Արխիւ
Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց ծանրաբարձութեան հաւաքականները Քազանէն (Ռուսաստան) մեկնեցան Հիուսթըն (Միացեալ Նահանգներ):
«Արեւելք» կայքէջի վրայ կը կարդանք.-
Հալէպահայութեան համար պատմական եւ ոգեղէն արժէք ունեցող Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին հակառակ ծանր աւերածութեան կը շարունակէ մնալ կանգուն: «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրներէն:
Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ յանձնուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2015 թուականի տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու բնագաւառի մրցանակը։ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ձեռամբ այս տարուան մրցանակը յանձնուեցաւ աշխարհահռչակ մասնագէտի մը՝ Եւկենի Քասփերսքիին, որ հեղինակութիւն մը կը նկատուի սիպէր անվտանգութեան բնագաւառէն ներս։
Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ Առեւտուրի եւ ներդրումներու խորհուրդին անդրանիկ նիստը:
Ռիչըրտ Միլսի խօսքերով, գործարարութեան բնագաւառէն ներս հաւասար պէտք է ըլլան բոլոր երկիրներուն ընկերութիւնները:
Ֆրանսուա Օլանտ մինչեւ ամսավերջ պիտի տեսակցի Պարաք Օպամայի եւ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շրջագծով Փարիզ կ՚ակնկալէ Եւրոմիութեան զօրակցութիւնը:
Թուրքիա եւ ԱՄՆ շարժման կ՚անցնին Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները մաքրագործելու նպատակով:
Ճոն Քերի տեղեկացուց, որ ԻՇԻՊ-ի դէմ պիտի կատարուին միասնական գործողութիւններ:
26-րդ գումարման Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի աշխատաքը պաշտօնապէս սկսաւ՝ երեսփոխաններու երէկուան երդման հանդիսաւոր արարողութեամբ:
Խորհրդարանի ամպիոնին մօտ իրենց երդումը կատարեցին նաեւ թրքահայ երեք պատգամաւորները՝ Մարգար Էսաեան, Սելինա Տողան եւ Կարապետ Փայլան:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն ատամնաբոյժ Ռուտի Պօյաճեան կարեւոր յաջողութիւն արձանագրած է իր մասնագիտական աշխատանքին մէջ։ Այսպէս, համապատասխան քննութիւններուն շրջագծով ան նուաճած է Թուրքիոյ առաջնութիւնը։
Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած ԵՄ-ի անդամ երկիրներու դեսպաններուն հետ հանդիպում:
Եդուարդ Նալպանտեան ներկայացուց սպառազինութիւններու վերաբերեալ հայկական կողմին դիրքորոշումը:
Փարիզի մէջ պատահած աննախընթաց ահաբեկչութեան պատճառած ցնցումը յեղաշրջած է Ֆրանսայի օրակարգը։
G-20-ի շրջանային նախագահի պաշտօնին մէջ Չինաստան կը փոխարինէ Թուրքիան։
Անթալիոյ գագաթաժողովի եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ գաղթականաց տագնապին եւ անոր երկարաժամկէտ յաղթահարման ուղղեալ համակարգման։
Էրտողանի, Օպամայի եւ Փութինի պատգամները արձակման հանգրուանին եղան զգայացունց բոլորին համար։
Այս շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ տեղի պիտի ունենան Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան տարեդարձին եւ տարեկան սիրոյ սեղանին առթիւ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ, որոնք պիտի համախմբեն համայնքային շրջանակները։ Տարեկան սիրոյ սեղանին ընդառաջ, այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեանի ընտանիքէն երեք պատասխանատուներ՝ Խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Թամար Գարասու եւ խնամակալութեան սիւներէն Տանիէլ Անթիքաճեան։
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Շատ մը լիբանանցիներու համակրանքը վայելող եւ անոնց միտքերուն վրայ ազդեցութիւն ունեցող լիբանանցի երաժիշտ Զիատ Ռահպանի, Պըրժ Պարաժնէի պայթումին վերաբերող գրառում մը ըրած էր վերջերս ընկերային համացանցի իր էջին վրայ՝ ըսելով, թէ ի՞նչ էր ակնկալուածը այդ պայթումէն՝ բացի նահատակներ խլելէ: Վա՞խ: Փախո՞ւստ: Զէնքերէ հրաժարո՞ւմ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ժամանակի արագ յառաջացումը այնպիսի հսկայական անդունդներ ստեղծած է մարդոց միջեւ, որոնց վերլուծումը դարձած է գրեթէ անհնար ու անբացատրելի: Նոյն թաղը, նոյն դպրոցն ու ակումբը գացող երկու տարբեր երիտասարդներու ընտանիքներ կ՚ապրին՝ գրեթէ հասարակաց ոչ մէկ գիծ ունեցող կեանքով մը:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Սփիւռքահայ փորձառու ազգային-հասարակական գործիչը դէպի Հայաստան վերջին այցելութեան օրերուն հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Երուանդ Ազատեան. «Խօսելու շատ հարցեր կան, սակայն այսօր ամենակարեւորն է արտագաղթը, որ մեծ համեմատութիւններու հասած է։ Երկիրը լքելու գլխաւոր պատճառն է՝ հեռանկարի պակասը։ Հայրենալքումը մեծապէս ցաւալի երեւոյթ մըն է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անկեղծութիւնը եւ նուիրումը կը պահանջէ կարգ մը զոհողութիւններ եւ հրաժարումներ ներկայ վիճակէն։
Երէկ, երեկոյեան ժամերուն Մարմարա ծովուն մէջ տեղի ունեցան երկու իրերայաջորդ երկրաշարժներ։ Վարչապետարանի Աղէտներու եւ արտակարգ իրավիճակներու կառավարման վարչութեան համապատասխան բաժանմունքէն տեղեկացուցին, թէ երկրաշարժին էփիկեդրոնը շուրջ 20 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր Ավճըլարի, Պահչելիէվլէրի, Զէյթինպուրնուի, Քիւչիւքչեքմեճէի եւ Պիւյիւքչեքմեճէի նման բնակութեան կեդրոններէն։
Ցամաքային զօրքերու հրամանատար զօրավար Սալիհ Զեքի Չոլաք այսօրերուն կ՚այցելէ Պաքու։ Իր շփումներուն շրջագծով ան հանդիպումներ կ՚ունենայ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պատասխանատուներուն եւ ոլորտի այլ շարք մը պաշտօնատարներուն հետ։
Թեհրանի մէջ վերջերս կազմակերպուեցաւ Հայաստան-Իրան գործարար համաժողով մը, որու ընթացքին շեշտուեցաւ, թէ երկու երկիրներու առեւտրաշրջանառութեան ծաւալը կարելի է հասցնել 1 միլիառ ամերիկեան տոլարի։ Այս գործարար համաժողովը կազմակերպուած էր Թեհրանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Իրանի Առեւտուրի, արդիւնաբերութեան հանքերու եւ գիւղատնտեսութեան պալատին կողմէ։
Սինիրլիօղլուէն մանրամասնութիւններ՝ Վիեննայի բանակցութիւններուն շուրջ:
Միջազգային համաձայնութեան մէջ կը նախատեսուի Պեշար Էսատի իշխանութենէն հեռանալը:



