Արխիւ

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2015

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ ե­րէկ սար­քուե­ցաւ իֆ­թա­րի ճաշ­կե­րոյթ մը։

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2015

Ս. Խաչ դպրե­վան­քի շրջա­նա­ւար­տից հան­դէ­սը ե­րէկ ի­րի­կուն կա­յա­ցաւ վար­ժա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ։ Խան­դա­վառ մթնո­լորտ մը կը տի­րէր Սկիւ­տա­րի բար­ձուն­քին. հան­դէ­սը ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ պա­տուած էին Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան, Տ. Կո­րիւն Քհնյ. Ֆէ­նէր­ճեան, Դպրե­վան­քի ա­ռաս­պե­լա­նուն նախ­կին տնօ­րէն Հայկ Նշան, հին ու նոր դպրե­վանք­ցի­ներ, ո­րոնք փու­թա­ցած էին ջեր­մօ­րէն ող­ջու­նե­լու վար­ժա­րա­նի նոր հունձ­քը։

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2015

Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւար­տից հան­դէ­սը տե­ղի ու­նե­ցաւ մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ։

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2015

Փոք­րա­մաս­նա­կան վա­գըֆ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Տոց. Տքթ. Թո­րոս Ալ­ճան ե­րէկ կա­տա­րեց գրա­ւոր յայ­տա­րա­րու­թիւն մը՝ խստօ­րէն դա­տա­պար­տե­լով Կար­սի Գորշ գայ­լե­րու միու­թեան ա­տե­նա­պետ Թոլ­կա Ա­տը­կիւ­զէ­լի կող­մէ հա­յե­րու դէմ ար­տա­սա­նուած ա­նար­գա­կան նա­խա­դա­սու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կը պա­րու­նա­կէին նաեւ սպառ­նա­լիք­ներ։

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2015

Երկար ժամանակէ ի վեր ձգձգուող հարցին ուղղութեամբ պաշտօնական քայլ:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան հանդիպում մը ունեցաւ Իսթանպուլի կուսակալ Վասիպ Շահինի հետ:

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Նօթեր՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Փարիզի ելոյթէն վերջ - Դ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութիւնը սփիւռքեան անհեռանկար ազդեցութեան պայքարներու լոյսին տակ:

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դո­ւարդ Նալ­պան­տեան ըն­դու­նեց Չե­խիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Լիւ­պո­միր Զաո­րա­լէ­քը, որ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ կը գտնո­ւի Ե­րե­ւա­նի մէջ։

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2015

Կառավարութիւնը որոշեց անփոփոխ թողուլ սակագինը:
Ելեկտրականութեան թանկացումին դէմ ցոյցը կը շարունակուի խաղաղ կերպով:

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2015

​Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կէ Հա­յոց Ներ­սէս Պետ­րոս ԺԹ. Կա­թո­ղի­կոս-Պատ­րիար­քի մա­հը մեծ սուգ յա­ռաջ բե­րած է հա­յաշ­խար­հէն ներս։ Հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դը հա­մակ­րե­լի դէմք մըն էր ազ­գա­յին կեան­քէ ներս, ինչ որ կը պայ­մա­նա­ւո­րէ իր մա­հուան յա­ռա­ջա­ցու­ցած խոր ափ­սո­սան­քը։

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2015

Փարիզի Ս. Խաչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ յուզումնախառն արարողութիւն: Ֆրանսահայ համայնքային շրջանակները բիւր յարգանքով հրաժեշտ տուին նախկին «Յառաջ» օրաթերթի բազմամեայ խմբագրապետուհիին: Տ. Նորվան Արք. Զաքարեան խօսեցաւ կուռ դամբանական մը: Արփիկ Միսաքեանի մարմինը ամփոփուեցաւ Փէր Լաշէզիգերեզմանատունը:

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2015

Ցա­ւով տե­ղե­կա­ցանք, թէ այ­սօր իր հո­գին երկ­նա­ւոր Տի­րոջ ձեռ­քե­րուն յանձ­նած է Հայ Կա­թո­ղի­կէից Ներ­սէս Պետ­րոս ԺԹ. Թար­մու­նի Կա­թո­ղի­կոս-Պատ­րիար­քը։ Հան­գու­ցեա­լը 1940-ին ծնած էր Գա­հի­րէի մէջ։

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2015

​ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Նօթեր՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Փարիզի ելոյթէն վերջ - Գ
Ճանաչման եւ հատուցման որոնումներուն զուգընթաց յառաջ տարուիլը՝ խնդիրը ակամայ կրնայ դարձնել Թուրքիա-Հայաստան օրակարգի բաղադրիչը:

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր պատշած շուքով ու մեծ երկիւղածութեամբ կը վերյիշէ Սուրբ Սահակն ու Սուրբ Մեսրոպը՝ հայցելով անոնց բարեխօսութիւնը:
Տօնացոյցի մէջ նախատեսուած ձեւով՝ Հոգեգալուստին յաջորդած երեսուներեքերորդ օրուան կը զուգադիպի անոնց ոգեկոչումը, միշտ Հինգշաբթի:

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ի՜նչ­պէս ա­նուա­նել մեր այ­բու­բե­նը՝ աս­տուա­ծա­տո՞ւր, ոս­կե­տա՞ռ, թէ՝ ան­գի՛ն։ Ի՛նչ­պէս ա­նուա­նել ան, յայտ­նի եւ յստակ է, որ թան­կա­գին գանձ մըն է այ­բու­բե­նը։ Ար­ժէք մը՝ որ հետզ­հե­տէ կ՚ա­ւել­նայ, կը բար­դուի ար­ժէ­քը գիտ­ցող, ար­ժէ­քա­ւոր միտ­քե­րու եւ հո­գի­նե­րու մէջ։

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2015

Գեր­մա­նիոյ Մայնց քա­ղա­քի Յով­հան­նէս Կիւ­թեն­պերկ հա­մալ­սա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Հա­յոց այ­բու­բե­նը եւ հա­յե­րէ­նը» վե­րա­նագ­րեալ բա­նա­խօ­սու­թիւն մը, որ կազ­մա­կեր­պուած էր հա­մալ­սա­րա­նի Ա­րե­ւե­լեան լե­զու­նե­րու եւ գրա­կա­նու­թեան բաժ­նին կող­մէ։ Օ­րուան բա­նա­խօսն էր Պա­զէ­լի հա­մալ­սա­րա­նէն Վար­դու­հի Կիւ­րե­ղեան։

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2015

Տիգրան Համասեանի համերգաշարը կը գտնէ լայն արձագանգ:
Կարսի քաղաքապետին ու Գորշ գայլերու միութեան ատենապետին ատելավառ խօսքերը:

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2015

Համաժողովրդական ցոյցը հետզհետէ կ՚ընդարձակի Հայաստանի փողոցներուն մէջ:
Ազգային եւ միջազգային կառոյցներ հաշիւ կ՚ուզեն հասարակութեան դէմ իրագործուած բռնութեան համար:

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2015

«Մագլ­ցիլ լեռն ի վեր» բա­նա­խօ­սու­թիւն­նե­րու շար­քը, զոր միաս­նա­բար կը կազ­մա­կեր­պեն «Ա­նա­տո­լու քիւլ­թիւր» եւ «Սի­վի­լի­թաս» հիմ­նարկ­նե­րը, ե­րէկ հեր­թա­կան ան­գամ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ճե­զաիր» հա­ւա­քա­տե­ղիին մէջ։ Լրագ­րող Ճեն­կիզ Չան­տար եւ վա­ւե­րագ­րող Թէտ Պօ­ղո­սեան ի­րենց անձ­նա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն հա­յեացք մը սե­ւե­ռե­ցին հա­յե­րու եւ թուր­քե­րու յա­րա­բե­րու­թեանց վրայ։

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2015

55-ա­մեայ Ար­շօ Քա­զար, որ Սեպ­տեմ­բեր 12-ի զի­նուո­րա­կան յե­ղաշրջ­ման ար­դիւն­քին հա­մալ­սա­րա­նէն հե­ռա­ցած բազ­մա­թի­ւե­րու շար­քին կը գտնուէր, ա­ռաջ­նու­թեամբ ա­ւար­տեց հա­մալ­սա­րա­նը, ուր վե­րա­դար­ձած էր 2011-ի հա­մա­նե­րու­մէն ետք։ Ար­շօ Քա­զար 1980-ի նա­խօ­րէին հա­մալ­սա­րան­նե­րու մէջ պա­տա­հած դէպ­քե­րուն եւ սպա­նու­թիւն­նե­րուն պատ­ճա­ռով կի­սատ թո­ղու­ցած էր Մար­մա­րա հա­մալ­սա­րա­նի Տնտե­սա­կան եւ ա­ռեւտ­րա­կան գի­տու­թեանց ա­կա­դե­միոյ Լրագ­րու­թեան եւ հա­սա­րա­կու­թեան հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բաժ­նի իր ու­սու­մը։

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2015

Գան­տիլ­լիի Ս. Եր­կո­տա­սան Ա­ռա­քե­լոց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Գէոր­գեա­ն­ այ­ցե­լե­ց ­Պատրիար­քա­րան, ուր ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Ար­ք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ։

Էջեր