Արխիւ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2015

Աշ­նան շրջա­նին Ե­րե­ւա­նի մշա­կու­թա­յին կեան­քի աշ­խու­ժու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուի՝ տե­սա­կա­ւոր ծրագ­րե­րով։ Նա­խըն­թաց օր սկսաւ «Ե­րե­ւա­նի ճա­զի փա­ռա­տօ­նը»։ Հայ­կա­կան ճա­զի ըն­կե­րակ­ցու­թեան կող­մէ կը կազ­մա­կեր­պուի այս փա­ռա­տօ­նը, ո­րուն շրջագ­ծով այս տա­րի կ՚ապ­րուի ան­նա­խըն­թաց ո­գե­ւո­րու­թիւն՝ այս ե­րաժշ­տու­թեան ճիւ­ղին հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի մօ­տիկ ըն­դու­նե­լու­թիւն գտնե­լուն զու­գա­հեռ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ե­րե­ւա­նի մօտ Գեր­մա­նիոյ նո­րան­շա­նակ դես­պան Մա­թիաս Քիս­լէ­րը։ Ող­ջու­նե­լով նո­րան­շա­նակ դես­պա­նը՝ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը գո­հու­նա­կու­թեամբ ընդգ­ծեց Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի եւ Գեր­մա­նիոյ դես­պա­նա­տան մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­րուած ա­մուր կա­պե­րը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ էա­կը կո­չուած է ճշմար­տու­թիւ­նը փնտռե­լու։
Ուս­տի մարդ պար­տա­ւոր է փնտռել ճշմար­տու­թիւ­նը՝ որ է ի­րա­ւո՛ւնք նաեւ ի­րեն տրուած։ Եւ մարդ պէտք է յատ­կա­պէս ճշմար­տու­թիւ­նը փնտռէ այն հար­ցե­րուն մէջ՝ ո­րոնք կը հա­յին հո­գե­ւոր կեան­քին՝ Աս­տու­ծոյ եւ Ե­կե­ղեց­ւոյ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ այ­ցե­լեց Հրէից րա­բու­նա­պե­տա­րան։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը այս առ­թիւ շնոր­հա­ւո­րեց հրեայ հա­մայն­քին Ա­մա­նո­րը՝ «Ռոշ հա­շա­նա»ի տօ­նը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2015

12 ­Սեպ­տեմ­բե­րին կը նշենք ծննդեան տա­րե­դար­ձը հայ ժո­ղո­վուր­դի տա­ղան­դա­ւոր ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րէն Ե­ղի­շէ Թա­դէո­սեա­նի (1870-1936), որ խո­րա­պէս ար­տա­յայտ­չա­կան իր տպա­ւո­րա­պաշտ կտաւ­նե­րով՝ ինք­նու­րոյն դէմք մը կը հան­դի­սա­նայ հայ­կա­կան գե­ղան­կար­չու­թեան մէջ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Երբ հար­ցը եր­ջան­կու­թեան մա­սին է՝ կ՚ար­ժէ մտա­ծել, թէ՝ եր­ջան­կու­թեան բուն ա­կը դրա՞­մն է։ Շա­տեր կ՚ը­սեն, թէ ա­ռանց դրա­մի եր­ջան­կու­թիւն չ՚ըլ­լար, եւ այն­քա՜ն հա­մո­զուած են այն գա­ղա­փա­րին, որ դրա­մը հա­մա­զօր կը նկա­տեն եր­ջան­կու­թեան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2015

Հա­յանս­տա­նի Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րար Ար­մէն Մու­րա­տեան եր­կօ­րեայ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Սթոք­հոլմ՝ Շուէ­տի Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան, հան­րա­յին ա­ռող­ջու­թեան եւ մարմ­նա­մար­զի նա­խա­րար Կապ­րիէլ Վիքշթ­րէօ­մի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2015

Հա­յաս­տա­նի Մի­ջազ­գա­յին գոր­ծա­րար կա­պե­րու ա­ջակց­ման կո­մի­տէին կող­մէ հա­ղոր­դուե­ցաւ, թէ յա­ռա­ջի­կայ Սեպ­տեմ­բե­րի 20-ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ «Եր­կիր­նե­րը մէկ յար­կի տակ» տա­րե­կան ցու­ցա­հան­դէս-հա­մա­ժո­ղո­վը, ո­րուն շրջագ­ծով նա­խա­տե­սուած է նաեւ մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւն մը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Ե­րե­ւա­նի մօտ Եւ­րո­միու­թեան պա­տուի­րա­կու­թեան նո­րան­շա­նակ ղե­կա­վար դես­պան Փիո­թըր Սվի­թալս­քին, որ յանձ­նեց իր հա­ւա­տար­մագ­րե­րուն պատ­ճէ­նը

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2015

Կիւմ­րիի մէջ տա­րե­մու­տին Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քին եօթ ան­դամ­նե­րը սպան­նած ռուս զի­նուո­րա­կան Վա­լե­րի Փեր­մեա­քո­վի դա­տա­հո­գե­բա­նա­կան եւ դա­տա­հո­գե­բու­ժա­կան հա­մա­լիր փոր­ձաքն­նու­թիւ­նը ե­րէկ սկսաւ՝ քա­ղա­քին մէջ խարս­խուած Ռու­սաս­տա­նի ռազ­մա­կա­յա­նէն ներս։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2015

Հան­րա­պե­տու­թեան նախա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան այս օ­րե­րուն ի­րե­րա­յա­ջորդ շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ եւ­րո­պա­կան յա­ռա­ջա­տար եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն հետ։ Այս­պէս, ան ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի հետ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2015

​Անգարա եւ Մոսկուա կը ջանան Մերձաւոր Արեւելքի վերաբերեալ գտնել հասարակաց կէտեր:
Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու եւ Սէրկէյ Լաւրով երէկ տեսակցեցան Սեւ ծովու առափնեայ քաղաքին մէջ:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2015

Մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ բո­ղո­քի մեծ ցոյց մը։ «Ո՛չ ա­հա­բեկ­չու­թեան, ա­յո՛ եղ­բայ­րու­թեան» կար­գա­խօ­սով կազ­մա­կեր­պուած ցոյ­ցին շրջագ­ծով տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր քա­ղա­քա­ցի­ներ Սը­հիէի հրա­պա­րա­կէն երթ մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին դէ­պի Ու­լուս՝ Թուր­քիոյ ա­ռա­ջին խորհր­դա­րա­նի շէն­քը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2015

​Արցախի ղեկավարութիւնը արձագանգեց ռուս խաղաղապահներու տեղակայման հարցին՝ Stratfor-ի վերջին պնդումներուն լոյսին տակ։
Մարիա Զախարովա. «Մոսկուա ամէն ինչ կ՚ընէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերջնական լուծումը մօտեցնելու համար»։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2015

Ռուս Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ Մոս­կուա­յի հո­գե­ւոր ա­կա­դե­միոյ տե­սու­չին՝ Վե­րէյս­քիի Եւ­կե­նի Ար­քե­պիս­կո­պո­սին կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։ Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նին կող­մէ կը հիւ­րըն­կա­լուին ռուս հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը՝ Մայ­րա­վան­քի հա­մա­լի­րէն ներս։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2015

Կիւմ­րիի մէջ, ան­ցեալ Յու­նուա­րի 12-ին Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քի եօթ ան­դա­մը սպան­նած ռուս զի­նուո­րա­կան Վա­լե­րի Փեր­մեա­քո­վի դա­տա­հո­գե­բա­նա­կան եւ դա­տա­հո­գե­բու­ժա­կան հա­մա­լիր փոր­ձա­գի­տու­թիւ­նը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ այ­սօր։ Կիւմ­րիի մէջ տե­ղա­կա­յուած Ռու­սաս­տա­նի զի­նուո­րա­կան ռազ­մա­խա­րիս­խէն ներս տե­ղի կ՚ու­նե­նայ փոր­ձաքն­նու­թիւ­նը, ո­րուն ներ­կայ կը գտնուին Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու փաս­տա­բան­նե­րը։ 

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2015

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի հետ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Էր­տո­ղան եւ Մեր­քէլ զրու­ցե­ցին սու­րիա­ցի գաղ­թա­կան­նե­րու կա­ցու­թեան շուրջ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2015

Արտաքին գործոց նախարարը Պաքուի պաշտօնական շփումներուն աւարտին ուղեւորուեցաւ դէպի Սոչի:
Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու վերահաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ Անգարայի մօտեցումները:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2015

Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի խումբ մը սա­ներ նա­խըն­թաց օր այ­ցե­լե­ցին Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ ե­կե­ղե­ցին։ Վար­ժա­րա­նի 9-րդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րէն բաղ­կա­ցեալ խում­բը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Կո­րիւն Քհնյ. Ֆէ­նէր­ճեա­նի կող­մէ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

TEOG-ի քննութիւններուն այս տարի առաջին անգամ պիտի ընդգրկուին նաեւ հայոց կրօնին վերաբերեալ հարցումներ:
Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ խումբ մը կրթական մշակներ երէկ Անգարա այցելեցին՝ քննարկելու համար հարցումներու պատրաստութեան վերաբերեալ նիւթեր: Ազգային կրթութեան նախարարութեան չափման եւ արժեւորման բաժանմունքին հետ կը ծաւալուի դրական աշխատանք:

Էջեր