Արխիւ

Շաբաթ, Յունիս 25, 2016

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Յու­նիս 21-ին, 16 տա­րի ա­ռաջ, Սիա­թը­լի մէջ (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), ստա­մոք­սա­յին ա­նո­ղոք հի­ւան­դու­թեան մը դէմ ե­րեք տա­րի մա­քա­ռե­լէ ետք, 89 տա­րե­կա­նին մա­հա­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի աշ­խար­հահռ­չակ ար­ժէք­նե­րէն Ա­լան Յով­հան­նէս (1911-2000)։

Շաբաթ, Յունիս 25, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Գեր­ման մշա­կոյ­թի մե­ծա­գոյն միտ­քը՝ Եո­հան Վոլֆ­կանկ Ֆոն Կէօ­թէ կ՚ը­սէ, թէ՝ «Հրաշ­քը բնու­թեան օ­րէն­քին մէկ բա­ցա­ռու­թիւնն է»։ Ուս­տի կեան­քի բնա­կան ըն­թաց­քին մէջ, եր­բեմն շե­ղում­ներ կը պա­տա­հին, ո­րոնք կը փո­խեն կեան­քի ըն­թաց­քը։

Շաբաթ, Յունիս 25, 2016

Այս շաբաթավերջին Հայաստան համայն քրիստոնեայ աշխարհի ուշադրութեան կիզակէտին։
Վեհափառ հայրապետն ու Սրբազան Պապը եղբայրաբար ողջագուրուեցան Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի աւագ խորանին վրայ - Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ խաղաղութեան աղօթք։
Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Վատիկանի մէջ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանի զետեղման մասին առաջարկը։

Շաբաթ, Յունիս 25, 2016

Brexit-ի ար­դիւն­քը բա­ռին բուն ի­մաս­տով ցնցած է ամ­բողջ աշ­խար­հը։ Այ­լեւս յայ­տին է, որ Անգ­լիա դուրս պի­տի գայ Եւ­րո­միու­թե­նէն։ Պրիւք­սել ա­ռանց Լոն­տո­նի պի­տի շա­րու­նա­կէ իր ճա­նա­պար­հը, մինչ կող­մե­րը ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն պի­տի դի­մագ­րա­ւեն հե­տե­ւանք­ներ։

Շաբաթ, Յունիս 25, 2016

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, որ Թուր­քիա հրա­ւի­րուած է Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան (ՍԾՏՀԿ) ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ժո­ղո­վին, որ Յու­լի­սի 1-ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Սո­չիի մէջ։

Շաբաթ, Յունիս 25, 2016

Թուր­քիա ե­րէկ դար­ձեալ սու­գի մատ­նուե­ցաւ նոր նա­հա­տակ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ լու­րե­րով։ Երկ­րի հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան շրջան­նե­րուն մէջ ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում­նե­րը հեր­թա­կան ան­գամ ու­նե­ցան ծանր հետ­եւանք­ներ։

Շաբաթ, Յունիս 25, 2016

«Ներքաղաքական գործընթացներու իրողութիւնները Մերձաւոր Արեւելքի մէջ» խորագրեալ գիրք մը։
Աբրահամ Գասպարեանի աշխատութիւնը լոյս կը սփռէ տարածքաշրջանի առարկայական պատկերին վրայ։

Շաբաթ, Յունիս 25, 2016

ՍԵ­ՒԱՆ ՇԱՀ­ՊԱ­ԶԵԱՆ

Ո­րե­ւէ ազգ կը բնո­րոշ­ո­ւի իր սե­փա­կան ժա­ռան­գու­թեամբ՝ լե­զու, մշա­կոյթ, պատ­մու­թիւն, ա­ւան­դու­թիւն, բարք եւ սո­վո­րու­թիւն… Լե­զուն հիմ­նա­կան կռ­­ո­ւանն է ազ­գի մը ներ­կա­յու­թեան եւ գո­յա­տեւ­ման. մա­նուկ հա­սա­կէն կը սկ­­սինք ա­նով թո­թո­վել, խօ­սիլ, կար­դալ, գրել եւ ստեղ­ծա­գոր­ծել, ո­րով­հե­տեւ ա­ռանց լեզ­ո­ւի դժո­ւա­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նանք ապ­րե­լու եւ գո­յա­տե­ւե­լու:

Ուրբաթ, Յունիս 24, 2016

Հայաստան-Իրան երկաթուղիի կառուցման ծրագրին համար կը գործադրուին ջանքեր:
Մինչեւ շինարարութեան աւարտը բեռնափոխադրումները պիտի կատարուին ցամաքի ճանապարհով:

Ուրբաթ, Յունիս 24, 2016

Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակը յառաջիկայ աշնան մեծ շուքով պիտի նշուի ԱՄՆ-ի մէջ:
Ամերիկահայ կազմակերպութիւնները համախումբ աշխատանքի ձեռնարկած են՝ ծրագիրը վերջնականօրէն մշակելու համար:

