Արխիւ
Հայաստան յատուկ տաղաւարով մը պիտի մասնակցի Ֆրանքֆուրթի գիրքի միջազգային տօնավաճառին, որ այս տարի պիտի կայանայ 14-18 Հոկտեմբեր թուականներուն։ Այս կարեւոր միջոցառման մասնակցութիւնը կ՚իրականանայ Մշակոյթի նախարարութեան եւ Մեծ եղեռնի 100-ամեակի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի աջակցութեամբ
Ռուսաստանի օդուժին կողմէ Թուրքիոյ սահմաններուն դէմ կատարուած ոտնձգութիւնները արձագանգ գտած էին նաեւ ՆԱԹՕ-ի մօտ եւ վերջինս յայտարարած էր, որ եթէ Թուրքիա պահանջէ, ապա կրնայ զինուոր ուղարկել այնտեղ։
Թուրքիա դիմած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ին՝ Վանի բերդը համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին վրայ ընդգրկելու համար։ «Րատիքալ»ի հաղորդմամբ, Վանի Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Մուզաֆֆէր Աքթուղ յայտնած է, որ եթէ Վանի բերդը մտնէ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ, ապա ատիկա մեծ ճանաչում եւ օգուտ պիտի բերէ Վանին։
Մոնրէալի «Փլաս Տէ Զար» համերգասրահին մէջ, Մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցին առիթով, Մոնրէալի սիմֆոնիք նուագախումբին հետ հանդէս եկաւ աշխարհահռչակ յօրինող Քրիստոֆ Փանտերեցքի, որ անձամբ ղեկավարելով երգչախումբը՝ ունկնդիրներուն հրամցուց Մեծ եղեռնի զոհերուն յիշատակին նուիրուած «Սաղմոս Գ» ստեղծագործութիւնը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ մէջ ընթացող պատերազմը «մասնակի կլոպալ պատերազմ» մը դառնալու բոլոր բաղադրիչները ունի: Կլոպալ ըսելով պէտք է հասկնալ, որ Ռուսաստանի բացայայտ միջամտութենէն ասդին «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն»ի (ISIS)ի դէմ տրուելիք հարուածները կը դառնան աւելի հատու եւ վճռական:
Ֆրանսախօս երկիրներու նախարարաց խորհուրդը կը գումարուի Երեւանի մէջ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ունեցաւ բացառիկ ու շահեկան հարցազրոյց մը:
Լուսաբանող զրոյց՝ Ֆրանսայի հայոց թեմակալ առաջնորդին հետ:
Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան կ՚անդրադառնայ թեմը յուզող ինչ-ինչ խնդիրներու:
Նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի, կատարուեցաւ օծման արարողութիւնը Մասիս քաղաքի նորակառոյց եկեղեցւոյ:
Սփիւռքահայ արուեստագէտ Շահէ Տէր-Յարութիւնեան, որ այժմ իր բնակութիւնը հաստատած է Հայաստանի մէջ, վերջերս այցելեց քաղաքս, ուր իր գործերը ցուցադրեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, տեղւոյն մատաղօրհնութեան հանդիսութեանց առթիւ։
Մանկապատանեկան երգչախումբերու մրցոյթի դափնեկիրներու ելոյթները պսակեց յատկանշական միջոցառումը:
Հեղինակաւոր արուեստագէտներն ու մասնակիցները ծաղիկներ զետեղեցին «Անլռելի զանգակատան» Պանթէոնի մէջ գտնուող շիրմին մօտ:
Կէտիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ գործող «Հրանդ Տինք» վարժարանի պատասխանատու Արեգնազ Աւագեան, օգնականը՝ Դաւիթ Խաչատրեան եւ աշխատութեանց նիւթապէս ու բարոյապէս սատարող Թալին Հորոզօղլու այցելեցին Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։
Սեպտեմբեր 17-Հոկտեմբեր 11 թուականներուն միջեւ Թեփեպաշըի հարթակին վրայ տեղի կ՚ունենայ հնագրավաճառներու 9-րդ փառատօնը։ Կազմակերպիչներն են Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը, Իսթանպուլի քաղաքապետութիւնը, «Քիւլթիւր քենթի» հիմնարկն ու Պէյօղլուի քաղաքապետութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պօղոս առաքեալ, երկրորդ պսակի մասին կ՚ըսէ.
«Աւելի լաւ կ՚ընեն՝ եթէ ինծի պէս մնան, բայց եթէ չեն կրնար տոկալ՝ թող ամուսնանան, քանի որ նախընտրելի է ամուսնանալ քան ցանկութեամբ եռալ։
Գրականութեան բնագաւառի մէջ 2015-ի Նոպէլեան մրցանակը շնորհուեցաւ Սպիտակ Ռուսիայէ գրող Սվետլանա Ալեքսիեւիչին։ Իր գրչին կը պատկանին «Պատերազմը կանացի դէմք չունի», «Չերնոպիլեան աղօթք» եւ այլ գեղարուեստական-վաւերագրական գիրքեր եւ այլ ստեղծագործութիւններ։
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի հաւաքականները երէկ իրիկուն Երեւանի մէջ ունեցան ընկերական հանդիպում մը։ Արդիւնքին՝ Հայաստան պարտուեցաւ 4-0 հաշուով։
Մայրաքաղաք Երեւան կը հիւրընկալէ ճատրակի միջազգային կարեւոր մրցաշարք մը եւս:
Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան ողջոյնի խօսքով մը բացումը կատարեց ձեռնարկին:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահ Ճիանի Պուքիքիոն։ Նախագահի մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ, նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Վենետիկի յանձնաժողովի այն անդամներուն, որոնք մասնագիտական բարձրորակ օժանդակութիւն ցուցաբերեցին սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովին։
«Հայճար»ի վարչութեան նախագահ Ժան Կավրիլոֆ եւ նախկին ատենապետ, վարչութեան անդամ ու հիմնադիրներէն Նազարէթ Պինաթլը Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ պարգեւատրուեցան «Արշիլ Կորքի» շքանշանով՝ Ճարտարապետներու միջազգային օրուան առթիւ։
Եւրոպայի խորհուրդը յայտարարեց, թէ վերջ կու տայ մարդկային իրաւանց գծով Ատրպէյճանի հետ իր գործակցութեան։ Պատճառն է այդ երկրին մէջ մարդկային հիմնական իրաւունքներու իրավիճակին կտրուկ վատթարացումը։
Հայոց հոգեւոր մայրաքաղաքը կը տօնախմբէ իր հիմնադրութեան պանծալի տարեդարձը:
Էջմիածնի հրապարակին վրայ մեծ հանդիսաւորութեամբ բացումը կատարուեցաւ Վազգէն Սարգսեանի յուշարձանին: