Արխիւ
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի գլխաւորութեամբ երէկ Չանքայայի ապարանքին մէջ տեղի ունեցաւ բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւն մը՝ անվտանգութեան նիւթերու շուրջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ահմէտ Տավուտօղլու այս առթիւ հրահանգած է, որ յառաջիկայ ձմրան եւս ահաբեկչութեան դէմ գործողութիւնները շարունակուին անընդհատ։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ տեսակցեցաւ Պէյրութի Հայկազեան Հայագիտական համալսարանի վերատեսուչ Փոլ Հայտոսթեանի հետ, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Նախագահ Սարգսեան զրոյցի ընթացքին առաջին հերթին Հայկազեան համալսարանի 60-ամեայ յոբելեանին կապակցութեամբ շնորհաւորութիւններ յղեց Հայտոսթեանին։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սուրբ Խաչ դպրեվանքէն խումբ մը սաներ, որոնց կ՚ուղեկցէր վարժարանի երիտասարդ կրթական մշակներէն Նարօտ Եանըքօղլու։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Լիտիա Սաթըլմըշ, Ծիլա Պոյաճեան, Յակոբ Պոյաճեան, Փիլիպպոս Հէրկէլ, Ռոյ Մերքէզօղլու, Օննիկ Թաւուքճու եւ Սասուն Եըլտըրըմ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր երկօրեայ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ՝ մասնակցելու համար ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր համաժողովի 38-րդ նստաշրջանին, որուն շրջագծով նախատեսուած է նաեւ իր ելոյթը։
Անգարա կը ձգտի բոլոր ուղղութիւններով զարգացնել Էրպիլի հետ համագործակցութիւնը:
Թրքական կողմը կը փափաքի Հիւսիսային Իրաքէն ՓՔՔ-ի ամբողջութեամբ դուրս թողուիլը:
Լիբանանի, Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի հայկական վարժարաններու կացութեան շուրջ ընդհանուր համեմատութիւններ եւ վիճակագրական տուեալներ:
Արեւմտահայերէնի ուսուցման հարցերուն շրջագծով Տքթ. Անահիտ Տօնապետեան խօսեցաւ հայ դպրոցի առաւելութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն մասին:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Անահիտ Տօնապետեանի երէկուան դասախօսութիւնը իսկապէս հետաքրքրական էր, նաեւ հարստացուցիչ։ Իրականութեան մէջ, իր խօսքերը հիմնական որեւէ արտասովոր նորութիւն չէին բովանդակեր՝ հայ իրականութեան քիչ թէ շատ ծանօթ անձի մը տեսանկիւնէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ մշակոյթի նուիրուած Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին կ՚արժէ յիշել նաեւ Մխիթարեան Վարդապետները՝ որոնք լուրջ եւ կարեւոր դեր խաղացած են Հայ մշակոյթի զարգացման ե՛ւ գոյապահպանման կենսական ու նուիրական գործին մէջ։
ԵՄ յանձնառու է շարունակելու հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ:
Երեւան ուշադրութիւն կը հրաւիրէ սահմանամերձ շրջաններու բնակիչներու անվտանգութեան ուղղեալ սպառնալիքներուն վրայ՝ հասցէական ու ճիշդ ժամանակով յայտարարութիւններու ակնկալութեամբ միջազգային հանրութեան կողմէ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ տեսակցեցաւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի հետ:
Չանքայայի ապարանքին մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ անվտանգութեան հարցերով բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւն մը: Թուրք զինեալ ուժերը Հիւսիսային Իրաքի մէջ լուրջ հարուածներ հասցուցին ահաբեկչական լծակներուն:
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի նորահաստատ սանուց միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները երէկ այցելեցին խմբագրատունս՝ բազմակողմանի տեղեկութիւններ փոխանցելով իրենց ծաւալած աշխատանքին շուրջ։ Միջոցէ մը ի վեր արդէն շրջանառութեան մէջ կը գտնուէր այս միութեան հիմնադրութեան վերաբերեալ լուրը։ Ներկայիս արդէն պաշտօնապէս հիմնուած է Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սանուց միութիւնը, որու հիմնական նպատակները կը համարուին մէկ կողմէ շրջանաւարտներու համախմբումը, իսկ միւս կողմէ ալ այս վարժարանը բաց պահելու առաջադրութեամբ տրուած պայքարին զօրակցիլը։
