Արխիւ

Երեքշաբթի, Փետրուար 9, 2016

Սեր­պիոյ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Մա­յա Կոյ­քո­վիչ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ե­րե­ւան՝ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Գա­լուստ Սա­հա­կեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Ան Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 9, 2016

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հրեայ հա­մայն­քի ա­մե­նաազ­դու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն կող­մէ խումբ մը ղե­կա­վար­ներ այ­սօր շփում­ներ կ՚ու­նե­նան մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ։ Տե­ղա­կան մա­մու­լը ու­շագ­րաւ կը հա­մա­րէ այս պա­տուի­րա­կու­թեան շփում­նե­րը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 8, 2016

Վա­քըֆ­լը­գիւղ­ցի­նե­րու Հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թիւ­նը շա­բա­թա­վեր­ջին կազ­մա­կեր­պեց Բա­րե­կեն­դա­նի խրախ­ճանք մը, ո­րու ըն­թաց­քին ստեղ­ծուե­ցաւ մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Նար­լը­գա­բուի ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից Սե­բաս­տա­ցի­նե­րու սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ձեռ­նար­կը, ո­րուն նա­խա­գա­հեց Տ. Ե­ղի­շէ Վրդ. Ուչ­քու­նեան։ Ե­րե­կոյ­թին մաս­նակ­ցե­ցան Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տի խորհր­դա­կան­նե­րէն Նա­տիա Թա­շէլ եւ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն բա­զում դէմ­քեր։

Երկուշաբթի, Փետրուար 8, 2016

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:
Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբը պատնէշի վրայ կը մնայ իր փայլուն անցեալով եւ ապագայատեսիլ վերանորոգ գործունէութեամբ:

Երկուշաբթի, Փետրուար 8, 2016

Անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րը Տիար­պա­քը­րի մէջ կը շա­րու­նա­կեն լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ու ծանր հա­րուած­ներ կը հասց­նեն ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն։ Այդ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը մաս­նա­ւո­րա­պէս կեդ­րո­նա­ցած են Սու­րի շրջա­նին վրայ։ Ծա­նօթ է, որ Տիար­պա­քը­րի Ս. Կի­րա­կոս ե­կե­ղե­ցին ալ կը գտնուի նոյն շրջա­նին մէջ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 8, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ՝ Շուէ­տի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մար­կոթ Վալշթ­րէօմ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Ե­րե­ւան։

Երկուշաբթի, Փետրուար 8, 2016

Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէլ այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Թուր­քիա։ Ան­գա­րա­յի մէջ ան կը տե­սակ­ցի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի եւ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի հետ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն օ­րա­կար­գի վրայ կու գան գաղ­թա­կան­նե­րու վե­րա­բե­րեալ խնդիր­նե­րը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 8, 2016

Տեմիրճիներու Էլմատաղի բնակարանին վրայ սահմռկեցուցիչ յարձակում եւ կողոպուտ:
87-ամեայ ոսկերիչ Յակոբ Տեմիրճի տմարդի ձեւով սպաննուեցաւ իր տան մէջ, նոյն դէպքին հետեւանքով վիրաւորուած կողակիցը՝ 79-ամեայ Սեդա Այտա Տեմիրճի դարմանման տակ:

Երկուշաբթի, Փետրուար 8, 2016

Թուրք-հայ մշակութային համագործակցութեան հետամուտ ծրագրի մը շրջագծով կը նախատեսուի համերգներու շարք մը ներկայ տարուան համար:
Շաբաթավերջին Կալաթասարայի «Ճեզայիր» համալիրին մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսով մը ծանօթացուեցաւ նախագիծը: Նախաձեռնարկները այցելեցին նաեւ Պատրիարքարան, ուր բացատրութիւններ տուին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին:

Երկուշաբթի, Փետրուար 8, 2016

Գահիրէի մէջ 31 Յունուար-8 Փետրուար թուականներուն տեղի ունեցաւ Կաթոլիկ եւ Արեւելեան Ուղղափառ միջեկեղեցական աստուածաբանական յանձնախումբին հերթական ժողովը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 8, 2016

Հայ ե­կե­ղե­ցին այսօր թե­ւա­կո­խած է Մեծ պա­հոց շրջա­նը։ Շրջան մը, որ կը կո­չուի Քա­ռաս­նոր­դա­կան պա­հե­ցո­ղու­թեան շրջան կամ ժո­ղովր­դա­յին բա­ցատ­րու­թեամբ աղ ու հա­ցի շրջան։

Երկուշաբթի, Փետրուար 8, 2016

Բուն Բա­րե­կեն­դա­նի առ­թիւ շա­բա­թա­վեր­ջին Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցան ա­ւան­դա­կան խրախ­ճանք­ներ։ Թէ՛ Ե­րե­ւա­նի մէջ եւ թէ ա­րուար­ձա­նա­յին շրջան­նե­րէն ներս, նաեւ երկ­րի մար­զե­րուն մէջ տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը ստեղ­ծե­ցին մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։

Երկուշաբթի, Փետրուար 8, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կրօ­նա­կան եւ բա­րո­յա­կան կեան­քին հետ սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն մը կայ շրջա­նը այն շա­բաթ­նե­րուն՝ որ կը կո­չուի «Մեծ Պահք»։ Ե­թէ ո՛չ ժա­մա­նա­կա­կից ըն­կե­րա­կան եւ ըն­տա­նե­կան, բայց ան­ցեա­լի սո­վո­րու­թիւն­նե­րու մէջ կա­րե­ւոր տեղ մը ու­նէր այս շրջա­նը։ Խան­դա­վա­ռու­թիւն, ե­ռու­զեռ, պատ­րաս­տու­թիւն­ներ տու­նե­րու եւ ըն­տա­նիք­նե­րու մէջ՝ ո­րոնք տպա­ւո­րուած կը մնան յի­շա­տակ­նե­րու մէջ միայն։

Երկուշաբթի, Փետրուար 8, 2016

Ե­րէկ, Բա­րե­կեն­դա­նի առ­թիւ ո­գե­ւոր օր մը ապ­րուե­ցաւ Գու­րու­չէշ­մէի Ե­րեւ­ման Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չը­նա­րեա­նի ձե­ռամբ մա­տու­ցուած կի­րակ­նօ­րեայ Ս. Պա­տա­րա­գէն վերջ Կո­մի­տաս Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ խրախ­ճանք մը։

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2016

Ճա­բո­նա­կան Հո­կաի­տօ կղզիին վրայ ե­րէկ սկսած է ա­մե­նա­մեայ «Ձիւ­նի եւ սա­ռոյ­ցի փա­ռա­տօ­նը», ո­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս տա­ղան­դա­ւոր քան­դա­կա­գործ­ներ մի­լիո­նա­ւոր մար­դոց դա­տին կը յանձ­նեն սա­ռոյ­ցէ ու ձիւ­նէ պատ­րաս­տուած ի­րենց հսկա­յա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը:

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2016

ՇՈՒ­ՇԻԿ ՄԱԻ­ՍԱ­ԳԱ­ԼԵԱՆ

Հին ժա­մա­նակ հայ­կա­կան տօ­նե­րէն ա­մե­նէն ու­րախն ու ա­մե­նա­տա­րա­ծուա­ծը Բա­րե­կեն­դանն էր։ Ա­նի­կա կը յա­ջոր­դէր Ս. Սար­գի­սի տօ­նին եւ կը տե­ւէր մին­չեւ Մեծ պահ­քի նա­խօ­րեա­կը։

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2016

Այս շա­բա­թա­վեր­ջին կը տի­րէ Բա­րե­կեն­դա­նի խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը։ Մեր հա­մայնքն ալ ա­ւան­դա­կան ո­գե­ւո­րու­թեան մը մթնո­լոր­տին մէջ ոգեւորութեամբ կ՚ող­ջու­նէ Բուն բա­րե­կեն­դա­նը։

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2016

Ա­մե­րի­կա­հայ բժշկա­կան միու­թիւ­նը «Էտ­վեն­թիս» բժշկա­կան կեդ­րո­նին մէջ գու­մա­րեց իր կազ­մա­կեր­պու­թեան ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը, ո­րուն ըն­թաց­քին ընտ­րեց իր 2015-2016 տա­րեշր­ջա­նի վար­չու­թիւ­նը:

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2016

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Կրի­կո­րի Քա­րա­սին եւ Եւ­րո­միու­թեան Վրաս­տա­նի ճգնա­ժա­մի եւ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի գծով յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հեր­պերթ Զալ­պէր անդ­րա­դար­ձան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման։

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2016

ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րի Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մի գծով յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը՝ Սթե­ֆան տէ Միս­թու­րա Ժը­նե­ւի մէջ ձա­խո­ղած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն վերջ յայ­տա­րա­րեց, թէ կող­մե­րէն ո­րե­ւէ մէ­կը պատ­րաստ չէ նուա­զա­գոյն զիջ­ում­ներ ը­նե­լու։

Էջեր