Արխիւ

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Գագիկ Գէորգեան. «Հիասթափութիւնը առաւելապէս առընչուած է մարդկային յարաբերութիւններուն հետ»:
Յայտնի քանդակագործը հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին՝ բաժնելով իր դիտարկումներն ու մեկնաբանութիւնները:

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յա­ճախ կը խօ­սինք ա­մուս­նու­թեան մա­սին, սա­կայն պէտք է բնա­կան նկա­տուի այս, քա­նի որ ա­մուս­նու­թիւ­նը ան­բա­ժան մէկ տարրն է կեան­քին, եւ մեր ա­ռօ­րեա­յին մէջ միշտ կը դի­մա­ւո­րուինք այս գա­ղա­փա­րով։

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեան­քի մէջ կա­րե­ւոր է՝ բա­րին ու չա­րը ճանչ­նալ եւ ըստ այնմ շար­ժիլ, ի հար­կին կան­խազ­գու­շա­կան մի­ջոց­նե­րով ա­ռաջ­քը առ­նել չա­րին ու չա­րա­գոր­ծու­թեան։ Ար­դա­րեւ կեան­քը լե­ցուն է բա­րիք­նե­րով, բայց նաեւ՝ չա­րիք­նե­րով։

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2016

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ծնո­ղաց միու­թիւ­նը այս շա­բա­թա­վեր­ջին պի­տի կազ­մա­կեր­պէ ձեռ­նարկ մը։ Ծա­նօթ է, որ ծնո­ղաց միու­թիւ­նը պար­բե­րա­բար յա­ջող ձեռ­նարկ­ներ կը կազ­մա­կեր­պէ, ի նպաստ դպրո­ցին։

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2016

Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թիւ­նը այս շրջա­նին ձեռ­նա­մուխ ե­ղած է գե­ղա­րուես­տա­կան ծրագ­րի մը, որ կեան­քի պի­տի կո­չուի յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն։ Միու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 70-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին ձօ­նուած այս նա­խագ­ծին շրջագ­ծով պի­տի բե­մադ­րուի Հրանդ Տին­քի օ­րա­թո­րիոն։ Ար­դի օ­րա­թո­րիօ մըն է այս մէ­կը, որ ա­ռա­ջին ան­գամ ան­ցեալ աշ­նան ներ­կա­յա­ցուած էր Ե­րե­ւա­նի մէջ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2016

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Թրքա­հայ ու­սուց­չաց հիմ­նար­կի վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը՝ Մա­րիամ Տրա­մէ­րեա­նը, Նա­զա­րէթ Պա­լը եւ Օ­շին Է­լա­կէօ­զը, ո­րոնց հետ ու­նե­ցանք հա­ճե­լի եւ ան­մի­ջա­կան զրոյց մը։ Թրքա­հայ ու­սուց­չաց հիմ­նար­կը ար­դէն բո­լո­րած է իր գոր­ծու­նէու­թեան 50-ա­մեա­կը եւ վար­չու­թիւ­նը ո­րո­շած է այս հանգ­րուա­նը նշել պատ­շաճ շու­քով։

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2016

Կեսարիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ յուզումնախառն արարողութիւններ:
Մերձաւոր Արեւելքէն խոյս տալով Թուրքիա հաստատուած հայ գաղթականները երէկ իրենց ուխտի աղօթքը կատարեցին մեր հոգեպարար շարականներու կատարումով:

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2016

«Նոսթալժի քիւլթիւր» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ գրքի շնորհանդէս մը եւ ցուցահանդէսի բացում։
«Birzamanlar» հրատարակչութիւնը կեանքի կոչեց հերթական ծրագիրը, որ լոյս կը սփռէ Անատոլուի մէջ հայոց պատմական ներկայութեան վրայ: Արմէն Ցոլակ Մարսուպեան ձեռնարկի ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը:

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2016

Ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի մէջ ո­գե­կո­չուե­ցան Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քին եօթ ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք ան­ցեալ տա­րի Կիւմ­րիի մէջ զոհ գա­ցած էին սահմռ­կե­ցու­ցիչ ոճ­րա­գոր­ծու­թեան մը։ Ռուս զի­նուո­րա­կան Վա­լե­րի Փեր­մեա­քո­վի ան­մարդ­կա­յին յար­ձակ­ման հե­տե­ւան­քով մա­հա­ցած այս ըն­տա­նի­քին եօթ ան­դամ­նե­րը ե­րէկ ամ­բողջ Հա­յաս­տա­նի մէջ ո­գե­կո­չուե­ցան խոր եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2016

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ ստո­րագ­րեց շարք մը հրա­մա­նագ­րեր, ո­րոնց հի­ման վրայ փո­փո­խու­թեան են­թար­կուե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն մօտ երկ­րին դես­պա­նը։ Այս­պէս, Ո­ւա­շինկ­թը­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան նշա­նա­կուե­ցաւ Գրի­գոր Յով­հան­նի­սեան, որ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի ձեռ­նար­կէ պաշ­տօ­նի։

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2016

Հա­յաս­տա­նի մար­դու ի­րա­ւանց պաշտ­պան Կա­րէն Անդ­րէա­սեան ե­րէկ հրա­ժա­րե­ցաւ իր պաշ­տօ­նէն։ Ան այս առ­թիւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լոր գոր­ծըն­կեր­նե­րու հա­մա­տեղ աշ­խա­տան­քին հա­մար ու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ յոյս յայտ­նեց, թէ մար­դու ի­րա­ւանց պաշտ­պա­նու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կէ մնալ Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան եւ հա­սա­րա­կու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2016

Սուլթանահմէտի հրապարակին վրայ երէկ պատահած ահաբեկչական պայթումին զոհ գնաց տասը հոգի:
ԻՇԻՊ-ի կողմէ իրականացուած անմարդկային դէպքէն վերջ պետական աւագանին անցաւ ահազանգային դրութեան: Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու հեռախօսազրոյցներ ունեցան Անկելա Մերքէլի եւ Տէյվիտ Քեմրընի հետ:

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2016

Մերձաւոր Արեւելքէն խոյս տուած հայ գաղթականները երէկ Սուրբ Ծննդեան լաւատեսութեամբ լիցքաւորուեցաւ Կեսարիոյ մէջ:
Թրքահայ համայնքի ներկայացուցիչները Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս ամենաջերմ զգացումներու առարկայ դարձուցին իրենց քոյրերն ու եղբայրները: Պատրիարքական Աթոռին կողմէ փոքրիկներուն յանձնուեցան պատկերազարդ «Տէրունական աղօթք»ներ: ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրութիւնը գրասէրներուն տրամադրեց Միսաք Գօչունեանի «Կեանքի տեսարաններ»ը:

Երեքշաբթի, Յունուար 12, 2016

2016-ի տարեմուտին եւ Սուրբ Ծննդեան տաղաւարին առթիւ աւանդական ընդունելութիւն Պատրիարքարանի դահլիճի երդիքին տակ:Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց իսթանպուլահայ տիկնանց յանձնախումբերու եւ ծնողաց միութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք միասնաբար երգեցին «Խորհուրդ մեծ» շարականը եւ որպէս նուէր ստացան նուռեր:

Երեքշաբթի, Յունուար 12, 2016

Պատրիարքական Աթոռին տնօրինութեամբ, Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առթիւ տօնակատարութիւններ ու զօրակցութեան շարժում:
Կեսարիոյ Սուրբ գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տօնական աւետիսով աղօթք կը վերառաքուի առ Աստուած՝ համայն աշխարհի խաղաղութեան համար:
Մերձաւոր Արեւելքէն խոյս տալով Թուրքիոյ զանազան քաղաքներուն մօտ ապաստան գտած հայ գաղթականները խոր երկիւղածութեամբ կը կատարեն իրենց ուխտը:

Երեքշաբթի, Յունուար 12, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Թրքա­հա­յու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը այ­սօր կեդ­րո­նա­ցած է Կե­սա­րիոյ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ վրայ։ Պատ­մա­կան այս սրբա­վայ­րը կը մագ­նի­սաց­նէ մեր ամ­բողջ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն հե­տաքրք­րու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ ան այ­սօր կը հիւ­րըն­կա­լէ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ող­բեր­գու­թիւն­նե­րէն խոյս տա­լով Թուր­քիոյ մէջ ա­պաս­տան գտած հայ գաղ­թա­կան­նե­րը։

Երեքշաբթի, Յունուար 12, 2016

​ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ դես­պան Ճէյմս Ո­ւոր­լիք մեկ­նած է Լոն­տոն՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հար­ցին շուրջ խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու մաս­նակ­ցե­լու նպա­տա­կով։ Ան Անգ­լիոյ Ար­տա­քին եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մօտ խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ կ՚ու­նե­նայ հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման հե­ռանը-կար­նե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Յունուար 12, 2016

«Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայեց ֆրանսահայ մտաւորականի գրքի թրքերէն թարգմանութիւնը:
Միշէլ Մարիան կ՚ուզէ տեղ մը բանալ՝ քաղաքականութեան մէջ արդարութեան եւ պատմութեան մէջ բարոյագիտութեան համար:

Երեքշաբթի, Յունուար 12, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ի­մաս­տու­թիւն» բա­ռը ու­նի հո­մա­նիշ բա­ռեր՝ «խե­լա­հա­սու­թիւն», «փոր­ձա­ռու­թիւն», «խելք», «հան­ճար», ինչ­պէս նաեւ՝ փո­խա­բե­րա­կան ի­մաս­տով՝ «ող­ջամ­տու­թիւն», «ող­ջա­խո­հու­թիւն», «վսե­մա­խո­հու­թիւն», «ե­րե­ւոյթ­նե­րու խոր ի­մա­ցու­թիւն՝ ըմբռ­նում»։ Բո­լոր այս նշա­նա­կու­թիւն­նե­րուն հետ ի­մաս­տու­թիւ­նը կը յի­շուի նաեւ ա­նու­նով մը՝ որ­պէս «հո­մա­նիշ» եւ նոյ­նի­մաստ կամ նոյ­նա­նիշ բառ, որն է՝ Սո­ղո­մոն եւ կը գոր­ծա­ծուի «Սո­ղո­մոն ի­մաս­տուն» ձե­ւով։

Երեքշաբթի, Յունուար 12, 2016

ես ձեզ կ՚ողբամ

ներշնչանքի արգանդաջուրերու

մէջ խեղդուած

Էջեր