Արխիւ
Արցախի ճակատին վրայ վերջին օրերուն սաստկացած է լարուածութիւնը։ Օգոստոսի 31-էն ի վեր Ատրպէյճանի զօրքերը թափով կը խախտեն հրադադարը։ Հայկական պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երեք զոհ ունեցած են վերջին դէպքերուն հետեւանքով։ Ատրպէյճանի կորուստներուն թիւն ալ հասած է շուրջ եօթ կամ ութի։
«Քեզի հետ Հայաստան» համերգաշարի ծրագիրը այսօր կը շարունակուի Հռոմի մէջ։ «Osservatore Romano» թերթին հաղորդումներով, այս ելոյթին ընթացքին հանդէս կու գան երիտասարդ, բայց արդէն աշխարհահռչակ երաժիշտներ։
ՄԱԿ-ի բնակչութեան հիմնարկին կողմէ հրապարակուեցան ահազանգային տուեալներ:
2100 թուականին համար Հայաստանի բնակչութեան շուրջ յոռետես կանխատեսումներ կը կատարուին տեղեկագրին մէջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իրան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կորիզային համաձայնութիւնը անխափան կերպով պիտի արժանանայ գոնկրէսի համաձայնութեան: Ամերիկացի ծերակուտականներու մեծամասնութիւնը կողմնակից է, որ Իրանի հետ կնքուած համաձայնութիւնը վաւերացուի:
Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահին ընդունեց ՃՀՓ-ի երեսփոխան Սելինա Տողանն ու ընկերակիցները:
Կղզիները հետաքրքրող ապահովութեան եւ այլ հրատապ բնոյթ ունեցող հարցերը դարձան քննարկման առարկայ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
2015-2016 կրթական շրջանի վերամուտին ընդառաջ իսթանպուլահայ հինգ լիսէներու տնօրէնները հիւրընկալուեցան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան երդիքին տակ - 3:
Հայկական արժէքներու հրապոյրը ուղիղ համեմատութեան մէջ է համամարդկային մշակոյթին հետ ունեցած ներդաշնակութեամբ, իսկ յայտնի անունները կը բազմապատկեն հետաքրքրութիւնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ կը մասնակցի իմաստութեան եւ բարութեան Արարչին, որ կու տայ անոր իր արարքներուն տիրապետելու եւ ինքզինք կառավարելու կարողութիւնը, ճշմարտութեան եւ բարիին հասնելու համար։
Պերլինի մէջ Սեպտեմբեր 5-ին տեղի պիտի ունենայ գերմանական «Հայնրիխ Պէօլ» հիմնարկի կազմակերպած «Անցեալի ներկան. 1915-ի հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարի անց» խորագրով խորհրդաժողովը։
1915-ի իրադարձութիւններէն հարիւր տարի անց պատմական դէպքերը պաստառ կը բարձրանան երկու մանուկներու հայեացքով՝ «Կորուսեալ թռչուններ» շարժապատկերի միջոցով։
Հայազգի կրոսմասթըր Լեւոն Արոնեան Սենթ Լուիզի (Միացեալ Նահանգներ) մէջ աւարտած ճատրակի «Սինքուեֆիլտ Քափ»ի միջազգային մրցաշարքին սեւ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Վեսելին Թոփալովի (Պուլկարիա) հետ, տիրացաւ մրցաշարքին տիտղոսին:
Մարտինի Տարկեչիթ գաւառակէն երէկ հասաւ չորս ոստիկաններու նահատակութեան դժբախտ լուրը։ ՓՔՔ կազմակերպութեան կատարած ահաբեկչական գործողութեան հետեւանքով նահատակուեցան ապահովութեան տեսուչ Իպրահիմ Հալիլ Աքսօյ, ոստիկաններ Ահմէտ Աքալըն, Հիւսէյին Պալթա եւ Աքիֆ Հաթունօղլու։ Մարտինի կուսա
Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց Վահագն Յովնանեանի յուղարկաւորութեան:
Յայտնի բարերարին նկատմամբ վերջին յարգանքը մատոյց նաեւ Սերժ Սարգսեան:
Սիլվինա Տէր-Մկրտիչեանի համակարգմամբ եզակի ձեռնարկ մը՝ Tütün Deposu-ի մէջ:
Սահմաններէն եւ լեզուէն անդին պատկանելիութեան նոր աշխարհագրութիւններ՝ արուեստագէտներու աչքով:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
2015-2016 կրթական շրջանի վերամուտին ընդառաջ իսթանպուլահայ հինգ լիսէներու տնօրէնները հիւրընկալուեցան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան երդիքին տակ - 2:
Իսթանպուլահայ վարժարանները կը հանդիսանան այն հիմնական լծակը, ուր կարելի է նոր սերունդը հաղորդ դարձնել մեր ժառանգութեան:
Մոնթրէալի մէջ յառաջիկայ Սեպտեմբերի 27-ին «Փոլաք Հոլ»ի մէջ տեղի պիտի ունենայ եղեռնէն վերապրած հայ երաժիշտներու վաստակին նուիրուած համերգ մը, գլխաւոր կազմակերպութեամբ երաժիշտ եւ դասախօս Յասմիկ Ինճէճիկեանի։ Ստորեւ՝ Գանատայի «Ապագայ» օրաթերթէն քաղելով կը ներկայացնենք այս համերգին մանրամասներուն կապակցութեամբ Յասմիկ Ինճէճիկեանի հետ կատարուած հարցազրոյցը։
Ֆութպոլի Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ Գերմանիոյ «Պորուսիա Տորտմունտ»ի կիսապաշտպան Հերնիխ Մխիթարեան երէկ Երեւանի Ֆութպոլի ակադեմիոյ մէջ մասնակցեցաւ բարեսիրական նախաձեռնութեան մը։
6-7 Սեպտեմբեր 1955-ի տխուր դէպքերուն 60-րդ տարեդարձին առթիւ «Իստոս» հրատարակչութիւնը հրապարակեց խիստ հետաքրքրաշարժ պատկերագիրք մը՝ «Պատրիարքական լուսանկարիչ Տիմիթրիոս Քալումենոսի ոսպնեակէն 6-7 Սեպտեմբեր 1955-ը» խորագրով։
Արժէքաւոր գեղանկարչուհի Իտա Գահրաման Գնալը կղզիի «Ճաշ» ճաշարանին մէջ երէկ բացաւ իր հերթական գեղանկարչական ցուցահանդէսը։
Երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ գումարուեցաւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին հերթական ժողովը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած նիստին առաջին անգամ մասնակցեցան Նոյեմբերի 1-ին նախատեսուած ընտրութեան ընդառաջ կազմուած ժամանակաւոր կառավարութեան պատկան անդամները։
Իսթանպուլի 14-րդ պիէնալը Սեպտեմբերի 5-էն սկսեալ պիտի հիւրընկալէ արուեստասէրները։ Այս տարուան պիէնալը տեղի կ՚ունենայ «Աղի ջուր. մտապատկերներու տեսութիւն» խորագրով։ Արուեստի հեղինակաւոր փառատօնի շրջագծով պիտի ըլլայ նաեւ հայկական ծրագիր մը՝ «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» հիմնադրամի Դիլիջանի արուեստի նախաձեռնութեան աջակցութեամբ։