Արխիւ
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան վարչապետը շփումներ ունեցաւ Թուրքիոյ մէջ:
Էրտողան եւ Տավուտօղլու տարածքաշրջանի իրադրութիւնը քննարկեցին Նեչիրվան Պարզանիի հետ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի Կոնդակը՝ ուղղուած Դպրաց Դասերուն եւ Երգչախումբերուն։
Հայ մշակոյթի եւ զօրակցութեան միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ երէկ կազմակերպուեցաւ Ամանորի հաւաքոյթ մը։ Յիշեալ միութեան Պէյօղլուի հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ «Նոր զարթօնք»ի Կաղանդի այս ձեռնարկը, որու մասնակիցներուն բաժնուեցաւ աւանդական անուշապուրը։
Էսաեան սանուց միութեան երդիքին տակ «Մարալ» համոյթի փոքրիկներուն համար շաբաթավերջին կազմակերպուած Կաղանդի խրախճանքը անցաւ աննախընթացօրէն խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Ծնողներուն պատրաստութեամբ փոքրիկներուն համար կազմակերպուած այս ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր։
Գարակէօզեանի ընտանիքը շաբաթավերջին մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ Ամանորի առթիւ կազմակերպուած խրախճանքին բերումով։ Վարժարանի պարտէզէն սկսեալ մինչեւ դպրոցի շէնքի մուտքն ու ապակեպատ սրահը երկարած ընդարձակ տարածքի մը մէջ իրականացաւ այս խրախճանքը, որու մասնակիցներու տրամադրութեան տակ դրուած էին նաեւ Ամանորի բնորոշ զանազան իրեղէններ կամ նուէրներ։
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը 2015 թուականին սկսած է հայկական շարժանկարներու թուայնացման: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտնած է Հայաստանի Մշակոյթի փոխ-նախարար Արթուր Պօղոսեան:
Աշխարհահռչակ սերպ երաժիշտ Էմիր Քուսթուրիցա երէկ երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։ Էմիր Քուսթուրիցա եւ «The No Smoking Orchestra» ժողովրդական-ռաք խումբը հայ երաժշտասէրներուն ներկայացան «Կարէն Տէմիրճեան» մարզահամերգային համալիրի երդիքին տակ։
Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչները Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ հիւրընկալուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ:
Սերժ Սարգսեան. «Մենք 2016 թուական կը մտնենք մեծ յոյսերով եւ ծրագրերով, միեւոյն ժամանակ բոլորս ալ կը գիտակցինք, որ մեր խնդիրները տակաւին լուծուած չեն եւ տակաւին շատ ընելիքներ ունինք՝ որպէսզի մեր երկիրը դառնայ մեր երազածին նման»:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան 2015-ի գործունէութիւնը ամփոփուեցաւ մամլոյ ասուլիսով մը:
Հրանոյշ Յակոբեան. «Այսօր բազմաթիւ համայնքներու մօտ հայերէնը կը զիջէ դիրքերը»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
19 Դեկտեմբերին Դամասկոսի Ճարամանա շրջանին մէջ կը սպաննուէր «Հիզպուլլահ»ի կարեւորագոյն համարուած պատասխանատուներէն մին՝ Սամիր Քընթար: Լրատուական աղբիւրներ նոյն լուրին կապակցութեամբ կը հաղորդէին, որ իսրայէլեան օդային հարուածով սպաննուած Քընթարի հետ նոյնպէս կը զոհուէին իրանցի տասնմէկ պատասխանատուներ:
Արցախի ճակատին վրայ երէկ հայ զինուոր մը դարձաւ Ատրպէյճանի դիպուկահարներուն թիրախը:
Ըստ Կարէն Միրզոյեանի, Պաքուի որդեգրած քաղաքականութիւնը մարտահրաւէր է միջազգային հանրութեան:
ՅԱԿՈԲ ՆԱԼՊԱՆՏ ՏԼՏԼԵԱՆ
“Because I could not stop for death
he kindly stopped for me.”
Emily Dickinson
ՀԵՀԵՄ-ի Եւրոպայի տարածքաշրջանի ընդլայնուած կազմով առաջին ներկայացուցչական ժողովը:
Աշխատանքային ծրագրի աւարտին ուխտի այցելութիւններ տրուեցան դէպի Վենետիկ եւ Միլանօ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը վերյիշէ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագը։ Քրիստոնէութեան առաջին նախավկային ձօնուած աւանդական տօնակատարութիւններ տեղի կ՚ունենան մեր եկեղեցիներուն մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինչպէս յաճախ կ՚անդրադառնանք՝ դպրաց դասերը, եկեղեցական կեանքին գործօնութեան, կենսունակութեան, աշխոյժ կերպով ընթացք գտնելու գործին՝ ժողովուրդին նկատմամբ օգտակար հանդիսանալու պատասխանատուութեան մէջ կարեւոր եւ անհրաժեշտ դեր մը կը խաղան։ Դպրաց դասերը, այս իմաստով անբաժան տա՛րրն են եկեղեցական կեանքին, արարողութիւններու, ծէսերու կատարման եւ իրականացման։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ZİBEÇ-ի ընտանիքին ամանորեան խրախճանքը։ Տօնակատարութեան մասնակցեցան ZİBEÇ-ի աշակերտները, ծնողները, մասնագէտներն ու վարչային պատասխանատուները։
Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան համալիրէն ներս երէկ երեկոյեան ապրուեցաւ Կաթողիկէ աշխարհի Ս. Ծննդեան հրճուանքը։ Անարատ Յղութեան մատրան մէջ մատուցուեցաւ Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ, ձեռամբ Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան իր «Խոհք եւ խօսք»ին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Ինծի դէմ ամբաստանութեան եւ մեղադրանքի կէտ ըրին թէ՝ պատրիարքութենէ հրաժարիլ չեմ ուզած։
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
«Թատրոնի լեզու»ի մասին «կլոր սեղան»ի մը ընթացքին եւ անկէ վերջ արտայայտուած միտքեր, որոնք սփիւռքեան կացութեան նահանջի արաձագանգ են նաեւ:
«Անահիտ» մանկական շարժանկարը հասանելի պիտի դառնայ ֆրանսախօս հանրութեան: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ,Դեկտեմբերի 24-ին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ըսած է «Ռոբերտ Սահակեանց փրոտաքշըն» արուեստանոցի համահիմնադիր եւ մանկական շարժանկարներ պատրաստող Դաւիթ Սահակեանց: