Արխիւ
Անգլիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան միջազգային անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով տնօրէն Նիք Կըրնի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Օրուան ընթացքին Նիք Կըրն ընդունուեցաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն ի վեր Յորդանանի սահմանին մերձ եղող Տարհա քաղաքը (պատմականօրէն Սուրիոյ Հորան գաւառը) դարձաւ ընդդիմադիր բոլոր ճակատներուն բոյներէն մէկը: Տարհայի մէջ է, որ Սուրիոյ վարչակարգին դէմ եղած ամենէն բուռն բողոքի ցոյցերը սկիզբ առին:
25-րդ գումարման Ազգային մեծ ժողովը կը գլխաւորէ ԱՔ կուսակցութեան առաջադրած թեկնածուն:
Խորհրդարանի նոր նախագահի ընտրութեան արդիւնքը ազդանշան մը կը համարուի համախոհական իշխանութեան ձեւաւորման ճանապարհին: Ընդդիմութիւնը բուռն հակազդեցութիւն ցոյց կու տայ ՄՀՓ-ի որդեգրած դիրքորոշման դէմ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բացած դատի զարգացումներուն շուրջ բացատրութիւններ:
Փրոֆ. Ճէմ Սոֆուօղլուի խօսքերով, հարցը ներկայացուած է զուտ մարդու իրաւանց դիտանկիւնէն:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան երէկ Անթիլիասի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։ Տեսակցութեան ներկայ էր նաեւ Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան։
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին շրջագծով, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը պատրաստուին յառաջիկայ շրջանին հերթական անգամ այցելել հակամարտութեան տարածքաշրջան։
Հայաստանի ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանէն միշտ շինիչ խօսքեր:
«Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութիւնը չէ ձեւաւորած իր նոր համակարգող խումբը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցնող օրերուն Հալէպի վրայ ինկած են երեք հարիւր հրթիռներ եւ հրթիռարձակումները եղած են աննախընթաց: Երեք օրերու վրայ տեղի ունեցած ռմբակոծումներուն հետեւանքով զոհերուն թիւը հասած է քառասունի, մինչ վիրաւորներուն թիւը հատած է երկու հարիւրը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թանգարանէն ներս հետաքրքրական ձեռնարկ:
Պատմաբան Տքթ. Թանէր Աքչամի կողմէ բացատրութիւններ տրուեցան Սիսի կաթողիկոսարանի դատին շուրջ:
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը այս շաբաթավերջին կը բացուի պաշտօնապէս:
Հոգատար մարմինը թարմ եռանդով գործի լծուած է համայնքի երախաներու արձակուրդին համար:
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
«Իմ հայրս՝ Երուանդ Յակոբեանը, քառասուն որբերէն մէկն էր…»: Սիմոն Յակոբեանը ծնած է Եթովպիա: Հայրը՝ Երուանդ, մէկն էր Եղեռնէն ճողոպրած այն քառասուն որբերէն, զորս թագաւոր Հայլէ Սելասիէ 1924-ին Երուսաղէմէն բերաւ Եթովպիա:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Պատրիարքարանը լոյս ընծայած է «Քնար Արեւագալի» գիրքը, որ կը բովանդակէ երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի անտիպ բանաստեղծութիւնները։ Այսպէս, Պատրիարքական Աթոռոյ «Արմաշ» մատենաշարէն որպէս 11-րդ հատոր լոյս տեսաւ արմաշական հայրերէն երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի՝ մեծանուն Տրապիզոնցիի «Քնար Արեւագալի» խորագրեալ անտիպ բանաստեղծութիւններու հաւաքածոն։
«Լոյս ի լուսոյ» համերգաշարին Իսթանպուլի հանգրուանը:
Այա Իրինիի մէջ տեղի ունեցաւ Տիգրան Համասեանի համերգը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ, ընդհանրապէս ամէն յարգ ու պատիւ իրենց յարմար կը նկատեն եւ միշտ աւելի մե՛ծ ըլլալու ձգտում մը ունին։
Անթիլիասի մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընդունեց Պէյրութի մօտ Զուիցերիոյ դեսպան Ֆրանսուա Պարրասը։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մասնակցեցաւ Մարսէյլի մէջ տեղի ունեցող «Հայաստանի տարի» ծրագրի ձեռնարկներուն։
Հայաստանի անուանի համոյթներն ու մենակատարները իւրայատուկ ելոյթներով, ջերմ բարեմաղթանքներով, շնորհաւորանքներով ու հիացմունքի խօսքերով նշեցին Օֆելիա Համբարձումեանի 90-ամեայ յոբելեանը։
Յունիս 28-Յուլիս 5 թուականներու միջեւ, Արցախի մէջ 4-րդ անգամ կը կազմակերպուի դասական երաժշտութեան «Տնջրէ» միջազգային փառատօնը, որուն կը մասնակցին պատանի կատարողներ աշխարհի տասնմէկ երկիրներէ՝ Իտալիայէն, Սլովենիայէն, Պոսնայէն, Ֆինլանտայէն, Շուէտէն, Լեհաստանէն, Լիթվիայէն, Սինկափուրէն, Հոլանտայէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ Արցախէն:
Հայաստանի Մշակոյթի փոխ-նախարար Արեւ Սամուէլեան տեղեկացուց, թէ 2004 թուականէն մինչեւ այսօր Հայաստանի տարածքին վերականգնուած է շուրջ վաթսունութ պատմական յուշարձան։ Այդ նպատակով պետական պիւտճէէն ծախսուած է շուրջ 4 միլիառ դրամ։
Երեւանի Բաղրամեան պողոտայի եւ Ազատութեան հրապարակի ցոյցերը կը շարունակեն բնորոշել Հայաստանի քաղաքական օրակարգը - «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան բողոքի ալիքը թեւակոխեց իններորդ օրը:
Վլատիմիր Գասպարեան. «Երիտասարդութիւնը մեր ապագան է եւ ոստիկանութիւնը չի պատրաստուիր կոտորել երիտասարդները»: