Արխիւ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան նա­խըն­թաց օր հիւ­րըն­կա­լեց Հայ մարմ­նակր­թա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀՄԸՄ) կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Գառ­նիկ Մկրտի­չեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը, որ վեր­ջերս այ­ցե­լեց Ե­րե­ւան։ Հարկ է նշել, որ ՀՄԸՄ-ի կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ներ­կայ կազ­մը ընտ­րուած էր ան­ցեալ Սեպ­տեմ­բե­րին Ե­րե­ւա­նի մէջ գու­մա­րուած 11-րդ պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վի ար­դիւն­քին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

Մի­ջու­կա­յին ծրագ­րին շուրջ Ա­րեւ­մուտ­քին հետ հա­մա­ձայ­նու­թեան հաս­նե­լէ վերջ՝ Ի­րան ներ­կա­յիս կը նա­խա­տե­սէ բազ­մա­կող­մա­նի քայ­լե­րու ձեռ­նար­կել տնտե­սու­թիւ­նը թա­փով զար­գաց­նե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Թեհ­րան վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կած է ար­տա­սահ­մա­նեան ու­ժա­նիւ­թա­յին ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու հետ պայ­մա­նագ­րեր կնքե­լու կար­գը՝ փոր­ձե­լով 30 մի­լիառ ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի նոր ներդ­րում­ներ ներգ­րա­ւել։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ այ­սօր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան կը ձեռ­նար­կէ դէ­պի Փե­քին։ Չի­նաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սի Ցզին­փի­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ այս ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զո­յեան այս օ­րե­րուն աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ դէ­պի Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Կա­րէն Միր­զո­յեան ԱՄՆ-ի Գոնկ­րէ­սէն ներս կը մաս­նակ­ցի Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան տա­րե­դար­ձին ձօ­նուած եւ ա­ւան­դա­կան դար­ձած տա­րե­կան ձեռ­նար­կին, ո­րու ըն­թաց­քին հան­դէս կու գայ ե­լոյ­թով մը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ բա­խում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին ամ­բողջ թա­փով։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան շփման գծին վրայ գի­շե­րուան ժա­մե­րուն դար­ձեալ ապրուե­ցաւ լա­րուա­ծու­թիւն։ Հայ­կա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Ատր­պէյ­ճան շա­րու­նա­կած է թա­փով խախ­տել հրա­դա­դա­րը՝ շուրջ 250 ան­գամ։ Ա­զէ­րի զօր­քե­րը օգ­տա­գոր­ծած են զա­նա­զան տրա­մա­չա­փի հրաձ­գա­յին զի­նա­տե­սակ­ներ, ա­կա­նա­նե­տեր, նըռ-նա­կա­նե­տեր եւ ընդ­հա­նուր առ­մամբ հայ դիր­քա­պահ­նե­րու ուղ­ղու­թեամբ ար­ձա­կած են 2700 կրա­կոց։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մուն յոր­դո­րեց ոչն­չաց­նել աշ­խար­հի բո­լոր մի­ջու­կա­յին զէն­քե­րը։ Ե­րէկ, ան այս­պի­սի կո­չով մը հան­դէս ե­կաւ՝ Սէու­լի մէջ կազ­մա­կեր­պուած խորհր­դա­ժո­ղո­վի մը առ­թիւ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

Հա­յաս­տա­նի եւ Եւ­րո­պա­կան միու­թեան մի­ջեւ ի­րա­ւա­կան շրջա­նա­կա­յին նոր հա­մա­ձայ­նագ­րի մը շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ե­րէկ սկսան Պրիւք­սէ­լի մէջ։ Սոյն բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու պաշ­տօ­նա­կան մեկ­նար­կը ազ­դա­րա­րե­ցին՝ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան եւ Եւ­րո­միու­թեան միաս­նա­կան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ու պաշտ­պա­նու­թեան հար­ցե­րով գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար, Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նի։ Եւ­րո­միու­թեան կեդ­րո­նա­տե­ղիէն ներս այս առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սկիզ­բը ազ­դա­րա­րուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015

Հար­պի­յէի Սէն թ՚Էսփ­րի ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ շա­հե­կան հա­մերգ մը, որ կո­չուած էր «Պա­րոք մարգ­րիտ­ներ»։ Այս առ­թիւ հան­դէս ե­կաւ «Քա­մե­րա­թա պա­րոք Իս­թան­պուլ» խում­բը, որ ներ­կայ ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րը հա­ղորդ դար­ձուց իս­կա­պէս բարձ­րո­րակ ա­րուես­տի մը։ Ե­րե­կոյ­թին ներ­կայ էր նաեւ Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015

Նշան­թա­շըի «Մար­քի» գե­ղա­րուես­տաս­րա­հին մէջ Շա­բաթ յետ­մի­ջօ­րէին կա­տա­րուե­ցաւ Ան­թո­նիօ Քո­սեն­թի­նո­յի աշ­խա­տա­նո­ցին մաս­նա­կից ա­րուես­տա­գի­տու­հի­նե­րուն նկար­չա­կան խառն ցու­ցա­հան­դէ­սը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015

Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան ե­րէկ Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թեան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ նա­խա­գա­հեց ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ խօ­սե­ցաւ քա­րոզ մը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ սարքուած տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։
Յուշանուէրներ՝ Արէտ եւ Մոնիք Երկանեաններուն եւ Բարսեղ Սարայլըին։
Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015

Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը հա­մայն­քա­յին մա­մու­լի նկա­տառ­ման յանձ­նե­ցին Տի­րա­մայր Մա­րի Մու­թա­ֆեա­նի կող­մէ կա­տա­րուած ստի­պո­ղա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն մը, որ նիւ­թի բնոյ­թին բե­րու­մով գրի առ­նուած է թրքե­րէ­նով։ Վեր­ջին շրջա­նին տե­ղա­կան մա­մու­լը կը գրէ, որ մեր հա­մայն­քէն խումբ մը ան­հատ­ներ դի­մած են դա­տա­կան մար­մին­նե­րուն՝ որ­պէս­զի տի­րա­մայ­րը խնա­մա­տար նշա­նա­կուի Մու­թա­ֆեան Պատ­րիար­քին հա­մար։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ըն­տա­նի­քը, ըն­կե­րու­թեան կո­րիզն է, ա­ռանց ո­րու կա­րե­լի չ՚ըլ­լար ա­ռողջ ըն­կե­րա­յին կեանք մը հաս­տա­տել եւ մշա­կել, ու զար­գաց­նել զայն։ Եւ քա­նի որ ըն­կե­րա­յին կեան­քի մէջ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ կը կա­յա­նան պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րու եւ ի­րա­ւուն­քի վրայ, ու­րեմն ըն­տա­նի­քն կազ­մող ան­դամ­նե­րուն ալ կը վե­րա­բե­րի պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ եւ ի­րա­ւունք, ո­րոնց ներ­դաշ­նա­կու­թեան վրայ կը բարձ­րա­նայ ըն­տա­նի­քի «շէնք»ը՝ բարձ­րաց­նե­լով նաեւ ըն­կե­րու­թեան մե՜ծ շէն­քը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015

3 Դեկ­տեմ­բե­րին, Նիո­նի մէջ (Զուի­ցե­րիա) տե­ղի ու­նե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի 19 տա­րե­կա­նէն վար 2016-2017-ի ա­խո­յե­նու­թեան զտու­մի Ա. հանգ­րուա­նի մրցում­նե­րուն վի­ճա­կաձ­գու­թիւ­նը:

 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015

ՖԻ­ՖԱ-ն հ­րա­պա­րա­կեց 2015 տարո­ւան վեր­ջին դա­սա­ւո­րու­մը:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015

«Ա­րե­ւել­ք» կայ­քէ­ջին վրայ կը կար­դանք.-
Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ  թե­լադ­րա­կան խօսք ու­նե­նա­լու կոչուած ընդ­դի­մա­դիր գոր­ծիչ­ներ ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէ, որ ան­լուրջ  մօ­տե­ցում­նե­րով կը փոր­ձեն հան­դէս գալ մտա­ծե­լով, որ ի­րենց ա­րարք­նե­րը պի­տի շա­հին հան­րու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015

Շա­բա­թա­վեր­ջին Ե­րե­ւա­նի մէջ բա­ցուե­ցաւ շար­ժանկա­րի նոր սրահ մը։ Այս­պէս, «Ե­րե­ւան մոլ» ա­ռեւ­տու­րի կեդ­րո­նի ըն­դար­ձակ հա­մա­լի­րէն ներս բա­ցուե­ցաւ «Սի­նե­փարք»ը, ո­րու շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը սկսած էին այս տա­րե­մու­տին։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015

Ե­րե­ւա­նի մէջ Ա­մա­նո­րի խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը հետզ­հե­տէ կը դառ­նայ զգա­լի։ Մայ­րա­քա­ղա­քի Հիւ­սի­սա­յին պո­ղո­տա­յին մէջ ար­դէն սկսած է Սուբր Ծննդեան տօ­նա­վա­ճա­ռը, որ այս տա­րի կազ­մա­կեր­պուած է չոր­րորդ ան­գամ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015

Հայաստանի կառավարութեան նորակառոյց մասնաշէնքին բացումը՝ Երեւանի մէջ:
Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Սերժ Սարգսեան եւ Վեհափառ Հայրապետը:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015

Իրանէն եւ ԱՄՆ-էն վերջ Թուրքիա երրորդ երկիրը՝ Իրաքէ ներս զինուորական ներկայութեան առումով:
Տավուտօղլու ընթացիկ որակեց գործողութիւնները եւ նամակ մը ուղարկեց Պաղտատի վերապահութիւններուն դէմ:

Էջեր