Ուրբաթ, Յունիս 24, 2016

«Ա­րե­ւել­ք» կայ­քէ­ջէն կ՚ար­տատ­պենք հար­ցազ­րոյ­ց մը, որ կա­տա­րուած է հա­լէ­պա­հայ եր­կար տա­րի­նե­րու կրթա­կան մշակ եւ հրա­պա­րա­կա­գիր՝ Լա­լա Միս­կա­րեան-Մի­նա­սեա­նին հետ: Հար­ցազ­րոյ­ցի հե­ղի­նակն է Սա­գօ Ա­րեան։

Ուրբաթ, Յունիս 24, 2016

Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին մէջ կը կարդանք.
Եր­կար տա­րի­նե­րու լճա­ցու­մէ ետք, այն­պէս կը թուի, թէ ֆրան­սա­հա­յու­թիւ­նը, գո­նէ ա­նոր մէկ հա­տուա­ծը սթա­փած է, թմբի­րէն արթն­ցած եւ անդ­րա­դար­ձած է նոր սե­րուն­դի հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան: 

Ուրբաթ, Յունիս 24, 2016

Անգ­լիոյ մէջ ե­րէկ ժո­ղո­վուր­դը քուէա­տու­փի մօտ փու­թաց՝ ո­րո­շե­լու հա­մար, թէ եր­կի­րը պէտք է շա­րու­նա­կէ մնալ Ե­ւրո­միու­թեան կազ­մէն ներս, թէ ոչ։ Brexit կո­չուած այս հան­րա­քուէն օ­րե­րէ ի վեր ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն կը զբա­ղեց­ներ ինչ­պէս այդ երկ­րին, այն­պէս ալ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան օ­րա­կար­գը։

Ուրբաթ, Յունիս 24, 2016

Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմէական Կաթոլիկ քոյր եկեղեցիներու յարաբերութիւններուն մէջ գագաթնային փուլ մը:
Վեհափառ Հայրապետը եւ Սրբազան Պապը կ՚ողջագուրուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ՝ խաղաղութեան աղօթքով:

Ուրբաթ, Յունիս 24, 2016

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ միջ­նա­կար­գի շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն հրա­ժեշ­տի հան­դի­սու­թիւ­նը։ 2015-2016 տա­րեշր­ջա­նի ա­ւար­տին միջ­նա­կար­գը տուաւ իր 57-րդ ըն­թա­ցա­ւարտ­նե­րը։

Ուրբաթ, Յունիս 24, 2016

«Թու­մօ»ի հնգա­մեա­կին ա­ռի­թով՝ Սպա­նիա­յէն Հա­յաս­տան  հրա­ւի­րուած է աշ­խար­հահռ­չակ հայ ջու­թա­կա­հար Ա­րա Մա­լի­քեան: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դեն «Թու­մօ» կեդ­րո­նէն։

Ուրբաթ, Յունիս 24, 2016

ՍԵ­ՒԱԿ ՅԱ­ԿՈ­ԲԵԱՆ

Ան­հա­ւա­տա­լի բայց ի­րաւ: Ե­րէկ գրու­թիւն մը ստա­ցայ լի­բա­նա­նա­հայ վար­ժա­րա­նէ մը շրջա­նա­ւարտ օ­րիոր­դէ մը, ո­րուն մէջ Յու­նի­սը «Հ»ով գրած էր...:

Ուրբաթ, Յունիս 24, 2016

Ա­ԲՕ ՊՈ­ՂԻ­ԿԵԱՆ

Բա­րե­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը պար­տին ամ­բող­ջա­կա­նօ­րէն թա­փան­ցիկ գոր­ծել՝ ման­րա­մաս­նօ­րէն հրա­պա­րա­կե­լով ի­րենց հա­շուա­կան գոր­ծառ­նու­թիւն­նե­րը:

Ուրբաթ, Յունիս 24, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ան­շուշտ կան բա­ցար­ձակ ար­ժէք­ներ, եւ սա­կայն «ար­ժէք» ը­սուա­ծը ընդ­հան­րա­պէս յա­րա­բե­րա­կան է, քա­նի որ ան ստու­գիչ կը դառ­նայ՝ ի­րի մը, ի­րո­ղու­թեան մը եւ կամ ոե­ւէ ան­ձի՝ ու­րի­շի մը հետ բաղ­դա­տու­թեամբ։

Ուրբաթ, Յունիս 24, 2016

Հո­լի­վու­տի աշ­խար­հահռ­չակ ատղ Ան­ճե­լի­նա Ճո­լի ու­շադ­րու­թիւն չի դարձ­ներ հա­սա­րա­կու­թեան կար­ծի­քի վրայ։ Այն պա­հուն, երբ ողջ աշ­խար­հը կը քննար­կէ ա­նոր եւ Պրետ Փի­թի հա­ւա­նա­կան ա­մուս­նա­լու­ծու­թիւ­նը, դե­րա­սա­նու­հին կրա­կի վրայ իւղ լե­ցու­ցած է։
­

Էջեր