Արխիւ

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016

Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց Քա­հա­նա­յից տօ­նին առ­թիւ նա­խըն­թաց օր ա­ւան­դա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ո­րոնց նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ազ­գե­րու կեան­քին մէջ կը գտնուին շրջան­ներ եւ դէպ­քեր՝ ո­րոնք ի­մաստ կը ստա­նան եւ կը դառ­նան պատ­մու­թեան ա­ռանց­քը, մեկ­նա­կէ­տը, էու­թեան պատ­ճա­ռը եւ կեան­քին նպա­տա­կը։ Ինչ­պէս ան­հա­տա­կան, նոյն­պէս ըն­կե­րա­յին կեան­քի գո­յա­պահ­պան­ման ու գո­յա­տեւ­ման հա­մար կեն­սա­կան դրոշմ­ներ են այդ շրջան­նե­րը եւ կամ դէպ­քե­րը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016

Հա­յազ­գի ար­հես­տա­վարժ բռնցքա­մար­տիկ, գեր­մի­ջին ծան­րու­թեան կար­գի աշ­խար­հի ա­խո­յեան Ար­թուր Աբ­րա­համ կրկին ճանչ­ցուած է Գեր­մա­նիոյ տա­րուան լա­ւա­գոյն բռնցքա­մար­տի­կը:

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016

Բրի­տա­նա­կան «Տի Ին­տի­փեն­տընթ» օ­րա­թեր­թը կը հա­ղոր­դէ, որ Զուի­ցե­րիոյ մէջ պի­տի քննար­կուի ա­ռա­ջարկ մը, ո­րուն հա­մա­ձայն, երկ­րի իւ­րա­քան­չիւր քա­ղա­քա­ցի, ան­կախ այն ի­րո­ղու­թե­նէն, թէ գոր­ծա­զուրկ է կամ ոչ, իւ­րա­քան­չիւր ա­միս պի­տի ստա­նայ 2500 զուի­ցե­րա­կան ֆրանք (շուրջ 2450 տո­լար):

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016

Մոն­րէա­լի ՄքԿիլ հա­մալ­սա­րա­նի բժշկու­թեան բա­ժան­մուն­քի ու­ռուց­քա­բա­նու­թեան  բաժ­նի տա­րե­կան գի­տա­ժո­ղո­վին, ձե­ռամբ բաժ­նի ղե­կա­վա­րին, 2015 տա­րուան լա­ւա­գոյն ու­սու­ցի­չի ու դաս­տիա­րա­կի պար­գե­ւը ստա­ցաւ Տքթ. Ա­րի-Նա­րեկ Մկրտի­չեան:

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­յին ռա­տիո­յի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն նշա­նա­կուե­ցաւ Ար­ման Սա­ղա­թե­լեան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս ո­րո­շու­մը առ­նուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­յին հե­ռուս­տա­ռա­տիօ ըն­կե­րու­թեան խոր­հուր­դին կող­մէ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016

ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ դես­պան Ան­ճէյ Կասպր­չիկ ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ։ Ան Ար­ցա­խի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան Կասպր­չիկ ըն­դու­նուե­ցաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զո­յեա­նի եւ Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Լե­ւոն Մնա­ցա­կա­նեա­նի կող­մէ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 3, 2016

Օքս­­ֆորտ հա­մալ­սա­րա­նի եւ Պրի­թիշ Քաուն­սը­լի հա­մա­տեղ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Լի­բա­նա­նեան ֆրան­սա­խօս վար­ժա­րան­նե­րու ուղ­ղագ­րա­կան, բա­նա­ւոր եւ գրա­ւոր հար­ցա­շար­քե­րուն պա­տաս­խա­նե­լով՝ լի­բա­նա­նա­հայ Ա­լեքս Պու­տա­քեան հան­դի­սա­ցած է երկ­րորդ մրցա­նա­կա­կիր:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 3, 2016

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան վեր­ջերս այ­ցե­լեց Ե­րե­ւա­նի «Ե­ղի­շէ Չա­րենց» գրա­կա­նու­թեան եւ ա­րուես­տի թան­գա­րան եւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րահ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 3, 2016

Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էֆ­քեան Ա­լա յայ­տա­րա­րեց, որ անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րուն կող­մէ ձեռ­նար­կուած հա­կաա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը քա­նի մը օ­րուան ըն­թաց­քին պի­տի ա­ւար­տին Ճիզ­րէի մէջ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 3, 2016

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան կը պատ­րաս­տուի այ­ցե­լել Պա­քու։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Ատր­պէյ­ճա­նի իր շփում­նե­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նան այս ամ­սուան կէ­սե­րուն։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 3, 2016

​Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը երէկուան մամլոյ ասուլիսով ամփոփեց անցեալ դիւանագիտական տարին:
Եդուարդ Նալպանտեան մօտակայ օրերուն նոր հանդիպում մը պիտի ունենայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 3, 2016

​ՀԲԸՄ կը ձգտի ընդարձակել իր ազգային առաքելութեան ծիրը եւ գործելաոճի զարգացման ուղղութեամբ հետամուտ է նոր քայլերու։
Ռուբէն Վարդանեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընտրուած։
Նախագահ Պերճ Սեդրակեան. «Ուրախ եմ, որ այս ընտրութիւնը յատկանշական քայլ մը կը հանդիսանայ՝ ի նպաստ մեր նախաձեռնութիւններուն»։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 3, 2016

ՆԱ­ԶԱ­ՐԷԹ ՊԷՐ­ՊԷ­ՐԵԱՆ

Ք­­սա­նե­րորդ դա­րու հայ տա­ղան­դա­ւոր գե­ղան­կա­րիչ­նե­րու­փա­ղան­գին մէջ իր ու­րոյն պա­տուան­դա­նը ու­նի Յով­սէփ Կա­րա­լեան (1897-1981), ո­րուն ծննդեան 119-րդ տա­րե­դար­ձը կը նշենք Փետ­րո­ւար 1-ին։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 3, 2016

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մէն խոյս տա­լով Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­պաս­տան գտած հա­յոց բազ­մա­կող­մա­նի կա­րիք­նե­րու դի­մագ­րա­ւու­մը միշտ ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն կը զբա­ղեց­նէ օ­րա­կար­գը։ Այս ա­ռու­մով ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ ապ­րուե­ցաւ յատ­կան­շա­կան օր մը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 3, 2016

Սրբոց Ղեւոնդեանց յիշատակութեան առթիւ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ հանդիսաւոր արարողութիւն:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ նոր հոգեւորականներու ձեռնադրութիւն:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 3, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բայց մին­չեւ այս բա­նա­կին եր­կիր հաս­նի­լը՝ ար­դէն նա­խա­րար­նե­րու ու­րա­ցու­թեան համ­բա­ւը հա­սած էր եւ ընդ­հա­նուր շփո­թու­թիւն յա­ռա­ջա­ցու­ցած։ Մինչ վի­ճա­կա­ւոր ե­պիս­կո­պոս­ներն ալ ի­րենց վի­ճակ­նե­րը վե­րա­դար­ձած էին, քո­րե­պիս­կո­պոս­նե­րը՝ գիւ­ղերն ու ա­ւան­նե­րը, եւ կը դրդէին թէ՝ գիւ­ղա­ցի­նե­րը եւ ա­զատ­նե­րը պէ՛տք է պաշտ­պա­նեն ե­կե­ղե­ցին ի­րենց հա­ւա­տու­րաց իշ­խան­նե­րուն դէմ՝ կռուին եւ պատ­ժեն զա­նոնք։

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ար­շա­կու­նեաց թա­գա­ւո­րու­թեան ան­կու­մէն յե­տոյ թէեւ Հա­յաս­տան պար­սիկ­նե­րու հպա­տակ էր եւ հար­կա­տու, բայց «ներ­քին ա­զա­տու­թիւն» կը վա­յե­լէր. եր­կի­րը կը կա­ռա­վա­րուէր հայ մարզ­պա­նով (մարզ­պան= պար­սից ար­քա­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ՝ կու­սա­կալ, նա­հան­գա­պետ), զի­նուո­րա­կան ու­ժը ամ­բող­ջա­պէս հայ նա­խա­րար­նե­րու ձեռքն էր, եւ քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղե­ցին բարձր դիրք գրա­ւած էր։ Մէկ խօս­քով՝ Հա­յաս­տան այն­պի­սի դրու­թեան մէջ էր, որ միա­ցեալ ու­ժե­րով միշտ կա­րող էր ա­զա՛տ ըլ­լալ պար­սից տէ­րու­թե­նէն՝ ե­թէ մա­նա­ւանդ յու­նաց օգ­նու­թիւնն ալ ստա­նար։

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2016

Երբ Լե­ւոն Ա­րո­նեան կը քայ­լէ իր հա­րա­զատ Հա­յաս­տա­նի փո­ղոց­նե­րուն մէջ, բո­լո­րը ա­նոր կը ժպտին, կը ստի­պեն, որ ճա­շա­րա­նին մէջ չվճա­րէ, ծնող­նե­րը ի­րենց ե­րա­խա­նե­րը ա­նոր ա­նու­նով կը կո­չեն: Հայ շախ­մա­տիստ Լե­ւոն Ա­րո­նեա­նի մա­սին գրած է CNN-ը:

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2016

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Գեր­մա­նիոյ Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պէք­ճեան վեր­ջերս մաս­նակ­ցե­ցաւ Ա­սո­րի Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ Գեր­մա­նիոյ ա­ռաջ­նոր­դու­թեան կող­մէ տա­րե­մու­տի առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած ըն­դու­նե­լու­թեան մը։

Էջեր