Արխիւ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2015

Աֆղանիստանի խաղաղարար առաքելութեան մասնակից երկիրներու արտաքին նախարարներուն ժողովը:
Ըստ Եդուարդ Նալպանտեանի, Հայաստան յաջորդ տարի եւս պիտի շարունակէ «Վճռական աջակացութիւն»ը:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2015

Ազ­գա­յին կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ու­շագ­րաւ փո­փո­խու­թիւն մը կա­տա­րած է՝ նա­խակր­թա­րա­նի չոր­րորդ դա­սա­րա­նին պար­տա­դիր դա­սա­ւան­դուող «Մար­դու ի­րա­ւունք­ներ, քա­ղա­քա­ցիու­թիւն եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն» ա­ռար­կա­յի դա­սագր­քին մէջ։ Տե­ղա­կան մա­մու­լին մօտ եւս ար­ձա­գանգ գտած է այս փո­փո­խու­թիւ­նը, ո­րու հի­ման վրայ մար­դու ի­րա­ւուք­ներն ու ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը մա­նուկ­նե­րուն պի­տի բա­ցատ­րուի թրքա­կան, քրդա­կան, հայ­կա­կան եւ այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հէ­քեաթ­նե­րուն մի­ջո­ցաւ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2015

​Էրտողան-Օպամա հանդիպումը Անգարայի դիրքը ամրապնդեց Մոսկուայի հետ լարուածութեան շրջագծով:
Ֆրանսա եւ Գերմանիա եւս Թուրքիոյ հաւանութիւնը կ՚ակնկալեն Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը օգտագործելու համար:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2015

Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան 64-րդ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ե­րէկ վստա­հու­թեան քուէ ստա­ցաւ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վին կող­մէ։ Վեր­ջին օ­րե­րուն կա­ռա­վա­րու­թեան ծրագ­րին շուրջ ծա­ւա­լուած քննար­կում­նե­րէն վերջ, ե­րէկ խորհր­դա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ վստա­հու­թեան քուէար­կու­թիւն։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2015

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ե­րէկ Պրիւք­սէ­լի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ՆԱ­ԹՕ-ի Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Եէնս Սթոլ­թեն­պեր­կի հետ։ Կը հա­ղորդուի, որ շուրջ 50 վայր­կեան տե­ւեց այս տե­սակ­ցու­թիւ­նը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ ՆԱ­ԹՕ-ի կեդ­րո­նա­կա­յա­նին մէջ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2015

Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Սե­լի­նա Տո­ղան (ՃՀՓ) ընտ­րուե­ցաւ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի Եւ­րո­միու­թեան հետ ներ­դաշ­նա­կեց­ման յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ։ Ե­րէկ, խորհր­դա­րա­նի այդ յանձ­նա­ժո­ղո­վը գու­մա­րեց իր ա­ռա­ջին նիս­տը, ո­րու ըն­թաց­քին Շան­լըուր­ֆա­յի ե­րես­փո­խան Մեհ­մէտ Քա­սըմ Կիւլ­փը­նար (ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւն) ընտ­րուե­ցաւ յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2015

ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութիւններուն վերաբերեալ խորհրդաժողովը Փարիզի մէջ համախմբեց աշխարհի հարիւրյիսուն երկիրներու ղեկավարները:
«COP 21»ի շրջագծով որոնումները ուղղուած են երկրագունդի ապագային, քաղաքական յանձնառութիւններով հանդերձ:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2015

«Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջին վրայ կը կար­դանք.-
Այս տա­րուան ըն­թաց­քին եր­կու ան­գամ Ֆրան­սա­յի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Փա­րի­զը հա­րուա­ծած ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը Եւ­րո­պա­յի սիր­տը դար­ձուց ա­ւե­լի մերկ ու թա­փան­ցիկ՝ վտան­գին դի­մաց: Ու գաղտ­նիք ալ չէ, որ այ­սօր Եւ­րո­պա «ներ­խու­ժած» ան­պատս­պար­նե­րու շար­քե­րուն մէջ կան մեծ թի­ւով ծրա­գիր-ա­հա­բե­կիչ­ներ:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2015

Մար­սէյ­լի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ ձեռ­նարկ մը, որ ձօ­նուած էր Փա­րի­զի նախ­կին «Յա­ռաջ» օ­րա­թեր­թի եր­կա­րա­մեայ խմբագ­րա­պե­տու­հի հան­գու­ցեալ Ար­փիկ Մի­սա­քեա­նի յի­շա­տա­կին։ Այս ձեռ­նար­կին ըն­թաց­քին ար­ժե­ւո­րուե­ցան թէ՛ Ար­փիկ Մի­սա­քեա­նի վաս­տա­կը եւ թէ «Յա­ռաջ» օ­րա­թեր­թի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ, 1925 թուա­կա­նին հիմ­նուած եւ 2009 թուա­կա­նին փա­կուած «Յա­ռաջ»ը Ե­ղեռ­նէն վերջ Եւ­րո­պա­յի մէջ հրա­տա­րա­կուած ա­ռա­ջին հա­յե­րէն օ­րա­թեր­թը հան­դի­սա­ցած էր։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերով բարի կամեցողութեան դեսպան Վարդան Մելքոնեան վերջերս ջերմօրէն հիւրընկալուեցաւ Պէյրութի մէջ:
Յայտնի երաժիշտը հանդէս եկաւ «Քազինօ տը Լիպանէ»ի երդիքին տակ եւ պարգեւատրուեցաւ Մեծ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մար­դոց դի­մա­ւո­րուած կա­րե­ւոր հար­ցե­րէն մին է՝ օգ­տա­կա­րը եւ ա­նօ­գու­տը, ար­ժէ­քը եւ ա­նար­ժէ­քը չկա­րե­նալ զա­նա­զա­նել։ Ու­րիշ խօս­քով՝ մար­դիկ ի­րենց հա­մար կա­րե­ւոր եւ անհ­րա­ժեշտ ե­ղա­ծը եւ ո­րե­ւէ ար­ժէք չներ­կա­յաց­նո­ղը, վնա­սա­կա­րը չեն կրնար զա­նա­զա­նել, չեն անդ­րա­դառ­նար, թէ ո՛­րը օգ­տա­կար է եւ ո՛­րը վնա­սա­կար, եւ այդ իսկ պատ­ճա­ռով կը տու­ժեն շատ ան­գամ եւ կը վնա­սուին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2015

