Արխիւ
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու այցելութիւն մը կու տայ Նիւ Եորք, ուր կը մէկտեղուի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի յառաջատար ելմտական շրջանակներու ներկայացուցիչներուն հետ կը մէկտեղուի Ահմէտ Տավուտօղլու, որ տեսակցութիւններ կ՚իրականացնէ ներդրողներու եւ տնտեսագէտներու հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Պան Քի Մունի հետ հանդիպման ընթացքին Տավուտօղլու կ՚անդրադառնայ Կիպրոսի հիմնախնդրին, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Ուքրայնոյ խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ համաշխարհային եւ տարածքաշրջանային նշանակութեամբ շարք մը հիմնահարցերու։
Թուրքիոյ եւ Թիւրքմենիստանի համագործակցութիւնը թափով կը զարգանայ՝ աստիճանաբար ստանալով ռազմավարական բնոյթ։
Ուժանիւթի բնագաւառէն ներս երկկողմանի այժմու յարաբերութիւնները կ՚ընդլայնուին Ատրպէյճանի մասնակցութեան հեռանկարներով։
Այսու կու գանք գոհունակութեամբ տեղեկացնել, որ հայ օրաթերթերու նահապետը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ այսօրուան դրութեամբ պաշտօնապէս հաստատած է իր համացանցային կայքէջը։ www.jamanak.com հասցէով մեր օրաթերթը արդէն սկսած է համացանցային աշխարհէ ներս ճանապարհորդութեան՝ իր գոյութեան երկրորդ հարիւրամեակին մէջ։ Այս նոր ոդիսականին մեկնարկը, բնականաբար, կու գայ բնորոշել ճամբաբաժան մը՝ արդի դարուն մէջ նաւարկութեան անհրաժեշտ նախադրեալներու պրիսմակէն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին վերիվայրումները միշտ կը դիտարկուին աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններու կամ «ռէէլ-փոլիթիք» ազդակներու տեսանկիւնէն։ Միւս կողմէ, առկայ անելը այն աստիճան խորացած է, որ արդէն երեւոյթը ուսումնասիրութեան առարկայ կը դառնայ նաեւ այլ տեսանկիւններէ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ փայլուն հանդիսութիւններ:
Փանոս Թերլեմեզեանի 150-ամեակին առթիւ ծաւալուն ծրագիր Գեղարուեստի պետական գոլէճի երդիքին տակ:
Շիշլի մարզակումբի երդիքին տակ կը շարունակուին մարզական ձեռնարկները։ Խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուած է, քանի որ վոլէյպոլի, պասքեթպոլի, ֆութսալի մարզաձեւերու աւելի քան երեք ամիս տեւած մրցաշարքերը կ՚արժանանան մարզասէր հասարակութեան մօտիկ հետաքրքրութեան։