեք գիրքերու համատեղ շնորհանդէսին օրը: Այսօրուան ծրագրին շուրջ երէկ երեկոյեան ընդհանուր խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ խմբագրատանս մէջ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր ընդունեց «Մարալ» միութեան վարչայինները։ Ծանօթ է, որ այս միութիւնը կը պատրաստուի բեմադրել «Արա եւ Շամիրամ»ը։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն ներս Մութաֆեան Պատրիարքի սնարը ունեցաւ այցելու մը։ Բժշկապետ Արտաշէս Աքտաղի կողմէ տրուեցան անհրաժեշտ տուեալները։ Խնամատարի նշանակման համար բացուած դատին շրջագծով դարձեալ իրերամերժ շշուկներ շրջանառութեան մէջ մտած են տիրամայր Մարի Մութաֆեանի շուրջ։
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Ներկայ օրերուն անուանակոչութիւն տօնելը գրեթէ վերցուած է: Այսօր աւելի կարեւոր կը դասուին ծննդեան կամ ամուսնութեան տարեդարձերը տօնելը:
Ռուսաստանի մայրաքաղաքը՝ Մոսկուայի մէջ Մարտի 5-8 թուականներուն տեղի պիտի ունենայ Շոքոլայի սալոն, որ պիտի ընդունի շուրջ եօթանասուն մասնակից տասներկու երկիրներէ, ներառեալ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Զուիցերիայէն եւ Հայաստանէն։
ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ
Հայաստանի Սփիւռքի իախարարութեան «Հայերն այսօր» կայքէջին վրայ հարցազրոյց մը լոյս տեսաւ սփիւռքահայ մտաւորական Տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեանի հետ, որ կը բնակի Լոնտոնի մէջ:
Տեառնընդառաջի առթիւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ խանդավառ տօնավաճառ մը, որ կազմակերպուած էր սուրիահայոց կողմէ։ Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս տեղի ունեցաւ այս տօնավաճառը, որուն մասնակցութիւն բերին աւելի քան քառասուն սուրիահայեր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուսի տաճար ընծայման տօնը՝ որ կը կոչուի նաեւ «Տեառնընդառաջ», կը տօնուի 14 Փետրուարին, այսինքն Յիսուսի ծնունդէն 40 օր յետոյ։
Հայաստանի մարզական պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Լիլըհամըր (Նորվեկիա), ուր այսօր կը սկսին Ձմեռնային պատանեկան երկրորդ ողիմպիական խաղերը, որոնց ընթացքին Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Միքայէլ Միքայէլեան (դահուկարշաւ) եւ Անասթասիա Գալուստեան (գեղասահք), որ խումբին պիտի միանայ Մոսկուայէն:
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր այսօր՝ Փետրուարի 12-ին, համերգով մը հանդէս կու գայ Տուպայիի համաշխարհային կեդրոնի համերգասրահին մէջ:
Յակոբ Տեմիրճիի դաժան սպանութեան դէպքին արձագանգները կը շարունակուին։ Տեղական մամուլը կը գրէ, որ ձերբակալեալներուն թիւը արդէն հասած է տասի։ Անոնց շարքին կը գտնուին Տեմիրճիներու հին ու նոր սպասուհիները։ Յան-ցագործները շէնք ներխուժած են տանիքէն։
«ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն լոյս տեսած առաջին երեք գիրքերուն համատեղ շնորհանդէսը վաղը երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ Ֆէրիգիւղի մէջ։
Անցեալի եւ ապագայի խաչմերուկին…
Այս շաբաթավերջին իսթանպուլահայ գրասէր հասարակութիւնը ժամադրուած է «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ: Գինեձօնի ձեռնարկը կազմակերպուած է «Անատոլու Քիւլթիւր»ի աջակցութեամբ: Սեւան Տէյիրմենճեանի աշխատասիրութեամբ հրատարակուած գործերուն մասին պիտի արտայայտուին սփիւռքէն յայտնի հիւր մտաւորականներ՝ Իշխան Չիֆթճեան, Վարդան Մատթէոսեան եւ Վահէ Թաշճեան, ինչպէս նաեւ Այլին Գօչունեան, որոնց մասնակցութեամբ նախատեսուած ասուլիսը պիտի վարէ Սագօ Արեան։
Մօտաւոր անցեալին նշուած թերթիս դարադարձի մթնոլորտէն ծնունդ առած գաղափարները կը պտղաբերին հեռանկարային արգասաբեր նախաձեռնութիւններով։
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ այս տարի եւս Մեծ պահոց շրջանին առթիւ ստեղծուած է հոգեւոր յուզումնալի ապրումներու մթնոլորտ մը։ Ատենապետ Յարութիւն Շանլըի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը Մեծ պահոց շրջանին ամէն օր Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ կը սարքէ սիրոյ սեղան։
Սիպիլ այցելեց «Հրանդ Տինք» վարժարանը, ուր գրաւեց աշակերտութեան սիրտը:
«Այս երախաներուն իւրաքանչիւրը ադամանդ մըն է», ըսաւ մեներգչուհին Կէտիկփաշայի մէջ:
ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Էրլին, երկու տարուան դադարէ մը վերջ, երէկ իրիկուն տպաւորիչ մենահամերգով մը ներկայացաւ հանդիսատեսին։ «Քենթ» մշակութային կեդրոնի դահլիճին մէջ կայացած ձեռնարկը արժանացած էր Էրլինի համակիրներուն հետաքրքրութեան, որոնք վայելեցին հաճելի իրիկուն մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքի շրջանի երկրորդ Կիրակին կը կոչուի՝ «Արտաքսման Կիրակի»։ Այս երկրորդ Կիրակիի օրհնութեան շարականին մէջ կը նկարագրուին «կորսուած դրախտին կամ եղծուած երջանիկ կեանքին հակադրութիւնները»։
Փեքինի մօտ Հայաստանի դեսպան նշանակուեցաւ Սէրկէյ Մանասարեան։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր արդէն ստորագրած է համապատասխան հրամանագիրը։
Թուրքիա միշտ կ՚ընդգծէ, որ ԵՄ-ի կողմէ նախատեսուած 3 միլիառ եւրօ յատկացումը պիտի ծախսուի գաղթականներուն ի նպաստ:
Ահմէտ Տավուտօղլու Լախէյի մէջ քննադատեց այն շրջանակները, որոնք Սուրիոյ տարածքէն ներս չեն կրնար կասեցնել Ռուսաստանի ռմբակոծումները, ներառեալ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը: Ըստ վարչապետին, Անգարա միշտ իր դռներն ու սիրտը բաց կը պահէ ապաստանեալներուն համար:
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ կէսօրուան ժամերուն տեղի ունեցաւ մեր համայնքի երէց սերունդի նորոգ հանգուցեալ անդամներէն Յակոբ Տեմիրճիի յուղարկաւորութեան տխուր արարողութիւնը։ Ծանօթ է, որ Յակոբ Տեմիրճի անցեալ շաբաթավերջին Էլմատաղի իր բնակարանին մէջ սահմռկեցուցիչ կողոպուտի մը հետեւանքով սպաննուած էր ոճրագործներու կողմէ։ Նոյն դէպքին ժամանակ վիրաւորուած էր իր 79-ամեայ կողակիցը՝ Սեդա Այտա Տեմիրճի։