Արխիւ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողան եւ Մերքէլ զրուցեցին սուրիացի գաղթականներու կացութեան շուրջ։
Արտաքին գործոց նախարարը Պաքուի պաշտօնական շփումներուն աւարտին ուղեւորուեցաւ դէպի Սոչի:
Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու վերահաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ Անգարայի մօտեցումները:
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խումբ մը սաներ նախընթաց օր այցելեցին Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցին։ Վարժարանի 9-րդ դասարանի աշակերտներէն բաղկացեալ խումբը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեանի կողմէ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
TEOG-ի քննութիւններուն այս տարի առաջին անգամ պիտի ընդգրկուին նաեւ հայոց կրօնին վերաբերեալ հարցումներ:
Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ խումբ մը կրթական մշակներ երէկ Անգարա այցելեցին՝ քննարկելու համար հարցումներու պատրաստութեան վերաբերեալ նիւթեր: Ազգային կրթութեան նախարարութեան չափման եւ արժեւորման բաժանմունքին հետ կը ծաւալուի դրական աշխատանք:
Ռուսահայ յայտնի գործարար Լեւոն Հայրապետեան ազատուեցաւ տնային կալանքէ։ Շուրջ տարիէ մը ի վեր ան դատական որոշումով տնային կալանքի տակ կը գտնուէր «Պաշնէֆթ» ընկերութեան բաժնետոմսերու վերաբերեալ ապօրինութիւններուն շրջագծով իրեն վերագրուած պնդումներուն բերումով։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովը երէկ ձեռնարկեց իր 70-րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն։ Տարեկան շրջափուլին մեկնարկը ազդարարեցին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Ման Քի Մուն եւ դանիացի դիւանագէտ Մոկենս Լիքէթոֆթ, որ անցեալ Յունիսին ընտրուած էր նախագահ։
«ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու նեղ կազմով հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան սուր հարցեր, ըստ աւանդութեան, անկեղծ ձեւով»։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Իրադրութիւնը սրելու ուղղեալ Ատրպէյճանի փորձերը՝ միջազգային հանրութեան համարժէք հակազդեցութեան բացակայութեան պարագային յղի են ամբողջ Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանի ապակայունացման»։
Տուշանպէի մէջ հրապարակուած համատեղ յայտարարութեան գծով անհանգստութիւն յայտնուեցաւ կառոյցի պատասխանատուութեան գօտիէն ներս չկարգաւորուած հակամարտութիւններուն շուրջ եւ անթոյլատրելի համարուեցան նոր բաժանարար գիծերն ու փակ սահմանները։
Տ. Գարեգին Աբեղայ Համբարձումեան նշանակուեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ:
«Հոգեւորականի առաջին բարենիշը անոր նկարագիրն է», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Պելժիոյ աւագ հիւպատոս Անրի Ֆան Թիէկըմը։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբազնութիւնը ողջունեց պելժիացի դիւանագէտը եւ գոհունակութիւն յայտնեց այցելութեան կապակցութեամբ։ Կարծիքի փոխանակումներ կատարուեցան թրքահայ համայնքային կեանքին վերաբերեալ զանազան նիւթերու շուրջ։
Անգլիոյ ռազմական նուագախումբը այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան եւ շարք մը համերգներով հանդէս կու գայ Երեւանի մէջ։ Այս շրջագծով առաջին համերգը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին, Կասկատի մէջ։
Աշնան շրջանին Երեւանի մէջ իրերայաջորդ կը կազմակերպուին շարք մը հետաքրքրական ցուցահանդէսներ, որոնք գեղարուեստասէրներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնան։ Այսպէս, Կոմիտասի նորահաստատ թանգարան-կաճառի երդիքին տակ, Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան համագործակցութեամբ բացուեցաւ «Արդիականէն-գերարդիական» խորագրեալ ցուցահանդէս մը, որու կազմակերպիչն է «Բարձր արուեստ» կերպարուեստի կեդրոնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հիւանդները բուժեցէ՛ք» (ՄԱՏԹ. Ժ 8)։ Այսպէս կ՚ըսէ Յիսուս, ինչ որ եկեղեցին ընդունած է որպէս յանձնառութիւն Տիրոջմէ եւ կը ջանայ իրագործել զայն թէ՛ այն խնամքներուն շնորհիւ՝ որոնք կը մատակարարէ հիւանդներուն, թէ՛ անոնց ընկերակցող բարեխօսութեան աղօթքով։ Ան կը հաւատայ կենսագործ ներկայութեան Քրսիտոսի՝ բժիշկ հոգիներու եւ մարմիններու։
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնը կը շարունակէ իրականացնել տմարդի բռնարարքներ, որոնք բովանդակ երկրին մէջ կը յառաջացնեն ցասում։ Մինչ ժողովուրդը միահամուռ ձեւով կը պախարակէ ահաբեկչութիւնը, երէկ, դժբախտաբար դարձեալ նոր նահատակներու վերաբերեալ լուրեր հասան Հաքքեարիէն եւ Մարտինէն։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Եւրոպայի մասնաճիւղը վերջերս մասնակցեցաւ միջազգային հետաքրքրական գիտաժողովի մը։ Այսպէս, ՀԲԸՄ-Եւրոպան Փարիզի մէջ իրականացուց եռօրեայ աշխատանք մը՝ հրեայ եւ ռոման համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթավերջին Ծաղկաձորի մէջ մասնակցեցաւ «Լաւագոյն մարզական ընտանիք-2015» մրցոյթին։ Ծաղկաձորի ողիմպիական գլխաւոր մարզահամալիրէն ներս ան հետեւեցաւ մրցոյթի եզրափակիչ փուլի մրցումներուն եւ մրցանակաբաշխման արարողութեան։
Թուրքիա, Ատրպէյճան, Ղազախիստան եւ Խրղըզիստան աշխատանքի ձեռնարկած են միասնական հեռուստաալիք մը ստեղծելու ուղղութեամբ։ Կը հաղորդուի, որ այս չորս երկիրներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է թրքերէն միասնական հեռուստակայան մը հիմնելու ուղղութեամբ։
Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ աշխատանքներ կը տարուին համատեղ դրամատուն մը հիմնելու ուղղութեամբ։ Երկու երկիրները արդէն բանակցութիւններու ձեռնարկած են այս նիւթին շուրջ։ Նոր ստեղծուելիք դրամատան մասնաճիւղերը պիտի գտնուին Պաքուի եւ Թեհրանի մէջ։
ԵԱՀԿ-ի Մշտական խորհուրդի անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցած վերջին ժողովին ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Այս առթիւ ելոյթ մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Արման Կիրակոսեան, որ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շփման գծին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան պետական սահմանին երկայնքով վերջին շրջանին իրավիճակի սրման։
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 69-րդ նստաշրջանի 103-րդ լիագումար նիստին ընթացքին միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ Հայաստանի կողմէ ներկայացուած «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի եւ արժանապատուութեան եւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օր» խորագրեալ բանաձեւը։
Արտաքին գործոց նախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու այսօր պաշտօնական այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Պաքու։ Երկօրեայ ուղեւորութեան ընթացքին ան ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։