«Նո­թոս» գրա­կան հան­դէ­սը Դեկ­տեմ­բեր 2015-Յու­նուար 2016 թուա­կիր, 55-րդ թի­ւը նուի­րած է հայ գրա­կա­նու­թեան։ Այս երկ­րին մէջ ապ­րուած մեծ ցա­ւե­րէն ա­ռաջ եւ յե­տոյ տե­ղի ու­նե­ցած փո­փո­խու­թիւն­նե­րը եւ հնա­գոյն լեզուի մը գրա­կա­նու­թեան ներ­կան, հա­մաշ­խար­հա­յին գրա­կա­նու­թեան մէջ ու­նե­ցած տե­ղը կը ջա­նայ ցոյց տալ «Նո­թոս»ի այս թի­ւը՝ դառ­նա­լով հիմ­նա­ւոր ու­ղե­ցոյց մը բո­լոր հե­տաքրքիր­նե­րուն հա­մար։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2015

​Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ խանդավառ երեկոյթ մը:
Մեր համայնքի համակրելի մեներգիչը՝ Պարթեւ Կարեան դարձեալ վերացուց ունկնդիրները, որոնք ցնծացին իր կատարումներով:
Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2015

Ու­ժի մէջ մտած է Հա­յաս­տա­նի եւ Պրա­զի­լիոյ մի­ջեւ մուտ­քի ար­տօ­նագ­րա­յին կար­գը հա­նե­լու մա­սին հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը: Այս մա­սին կը յայտ­նէ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ֆէյս­պու­քեան պաշ­տօ­նա­կան կայքէ­ջը:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2015

Հանրապետութեան նախագահը այս առաւօտ տեսակցեցաւ ԱՄՆ-ի ղեկավարին հետ:
Էրտողան թէեւ երէկ չկրցաւ տեսակցիլ Փութինի հետ, սակայն Անգարա հետզհետէ կ՚ապահովէ միջազգային աջակցութիւնը՝ Մոսկուայի հետ առկայ ճգնաժամին շրջագծով:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Պրիւք­սէլ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Նալ­պան­տեան կը մաս­նակ­ցի Աֆ­ղա­նիս­տա­նի «Վճռա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն» խա­ղա­ղա­պահ գոր­ծո­ղու­թեան մաս­նա­կից եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ժո­ղո­վին։ 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2015

Ոչ եւս է հայ գրականութեան երախտաշատ սպասաւորներէն մին՝ բանաստեղծ Չարեհ Խրախունի:
Ստեղծագործական վիթխարի ժառանգ մը թողած գրողը յաւերժութեան ճանապարհը կը բռնէ՝ բոլորի բիւր յարգանքով:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2015

Շա­բա­թա­վեր­ջին Լե­ւեն­տի «WYNDHAM GRAND» պան­դո­կին մէջ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նար­կով մը նշուե­ցաւ «Լոյս» երկ­շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նադ­րու­թեան երկ­րորդ տա­րե­դար­ձը։ Պա­րա­հան­դէ­սի ձե­ւա­չա­փով կազ­մա­կեր­պուած էր այս տա­րե­դար­ձի հա­ւա­քոյ­թը, ո­րու ա­ռա­ջին փու­լին սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­­րուն յա­ջոր­դեց ճաշ­կե­րոյթ մը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2015

Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ դպրաց դասու հիմնադրութեան 312-րդ եւ Սահակեան երգչախումբի կազմաւորման 77-րդ կրկնակ տարեդարձները փայլուն անցան:
Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ Օհանեան հանդիսապետեց կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն, որոնք վերածուեցան իսկական տօնախմբութեան:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի (ՀԱՀ) վե­րա­տե­սուչ Ար­մէն Տէր-Կիւ­րե­ղեան եւ փոխ-վե­րա­տե­սուչ Ա­շոտ Ղա­զա­րեան ե­րէկ ա­ռա­ւօտ Ե­րե­ւան վե­րա­դար­ձան՝ ա­ւար­տե­լով Իս­թան­պու­լի ի­րենց շփում­նե­րը, ո­րոնք շա­բա­թա­վեր­ջին ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նա­ցան հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս։

Էջեր