Գարակէօզեան Տան երդիքին տակ երէկ հիւրընկալուեցաւ կրթական աշխարհի յայտնի տեսաբաններէն մին՝ Ֆլորիտայի Պետական համալսարանի դասախօսներէն Փրոֆ. Ճոն Քելըր։ Այս վերջինը կրթական կեանքէ ներս կը համարուի իսկական հեղինակութիւն մը։ Ան համաշխարհային մակարդակով համբաւ ձեռք բերած է շնորհիւ իր հնարած ARCS ուսուցման դրութեան, որ կը վերաբերի կրթադաստիարակչական միջավայրի մէջ աշակերտներու կեդրոնացումը առաւելագոյն մակարդակի հասցնելու։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը այս օրերուն կ՚այցելէ Եգիպտոս։ Այս ուղեւորութեան ընթացքին ան կը նախագահէ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի գործադիր վարչութեան ժողովին։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ հանդիպում մըն ալ կ՚ունենայ Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ գահակալ՝ Թաւատրոս Պատրիարքին հետ։
Հայաստանի Տաւուշի մարզի Դիլիջան քաղաքին մէջ վերջերս Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախագահեց նոր կառուցուելիք եկեղեցիի մը հողօրհնէքի հանդիսաւոր արարողութեան։ Այս եկեղեցին պիտի կառուցուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Դիլիջանի քաղաքապետարանի, «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» հիմնադրամի եւ «Դիլիջանի զարգացման հիմնադրամ»ի համատեղ ջանքերով։ Եկեղեցաշինական ծրագրի բարերարներն են Ռուբէն Վարդանեան, Գագիկ Ադիբէկեան, Մաքսիմ Աթաեանց եւ Արմէն Կարապետեան։
Այսօր Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գահակալութեան տարեդարձն է։ Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աստուածակառոյց ու Առաքելահաստատ գահուն վրայ ան կը դիմաւորէ իր 16-րդ տարին՝ որպէս հայ ժողովուրդի ընդհանրական ու պատուական հայրապետը եւ որպէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ թիւ մէկ սպասաւորը։
Երէկ, ՆԱԹՕ-ի Երեւանի տեղեկատուութեան կեդրոնին մէջ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան միջազգային անվտանգութեան եւ սպառազինութիւններու վերահսկման վարչութեան պետ Սամուէլ Մկրտչեան եւ Կովկասէ ներս ՆԱԹՕ-ի կապի սպայ Ուիլիըմ Լահիւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մկրտչեան այս առթիւ նշեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ խաղաղապահներու տեղակայման հարցը կրնայ քննարկուիլ բացառապէս կողմերու միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումէն վերջ։
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձին հարցաքննութեան շրջագծով միշտ կ՚ապրուին նոր իրադարձութիւններ։ Ծանօթ է, որ ներկայիս յաւելեալ հարցաքննութիւն մը կ՚իրականացուի՝ բացայայտելու համար հանրային պաշտօնեաներու պատասխանատուութիւնները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինչպէս յաճախ կ՚ընենք, դարձեալ թղթատեցինք Հայ Մամուլի հին էջերը՝ ուր նկատեցինք հետաքրքրական տողեր, որոնք կը փափաքինք բաժնել մեր սիրելի ընթերցող բարեկամներուն հետ՝ բաղդատելու համար ներկան եւ անցեալը։
Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան կոմիտէին հերթական նիստը:
Այս առաւօտ սկսած բանակցութիւնները կը գլխաւորեն Կարէն Ճշմարիտեան եւ Կունար Վիկանտ:
2016 թուականի Փետրուարի 26-ին, Զուիցերիոյ Ցիւրիխ քաղաքին մէջ գտնուող ՖԻՖԱ-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի պիտի ունենան ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւնները: